ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
Առանձին առած, ժահրերը մահացած նիւթեր են: Անոնք անպէտք DNA-ի կամ RNA-ի (ծինային նիւթեր) ծփացող բեկորներ են, որոնք առանձինն չեն կրնար սպաննել, բազմանալ կամ որեւէ այլ բան ընել, բացի աննպատակ շրջագայելէ, մինչեւ շրջապատի գործօններ ամբողջութեամբ կործանեն զանոնք, կամ պատահական մէկը վերցնէ զանոնք եւ հիւանդանայ:
Առանց պատճառի բազմանալու իր «գործը» ընելու համար ժահրը պէտք ունի հիւրընկալող օրկանիզմի մը. պաքթերիա մը, կենդանի մը, մարդ մը եւ այլն: Ան կը նմանի գիւտարարի մը, որ գաղափարներ մշակած է իր ծրագրին համար, բայց կարիք ունի ձեր տան գործիքներուն՝ իր գիւտը իրագործելու համար: Երբ թոյլ կու տաք անոր մտնելու ներս, ան տէր կը դառնայ ձեր տան, եւ անոր «գիւտը» ի վերջոյ կը խաթարէ ձեր տան անդորրն ու կարգը այն աստիճանի, որ անիկա կրնայ կործանիլ:
Վտանգաւոր են ժահրերը, որոնք կ’անդամալուծեն ձեր ախտամերժ համակարգը, ինչպէս անջատումը ձեր տան ահազանգին: Ոչ ոք գիտէ, որ անիկա ներսն է: Ոչ ոք պիտի դիմադրէ անոր, մինչ անիկա դանդաղօրէն կը սպաննէ ձեզ: Անիկա HIV (AIDS) ժահրն է օրինակի համար:
Սարսափելի է կատաղութեան ժահրը (Rabies), որ կենդանիի խայթոցին միջոցով կ’ախտահարէ ջիղերը եւ կը հասնի մինչեւ ուղեղ, իսկ անկէ` բերան: Ուղեղ հասնելով, անիկա կը ստիպէ վարակուած կենդանիին խածնելու ուրիշները եւ այդպիսով տարածուելու:
Լսա՞ծ էք զոմպիներու մասին: Էհ, անոնք կրնան իրական ըլլալ: Բարեբախտաբար, կատաղութեան ժահրին դէմ պատուաստ կայ: Եւ եթէ զոմպի վիճակը իսկապէս պատահի, անիկա կը տեւէ ժամեր եւ ոչ թէ տարիներ, ինչպէս է պարագան ֆիլմերու մէջ:
Մահացու են այն ժահրերը, որոնք կը բազմանան շատ արագ՝ ժամերու ընթացքին սպաննելով զիրենք հիւրընկալողը ամէնէն տգեղ ձեւերով։ Էպոլան եւ Marburg-ը երկու նման մահացու ժահրեր են, որոնց պարագային պատուաստ գոյութիւն չունի, եւ վարակուածներուն 90%-ը կը մահանայ: Տարածումը «դարմանելու» ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը վարակուած տարածքը մեկուսացնելն է եւ բնակիչներու մուտքի ու ելքի արգելքն է այդ վայրէն:
Վերջապէս, կան «սովորական» ժահրերը, որոնք միշտ մեր մէջն են ամբողջ աշխարհի տարածքին, ինչպէս է պարագան Influenza-ին եւ քորոնավիրուսին: Երկուքն ալ մեզի հետ են բժշկական արդի պատմութեան ընթացքին եւ սովորաբար պատճառ կը դառնան հարբուխի կամ կրիփի: Այսուհանդերձ, երբեմն անոնք փոփոխութեան կ’ենթարկուին, եւ անոնց փոփոխութիւնը իր կարգին բազմաթիւ փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ մեր վրայ անոնց յարձակման եղանակին մէջ (կը բազմապատկուին աւելի արագ), եւ որքան արագ տարածուին անոնք, այդպիսով կը յառաջացնեն համաշխարհային խանգարումներ եւ մահ: Սպանական կրիփը 20-րդ դարու սկիզբը սպաննեց միլիոնաւոր մարդիկ: Քորոնավիրուսի 2019-ի տարբերակը (COVID-19) նոյնը ըրաւ վերջին քանի մը տարիներուն: COVID-19-ի պարագային տարբերութիւնը այն է, որ անիկա տարբեր ախտանիշեր ցոյց կու տայ տարբեր մարդոց մօտ, երբեմն նոյնիսկ` ընդհանրապէս ՈՉ մէկ ախտանիշ:
Անիկա աւելի վտանգաւոր կը դառնայ իր երկար թխսումի շրջանին պատճառով, հետեւաբար, անոր տարածման ունակութիւնը, մինչդեռ քննութեան մէջ չ’երեւիր: COVID-19-ը, հաւանաբար, դեռ որոշ ժամանակ պիտի մնայ մեզի հետ, եւ անոր պատուաստները պէտք է տարեկան դրութեամբ պատշաճեցուին, ինչպէս կրիփի ժահրը, նոր փոփոխութիւնները ընդգրկելու համար:
Այսպիսով, եթէ մտածէք այդ մասին, մարդկութիւնը ոչնչացնելու համար ժահր մը նախ պէտք է տարածուի, ապա սպաննէ: Օրինակ` COVID-19-ը հիանալի տարածուող է: Օրերով կը մնայ ու կը տարածուի` առանց որ ոեւէ մէկը իմանայ: Միւս կողմէ, Էպոլան վատ տարածուող է, որովհետեւ անիկա նախ կը սպաննէ տեղական մակարդակի վրայ՝ նախքան աշխարհով մէկ տարածուիլը: Յատկանշական է նշել, որ ե՛ւ Էպոլան, ե՛ւ Marburg մահացու ժահրերը, եւ նոյնիսկ այժմեան COVID-19-ը բոլորն ալ յառաջ եկած են պտղակեր չղջիկներէ:
Ի՞նչ կը թելադրուի, եթէ օր մը երեւան գայ ժահր մը, որ կը տարածուի COVID-19-ին պէս, եւ երկար թխսումի եւ տարածման շրջանէ յետոյ կը սկսի սպաննել բարձր տոկոսներով: Ինչպէս տեսանք COVID-19-ի պարագային, համաշխարհային ճամբորդութիւնները կանգ առին: Անոնց ընկերացան տեղական մակարդակներու վրայ դիմակներու եւ անձնական առողջապահական միջոցառումներ եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանում: Մենք հիմա գիտենք, որ այս միջոցառումները կ’օգնեն: Թէ՛ համաշխարհային, թէ՛ տեղական միջոցառումները հնարաւորութիւն կու տան բժշկական շրջանակներու՝ քննութեամբ ժահրը յայտնաբերելու նոր մեթոտ մը եւ աւելի նոր արհեստագիտութեամբ փորձարկելու պատուաստանիւթեր, որոնք արդիւնք կու տան ամիսներու ընթացքին: «Ժահրային ճգնաժամէ» փրկուելու միջոցը այնքան մը տոկալն է մինչեւ խուճապը եւ առաջին ալիքը անցնին: Այս մէկը սովորաբար 6 ամիսէն մինչեւ մէկ տարի կը տեւէ: Դուք մինչ այդ կրնաք դուրս ելլել փողոց, բայց ՊԷՏՔ Է խուսափիլ ամբոխէն (հանրախանութ, հանրաշարժ, դպրոց, ձեռնարկներ) եւ միշտ պէտք է ապահով հեռաւորութիւն պահել ու մաքուր մնալ: Եթէ դուք ձեզ թեթեւօրէն հիւանդ կը զգաք, մի շտապէք լեփ-լեցուն կեդրոններ երթալու քննութեան համար, փոխարէնը դուք ձեզ բուժեցէք մնալով տան մէջ` մարմնին դիմադրողականութիւնը բարձրացնող սնունդով եւ վիթամիններով:
Կրիփի բոլոր ժահրերը ունին նոյն բուժումը, ուստի, եթէ ախտանիշները մեղմ են, հարցուցէք ձեր բժիշկին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է «ինքնաբժշկութիւն» կատարել, եթէ կարելի է: Ինչպէս բոլոր ժահրերը, դուք պէտք է աւելի լաւ զգաք քանի մը օրէն եւ շուտով կրնաք տեսնել ընտանիքը` առանց խուճապի եւ ծախսերու:
Յոյսով եմ, որ յաջորդ անգամ նուազ ապատեղեկատուութիւն տեղի կ’ունենայ եւ աւելի լաւ ձեւով կը կազմակերպուի ղեկավարութիւնը համաճարակին՝ աւելի պատասխանատու մարդոց կողմէ, որովհետեւ մարդիկ, որոնք վարակուած էին COVID-19-ով եւ ողջ մնացած այս անգամ, կրնան այնքան ալ բախտաւոր չըլլալ ապագային աւելի մահացու ժահր մը դիմագրաւելու պարագային: Քաջ գիտնալով, որ մարդկութիւնը չի փոխեր տարօրինակ կենդանիներ ուտելու կամ ծովերը աղտոտելու իր վատ սովորութիւնները, վստահ եմ, որ նոր համավարակ մը պիտի բռնկի ապագային: