Քաղցկեղը վտանգաւոր հիւանդութիւն մըն է, որ կ’առաջացնէ չարորակ բջիջներու անվերահսկելի բաժանումներ: Քաղցկեղը կրնայ ախտահարել մարմնին գրեթէ որեւէ մասը, իսկ ախտանշանները կ’արտայայտուին տարբեր ձեւերով: Անոնց կանուխ յայտնաբերումը շատ կարեւոր է, քանի որ ուռը, որպէս կանոն, յաջողութեամբ կը բուժուի առաջին փուլերուն:
Ըստ Սան Ֆրանսիսքոյի Քալիֆորնիա Համալսարանի (UCSF) տուեալներուն, կան քաղցկեղի չորս ախտանշաններ, որոնք կրնան կապուած ըլլալ առողջական այլ խնդրի մը: Բայց եթէ անոնք դառնան քրոնիք, այսինքն` տեւեն երկու շաբաթէն աւելի կամ դառնան մնայուն, պէտք է լուրջ վերաբերիլ անոնց հետ:
Խօսքը քրոնիք հազի, քրօնիք գլխացաւի, մնայուն ցաւի ու մնայուն յոգնածութեան մասին է:
Հազ
Հազը, որ կը տեւէ աւելի քան երկու շաբաթ, յատկապէս չոր հազը, կրնայ թոքերու քաղցկեղի նշան ըլլալ, կ’ըսեն բժիշկները:
Գլխացաւ
Գլխացաւը, որ կը տեւէ աւելի քան երկու շաբաթ եւ չի դարմանուիր սովորական դեղերով, կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ գըլխուղեղի ուռով:
Ցաւ
Մարմնի որեւէ մասին մէջ մնայուն ցաւը, որ չունի յստակ պատճառ եւ չ’արձագանգեր սովորական բուժման, կրնայ նշան ըլլալ նոր զարգացող ուռի կամ «metastases»-ի (քաղցկեղի առաջնային տեղամասէն հեռու՝ մարմինին այլ մասի մը մէջ երկրորդական չարորակ ուռերու զարգացում):
Յոգնածութիւն
Մնայուն յոգնածութիւնը, որ չ’անհետանար նոյնիսկ լիարժէք քնանալէ եւ հանգստանալէ յետոյ, կրնայ «leukemia»-ի, «lymphoma»-ի եւ ընդհանրապէս որեւէ տեսակի քաղցկեղի նշան ըլլալ: Քաղցկեղի պարագային, յոգնածութիւն կ’առաջանայ ուռը յառաջացնող նիւթերու գործողութեան պատճառով:
Այս բոլոր ախտանշանները` ե՛ւ միասին, ե՛ւ առանձին-առանձին, պայման չէ, որ առնչութիւն ունենան քաղցկեղի հետ, բայց կ’արժէ ստուգել:
Քաղցկեղի միւս հաւանական նշանները, որոնց պէտք է ուշադրութիւն դարձնել`
– Արիւնահոսութիւն
– Փորի փքուածութիւն
– Կրծքագեղձի փոփոխութիւններ
– Կլլելու դժուարութիւն
– Մնայուն կապտուկներ
– Յաճախակի վարակներ
– Փոփոխութիւններ բերանի խոռոչին մէջ
– Յետդաշտանադադարային արիւնահոսութիւն
– Որովայնի ցաւ կամ սրտխառնուք
– Կշիռքի անբացատրելի կորուստ
– Խալերու փոփոխութիւններ
– Ուժեղ քրտնարտադրութիւն, յատկապէս գիշերը: