Թէ ինչո՞ւ մանուկը զայրոյթի պոռթկումներ կ՚ունենայ՝ աւելի դիւրին է տեսնել քան սահմանել: Անիկա կրնայ արտայայտուիլ լացով, ճիչով: Մանուկը կրնայ աղաղակել, ոտքերով դոփել, ինքն իր գլուխը հարուածել, ինքզինք գետին նետել, լալու ատեն` շունչը պահել, զինք շրջապատողներուն նկատմամբ ցուցաբերել յարձակողական վերաբերմունք, կոտրել առարկաները եւ այլն: Հաւանական է նաեւ վարմունքի այլ դրսեւորումներ, ինչպէս՝ երեխան անընդհատ կը դժգոհի եւ վիրաւորուած կը զգայ:
Փոքր եւ նախադպրոցական տարիքի մանուկները յաճախ զայրոյթի բռնկումներ կ՚ունենան, երբեմն նոյնիսկ առանց ակնյայտ պատճառի: Որքան փոքր ըլլայ երեխան, այն-քան աւելի յաճախ անոր զայրոյթը կ՚արտայայտուի բռնկումներով, երբ իր փափաքները չեն իրականանար: Երբեմն բռնկումները կ՚ըլլան անսպասելի եւ սաստիկ ուժգնութեամբ:
Տանք օրինակ մը. դուք երեխային հետ կը գտնուիք սրճարանը կամ ուրիշին տունը: Երեխան յանկարծ կը սկսի դժգոհիլ եւ կրկնել, որ տուն կ՚ուզէ երթալ: Նման օրինակներու յաճախ կը հանդիպինք 1.5-3 տարեկան երեխաներու հետ: Մի΄ նեղանաք մտածելով, որ դուք «բռնակալ» մը կը մեծցնէք: Սովորաբար այս տարիքի երեխաներուն մօտ զայրոյթի պոռթկումները չեն դիտուիր իբրեւ տարեցը հմտօրէն խաբելու եղանակ: Աւելի հաւանական է, որ նման միջոցով երեխան կ՚արտայայտէ իր դժգոհութիւնը:
Որոշ մասնագէտներ այս հարցը կը վերագրեն լեզուական հմտութիւններու թերի զարգացումին, երբ երեխան աւելի շատ բառեր կը սկսի հասկանալ, բայց զանոնք վերարտադրելու կարողութիւնը դեռ շատ սահմանափակ է: Իբրեւ հետեւանք` երեխան կը վշտանայ, երբ չի կրնար իր զգացումները արտայայտել:
Ի՞նչ ընել.
Անշուշտ տհաճ տեսարան է, երբ երեխան կը ճչայ կամ ոտքերը գետին կը զարնէ, առարկաներ կը նետէ եւայլն: Սակայն պէտք չէ կորսնցնել ձեր պաղարիւնութիւնը: Շատ հաւանաբար զայրոյթի բռնկումներուն ժամանակ երեխան պիտի չլսէ ձեր խօսքերը, հետեւաբար` անոր պատասխանը ձեր գորգոռոցներուն եւ սպառնալիքներուն պիտի ըլլայ ժխտական: Պարզապէս կրնաք նստիլ երեխային կողքին եւ սպասել՝ մինչեւ զայրոյթը անցնի: Ճիշդ պիտի չըլլայ այդ պահուն դուրս փախչիլ սենեակէն. երեխան ինքզինք լքուած կը զգայ: Երեխան այդ վիճակին մէջ առանձին ձգելու փոխարէն մօտեցէք անոր եւ եթէ յարմար է` գրկեցէք զինք: Ձեր ջերմ մօտեցումը կրնայ զինք աւելի շուտ հանգստացնել: Երեխան կը գնահատէ, որ դուք այդ պահուն իր կողքին էք:
Անկախ անկէ, թէ որքան կը տեւէ այդ պոռթ-կումը, երեխային պէտք չէ ներկայացնել ոչ խելամիտ պահանջներ: Ճչացող երեխային հետ բարձր եւ սուր ձայնով բանակցութիւնները անօգուտ են: Եթէ կը գտնուիք հրապարակային վայրի մէջ, մի՛ փորձէք երեխային զիջիլ` միջադէպը շուտ դադարեցնելու նպատակով: Մի մտածէք, թէ ուրիշները ինչ կ՚ասեն, որովհետեւ բոլորն էլ այս ճամբէն անցած են: Զիջելով դուք միայն կը սորվեցնէք երեխային, որ նման վարքով ան կրնայ հասնիլ իր ուզա-ծին եւ այդ ձեւով կը նպաստէք հարցին յետագայ խորացումին: Եթէ իր զայրոյթին մէջ երեխան սկսի զարնել մարդոց կամ ընտանի կենդանիներուն, կը շպրտէ առարկաներ կամ անդադար կը ճչայ, տարէք զինք որեւէ հանգիստ վայր մը, օրինակ` իր ննջասենեակը, ուր ան չի կարենայ ինքնիրեն կամ ուրիշներուն վնաս պատճառել: Բացատրեցէք երեխային, որ ինչու՞ ան հոն է («որովհետեւ դուն քրոջդէ զարկիր») եւ հասկցուցէք, որ իր հետ կը մնաք մինչեւ հանդարտի եւ սկսի լաւ վարք ցուցաբերել: Եթէ հրապարակային վայրի մէջ կը գտնուիք, ուր ամէնէն աւելի տեղի կ՚ունենան զայրոյթի պոռթկումները, պատրաստ եղէք լքելու այդ վայրը երեխային հետ միասին եւ մի վերադառնաք մինչեւ որ ան չհանգստա-նայ:
