ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Օրկանիզմին համար ամենակատարեալ ձեւը՝ սննդամթերքները բնական եւ թարմ օգտագործելն է։ Պէտք է նշել, որ օգտագործելով առատ բանջարեղէն, պտուղներ եւ անոնց հիւթերը՝ մենք կ’ապահովենք օրկանիզմին ոչ միայն սնուցումը եւ վերակառուցումը, այլեւ՝ մաքրումը: Երբ կ’օգտագործենք թարմ, հում, չեփած սնունդ, ապա անոր պարունակած բջիջանիւթը կը մաքրէ աղիքները։ Այդ նոյն սնունդը եփած կամ տապկուած կը դառնայ ոչ գործօն, անկենդան, կ’իւրացուի դժուարութեամբ, դանդաղօրէն։
Բուսական սնունդը չորացման կամ երկարատեւ պահպանման ժամանակ կը կորսնցնէ իր սննդային արժէքը՝ ջուրի շոգիանալուն հետեւանքով։
Եփուած սնունդի բացասական հետեւանքներէն է անոր մէջ գտնուող քալսիումի թերի իւրացումը օրկանիզմին կողմէ։
Նիւթափոխանակութեան ընթացքին յառաջացած թթուայնութիւնը չէզոքացնելու համար, պահանջուած քալսիումը չստանալով սնունդէն՝ օրկանիզմը զայն կը կորզէ ակռաներէն եւ ոսկորներէն։ Կարելիին չափ պէտք է խուսափիլ ճաշը կրկնակի տաքցնելէ, զայն աւելի անարժէք եւ կենսանիւթերէ զուրկ զանգուածի չվերածելու համար։
Առողջ ապրելու համար, հում սնունդէ ետք, եփած սնունդը միշտ գերադասել տապկուածէն, հակառակ որ տապկուածը աւելի ախորժաբեր է թէ՛ տեսքով եւ թէ համով։ Տապկելու ընթացքին տաքութիւնը կը բարձրանայ մինչեւ 180 աստիճան, փոփոխութեան ենթարկելով ձէթին կազմութիւնը։ Տապկոցի ժամանակ կը քայքայուին իւղերու եւ ձէթերու պարունակած կենսանիւթերը՝ հիմնականօրէն Vit. E-ն, հակաօքսիտանթները. կը յառաջանան թունաւոր նիւթեր, որոնք կը փոխանցուին տապկուելիք ուտելիքներուն, կորսնցնելով անոնց կենսական յատկութիւնները։
Տապկելու ժամանակ, կը գոյանան օքսիտացող շատ նիւթեր, որոնք կը գրգռեն մարսողական ուղիի եւ լեարդի լորձաթաղանթները։ Տապկելու ատեն նախընտրելի է քանի մը կտոր սոխի եւ սխտորի օղակներ աւելցնել ձէթին, ինչ որ կը նուազեցնէ տապկելէն յառաջացած վնասները, կամ վարուիլ չինացիներու պէս, ամանի մէջ ջուր լեցնել, հասցնել եռման աստիճանի, ապա աւելցնել բանջարեղէնները։ Ձէթ աւելցնել անոնց կակուղնալէն ետք եւ շարունակել տապկել։
Քաղցկեղի Հետազօտութիւններու Ամերիկեան Հիմնարկը (AICR) շատ կարեւորութիւն կու տայ սնունդի պատրաստման ձեւին, քանի որ անկէ կախեալ է, թէ ի՛նչպէս կը պահպանուի սնունդին պարունակած հակաքաղցկեղային նիւթերը: Օրինակ՝ պրոքոլին ամենալաւն է շոգիի վրայ հինգ վայրկեան եփել, պահպանելու համար անոր հակաքաղցկեղային էնզայմները:
Լոլիկին պարունակած հակաքաղցկեղային լիքոփենը, լաւապէս կ’իւրացուի մարմնին կողմէ, եթէ լոլիկը երկու վայրկեան եփուի եւ աւելցուի քիչ ձիթաիւղ:
Օրկանիզմի մաքրում
Կեանքի մէջ յաջողութեան հասնելու գլխաւոր գործօնը կը համարուի կամքի ուժը, իսկ օրկանիզմը երիտասարդացնելու առաջին պայմանը անոր աւելորդ թափօններէն մաքրումն է:
Մարդու մարմինը պէտք ունի ինչպէս հոգեկան, այնպէս ալ մարմնական մաքրութեան։ Արտաքին առողջապահական (hygienic) մաքրումը բաւարար չէ, կարեւոր է նաեւ օրկանիզմի ներքին մաքրումը։
Մարմինը կը պարունակէ ոչ միայն անհրաժեշտ, այլ շատ աւելորդ նիւթեր՝ թափօններ, որոնք պատճառ կը դառնան բարորակ եւ չարորակ ուռերու, քարերու յառաջացման։ Թափօններու հետեւանքով մարմնի տարբեր մասերուն մէջ կը կուտակուի լորձ, իսկ արեան անօթներու մէջ՝ քոլեսթերոլի թերթիկներ։ Մարդու օրկանիզմի մէջ, հաւասարակշռուած եւ մշտական ձեւով տեղի կ’ունենայ կազմաւորման, նիւթափոխանակման եւ քայքայման գործընթացք։ Հետաքրքրական է գիտնալ, որ կեանքի 70 տարուան ընթացքին մարմինը կը սպառէ մօտաւորապէս՝ 50-52 թոն ջուր, 2,5 թոն փրոթէին, 0,2-0,3 թոն աղ։
Երբ անձը այնպիսի զգացողութիւն ունի, որ կարծես «ուժ չկայ անգամ կատարելու ամէնօրեայ գործերը», կը նշանակէ թէ արտաթորման օրկանները՝ թոքերը, մորթը, երիկամունքը եւ աղիքները իրենց բնական դերը բաւարար կերպով չեն կատարեր, ուրեմն անհրաժեշտ է օրկանիզմը մաքրել կուտակուած թափօններէ։ Եթէ կ’ուզէք ըլլալ առողջ, ապա առաջին քայլը պէտք է ըլլայ օրկանիզմի մաքրումը։ Արտաքինէն մեր մաքուր պահած մարմինը երբեմն այնքան աղտոտուած կ’ըլլայ ներսէն, որ մենք անգամ չենք կրնար պատկերացնել զայն։
Օրկանիզմի մաքրումը եւ հաստ աղիքի դերը առողջութեան մէջ
Չմարսուած սնունդի եւ թափօններու հեռացումը օրկանիզմէն նոյնքան կարեւոր է, որքան ճիշդ սննդառութիւնը։
Օրկանիզմը կառուցուած է այնպէս, որ մինչեւ 22-25 տարեկան արագ կ’աճի, կենսուժ կը կուտակէ, 35-40 տարեկանին ինքնաբաւ է, 40-էն յետոյ կը սկսի օրկանիզմի ծերացման գործընթացը։
Ծերացման պատճառներէն մէկը հաստ աղիքն է։ Հաստ աղիքին մէջ կայ 100 միլիառ մանրէ, որոնք կը կազմեն անոր միքրոֆլորան՝ սինթեզելով որոշակի հանքային աղեր եւ կենսանիւթեր։ Հաստ աղիքի մակերեսը ծալքերու եւ թաւիկներու հետ միասին կը կազմէ 400 մեթր քառակուսի։ Թափօններու կուտակման հետեւանքով, աղիքի մակերեսը կը նուազի, պատճառ դառնալով ներծծման խանգարման։ Հաստ աղիքը այն կարեւոր օրկանն է, ուր տեղի կ’ունենայ անպէտք նիւթերու արտաթորման գործընթացը։ Տարիներու ընթացքին, աղիքներու նեխման, ոչ լիարժէք մաքրումի հետեւանքով յառաջացած թունաւորման որպէս արդիւնք՝ կ’ունենանք ծռմռուած, ծոյլ, բորբոքուած հաստ աղիք, ինչ որ պատճառ կը դառնայ բազմաթիւ եւ բազմատեսակ հիւանդութիւններու յառաջացման։
Եթէ մարդ ամբողջ կեանքը սնուած է եփուած եւ տապկուած ուտելիքով, անոր հաստ աղիքը առողջ չի կրնար ըլլալ։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ եփուած սնունդը տարիներու ընթացքին նստելով հաստ աղիքի պատերուն, կը խանգարէ սննդանիւթերու ներծծումը աղիքի պատէն։ Սխալ սննդառութեան պատճառով, աղիքի պատերը կը հաստնան, անոնց վրայ թափօններու կուտակման հետեւանքով, աղիքի լուսանցքը կը նեղնայ, ձգելով սնունդի անցնելուն համար միայն նեղ միջանցք մը։ Ժամանակի ընթացքին, չնայած անձը կը սնուի բնական, սակայն թափանցելիութեան դժուարացման հետեւանքով, օրկանիզմը բաւարար սնունդ չստանալով, կը մատնուի «սով»ի։
Ահա թէ առողջ ըլլալու համար ինչքան կարեւոր է ունենալ մաքուր, հաստ աղիք։ «Մաքրեցէք ձեր աղիքները եւ դուք կը տեսնէք, թէ ինչ է իսկական առողջութիւնը։ Որեւէ հիւանդութեան պարագային առանց մաքրելու աղիքները հնարաւոր չէ հասնիլ շուտափոյթ բուժական արդիւնքի».- կը գրէ մարմնի մաքրման փորձառու գիտակ Մալախով։ Յաճախ այս հանգամանքը նկատի չ’առնուիր եւ հիւանդութեան ընթացքը կ’երկարի, իսկ բուժումը՝ կը դժուարանայ։
Ո՞րն է հաստ աղիքի դերը
Հաստ աղիքը հաւաքելով օրկանիզմի մարսողութեան ընթացքին ներծծման աւարտէն ետք յառաջացած մնացորդները, ալիքաձեւ շարժումներով դուրս կը հանէ զանոնք մարմինէն։
Հաստ աղիքի անմաքուր ըլլալու առաջին նշաններէն է աղիքներու շարժունակութեան թուլացումը եւ պնդութիւնը։ Եթէ ներկայ է փորկապութիւն, ուրեմն հաստ աղիքը մշտական նեխման արգասիքներով լցուած է եւ թոյները անցնելով արեան մէջ՝ աննկատ եւ դանդաղ կը թունաւորեն օրկանիզմը։ Փորկապութեան ժամանակ, դեղերու երկարատեւ օգ-տագործումէն, օրկանիզմը կը կորսնցնէ ընկալումը անոնց նկատմամբ եւ այլեւս անոնք չեն ազդեր։ Ստորեւ ներկայացուած ժողովրդական բժշկութեան դեղատոմսերը կ’օգնեն մասնակի ազատուելու ինչպէս հաստ աղիքի, այնպէս ալ օրկանիզմի տարբեր մասերու պարունակած կուտակումներէն։ Նախընտրելի է, նախքան որեւէ մաքրման մեթոտի անցնիլը, 3 օր երեկոյեան կատարել մաքրող հոգնաներ: Մեծ տարբերութիւն կայ հոգնայի եւ աղիքներու խոր լուացումի մէջ։ Երբեմն սովորական հոգնան ի վիճակի չ’ըլլար տարիներու ընթացքին աղիքներու մէջ կուտակուածը մաքրելէ, հետեւաբար անհրաժեշտ են յատուկ սարքաւորումներու միջոցով կատարուող հաստ աղիքի լուացումներ։
Աղիքներու խորը լուացումը կ’իրականացուի մասնագէտի կողմէ եւ մեծ քանակի ջուրով։ Հաստ աղիքի մէջ թափօններու կուտակումէն խուսափելու համար՝ օրական ուտել թարմ բանջարեղէն եւ միրգեր։ Անոնց պարունակած բջիջանիւթը կ’օգնէ օրկանիզմի մաքրման գործընթացին, ինչպէս նաեւ կը պայքարի պնդութեան եւ անոր հետեւող բարդութիւններուն դէմ։
– Հաստ աղիքը մաքրելու համար, առաւօտեան, անօթի վիճակով խմել անգլիական աղ, 2 ճաշի դգալ մէկ գաւաթ ջուրի մէջ, ապա օրկանիզմը չջրազրկելու համար, կէս ժամ անց, կէսական ժամ ընդմիջումներով, խմել ստորեւ պատրաստուած հիւթը եւ ոչինչ ուտել։ Հիւթը պատրաստելու համար վերցնել 4 կրէյփֆրութի եւ 3 կիտրոնի հիւթեր, աւելցնել այնքան նարինջի հիւթ, որ ստացուի 2 լիթր, ապա աւելցնել 2 լիթր ջուր։ Կը ստանանք անհրաժեշտ 4 լիթր հիւթը, ամբողջ օրուան համար։
– Մարմինը թոյներէ մաքրելուն կ’օգնէ տապկուած նարինջը, որ ունի հակասնկային, հակամանրէնային, հակավիրուսային յատկութիւն, միեւնոյն ժամանակ կը զօրացնէ մարմինի պաշտպանողական համակարգը։ Կտրել նարինջը երկու մասի, դարձնել կտրուած մասը տապակի վրայ, դնել կրակին, սպասել մինչեւ նարինջի մակերեսը կասիա (տարչին) ցանուածի տեսք ստանայ։ Ամբողջ օրուան ընթացքին ուտել միայն տապկուած նարինջները:
– Օրկանիզմի մաքրումը բրինձով.- Մէկ գաւաթ բրինձը թրջել, ձգել ամբողջ գիշեր, ջուրը թափել, աւելցնել երկու գաւաթ ջուր, եռացնել մինչեւ ջուրը շոգիանայ, լուալ, բաժնել չորս մասի եւ ուտել, սակայն ուտելէ առաջ խմել կանաչ թէյ՝ քիչ մը խնձորի քացախով: Կրկնել յաջորդ օրը, միայն ուտելէ առաջ խմել մէկ գաւաթ տաք ջուր, կարելի է նաեւ խնձոր ուտել:
– Խնձորի եռօրեայ սննդականոն՝ մաքրելու համար աղիքները.- Կարելի է ուտել ըստ փափաքի, նոյնիսկ խաշած խնձոր։ Կարելի է խմել ջուր, ուտելէ կէս ժամ առաջ կամ վերջ: Չորրորդ օրը սկսիլ ուտել աղցաններ եւ թեթեւ սնունդ:
– Մարմինի աւելորդ թափօնները մաքրելու նպատակով հաճելի միջոց է հիւթեր խմելը։ Առաւօտեան, անօթի խմել մէկ գաւաթ ջուր մէկ կիտրոնի հիւթով եւ ոչինչ ուտել ամբողջ օրուան ընթացքին։ Ժամը անգամ մը խմել խնձորի, ստեպղինի կամ ճակնդեղի հիւթ։ Եթէ անձը թուլութիւն չի զգար, կրկնել նաեւ յաջորդ օրը եւ կը զգաք թեթեւութիւն, յօդացաւի եւ գլխացաւի բարելաւում։
– 2 լիթր ջուրին աւելցնել մէկ դգալ քերած կոճապղպեղ, մէկ միջակ մանրուած վարունգ, մէկ շերտուած կիտրոն, անանուխի քանի մը տերեւներ եւ ամբողջ օրուան ընթացքին խմել այդ ջուրը:
– Մէկ ճաշի դգալ արեւածաղիկի ձէթը պահել բերանի մէջ՝ հնարաւորին չափ երկար եւ շաքարի պէս ծծել, նախընտրաբար մինչեւ 20 վայրկեան։ Սկիզբը ձէթը կը պնդանայ, յետոյ կը ջրիկնայ, պէտք է թափել եւ ապա բերանը ողողել։ Արտազատուածը սպիտակ գոյն կ’ունենայ, եթէ դեղնաւուն է, կը նշանակէ օրկանիզմը պէտք ունի աւելի երկար՝ 20-25 օր կատարելու այս մաքրող գործողութիւնը։ Այն կարելի է կատարել առաւօտեան անօթի կամ ընթրիքէն 2 ժամ ետք։
– Մաքրելու համար միզաթթուի կուտակումները, որոնք հիմնական պատճառն են յօդացաւերու, քնանալէ առաջ եւ առաւօտեան անօթի խմել մէկ գաւաթ տաք ջուր, մէկ կիտրոնի հիւթով։