Խօսեցէք այդ մասին աւելի ուշ երբ փոթորիկը կը հանդարտի, գրկեցէք զինք եւ խօսեցէք պատահածին մասին: Ընդունեցէք անոր վշտացած ըլլալու փաստը եւ օգնեցէք որ արտայայտէ իր զգացումները բառերով` ըսելով մօտաւորապէս հետեւեալը. «դուն շատ վշտացած էիր, որովհետեւ քու պատուիրած ճաշդ չէր պատրաստուած այնպէս, ինչպէս դուն կը սիրես»: Առիթ տուէք երեխային համոզուելու, որ իր զգացումները բառերով արտայայտելու պարագային, ան կրնայ աւելի լաւ արդիւնքներու հասնիլ: Ըսէք իրեն ժպտալով. «կը ներե՛ս, ես քեզի չհասկցայ: Հիմա, երբ դուն չես բղաւեր, ես կրնամ քեզի հասկնալ»:
Աշխատեցէք կարելի եղածին չափ աւելի քիչ պոռթկումներ պատճառող իրավիճակներ ստեղծել: Ուշադրութիւն դարձուցէք, թէ ո՞ր իրավիճակը դրդապատճառ կը հանդիսանայ եւ, համապատասխանաբար, կանխեցէք նման իրավիճակները: Եթէ երեխան «կը թոյլնայ», երբ անօթեցած է, ապա միշտ ձեր հետ որեւէ ուտելիք (օրինակ` թխուածքաբլիթ «պիսքուի») ունեցէք:
Եթէ պոռթկումներուն պատճառը մէկ գործողութենէն անմիջապէս միւսին անցնելու դժուարութիւնն է, ապա զգուշօրէն նախապատրաստէք երեխան: Օրինակ` տեղեկացուցէք իրեն, որ շուտով պիտի հեռանայ խաղավայրէն կամ ըսէք որ դուք կը պատրաստուիք սեղան նստելու եւ այդ ձեւով առիթ տուէք երեխային յարմարելու փոփոխութիւններուն: Կանուխ մանկութեան շրջանը այն ժամանակն է, երբ փոքրիկը անկախանալու փորձեր կը կատարէ: Անոր հաճելի չի թուիր, երբ շուրջիներդ անդադար կը յուշեն, թէ ինչ պէտք է ընել: Հրահանգներ տալու փոխարէն հարցուցէք երեխային. «դուն ի՞նչ կ՚ուզես, եգիպտացորե՞ն, թէ՞ գետնախնձոր»: Այդ ձեւով դուք առիթ տուած կ՚ըլլաք ձեր երեխային որոշ չափով ինքզինք անկախ զգալու:
Հետեւեցէք, թէ ինչ յաճախականութեամբ դուք կ՚ըսէք «ոչ»: Երբ նշմարէք, որ չափազանց յաճախ, ապա կարելի է ենթադրել, որ աւելորդ ճնշում կը բանեցնէք ձեր երեխային վրայ: Փորձեցէք վերատեսութեան ենթարկել իրավիճակը եւ մտածեցէք, որ արդեօք կ՚արժէ՞ այդ պատճառով ընդհարում ունենալ երեխային հետ:
Կանխարգիլեցէք «սթրեսը» եւ խուսափեցէք «սթրես» յառաջացնող իրավիճակներէ.
Հակառակ անոր որ զայրոյթի պոռթկումները կրնան բնական երեւոյթ նկատուիլ փոքր տարիքի երեխաներու պարագային, դուք պէտք է տեղեակ ըլլաք յետագային երեխային մօտ հաւանական հարցերու յառաջացման մասին: Ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները, ժամանակակից կեանքի արագ կշռոյթը եւ մարդոց գերզբաղածութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունին զայրոյթի, պոռթկումնե-րու հրահրման եւ շարունակման համար: Եթէ երեխան աւելի յաճախ ընդհարում կ՚ունենայ ծնողներէն մէկու հետ (սովորաբար` մօր հետ), ապա հաւանական է, որ այդ ծնողքը աւելի հակադրուող բնաւորութիւն կ՚արտայայտէ: Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ ծնողքը ակամայ կը հեղինակազրկէ երեխան:
Զայրոյթի պոռթկումները տագանապալի կը նկատուին հետեւեալ պարագաներուն.
Ծնողները խիստ անհանգստացած կամ մտահոգուած են երեխային զայրոյթի բռնկումներով եւ այդ դրսեւորումները չափազանց խնդրահարոյց են:
– Ծնողքը չ՚ուզեր երեխային մասին որեւէ դրական բան ըսել:
– Երեխան 4 տարեկանէն աւելի մեծ է կամ 1 տարեկանէն փոքր:
– Երեխան զայրոյթի բռնկումներ կ՚ունենայ միջին հաշուով օրական 3 եւ աւելի անգամներ կամ անոնց միջին տեւողութիւնը 15 վայրկեանէն աւելի է:
– Երեխան պարբերաբար զայրոյթի բռնկումներ կ՚ունենայ դպրոցին մէջ:
– Զայրոյթի պոռթկումներուն կ՚ընկերանան թանկարժէք առարկաներու փճացում, շրջապատի մարդոց վրայ յարձակումներ կամ ինքնավնասում:
– Երեխան ունի զուգահեռ ընթացող վարքագծային այլ հարցեր, օրինակ` քունի, սորվելու կամ տարեկիցներուն հետ շփուելու դժուարութիւններ:
Վերոյիշեալ դէպքերուն պարագային խորհրդակցեցէք ձեր մանկաբոյժին հետ, որպէսզի վստահ ըլլաք, որ երեխան ֆիզիքական եւ/կամ հոգեբանական լուրջ հարցեր չունի: Անհրաժեշտութեան պարագային, կը յանձնարարուի մասնագիտական խորհրդատուութիւն (հոգեբան):