Քաղցրահամ պտուղներու շարքին թուզը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ՝ սնուցիչ ու բուժիչ իր բացառիկ յատկութիւններով։
Առաւելաբար ճոխ է շաքարի իր պաշարը (30-40%)։ Այս մարզին մէջ խաղողը միայն կրնայ մրցիլ անոր հետ։ Իսկ շաքարը, ինչպէս յայտնի է, աղբիւր է մեր մարմնի անհրաժեշտ ջերմուժին, որ կ’ապահովէ մեր հիւսկէններուն եւ մկաններուն կեանքն ու աշխատանքը։
Բացի շաքարէն՝ թուզը հարուստ է «A», «B», եւ «C» վիթամիններով, հանքային աղերով (երկաթ, պրոմ, կիր, մանկէզ), նաեւ իւղով եւ բորակածին պարունակող տարրերով։
Առաւօտ կանուխ, անօթի փորով կերուած կէս քիլօ մեղրածոր թուզը հիանալի նախաճաշ եւ սնունդ է աշխատաւորին համար եւ նախախնամական դարման մը՝ պնդութենէ տառապողներուն (մտաւորական, պաշտօնեայ, նստակեաց կեանք վարողներ՝ ընդհանրապէս)։
Թուզը դիւրամարս է եւ մատչելի՝ ամենափափուկ ստամոքսներուն իսկ։ Պարունակած փոքրիկ հունտերը կ’աշխուժացնեն ստամոքսին եւ աղիքներուն աշխատանքները, իսկ հանքային աղերն ու փայտամասը (սելլիւլոզ) կը մաքրեն ու կը տանին իրենց հետ աղիքներու հուզաթաղանթներուն կուտակուած թոյները։
Չոր թուզը եւ չոր թուզով պատրաստուած անուշապուրները սննդական աւելի արժէք կը ներկայացնեն քան թարմ թուզը, իսկ թուզի բոլոր անուշեղէններն ու օշարակները սնուցիչ են եւ միշտ թեթեւ ու անվնաս լծողականի մը դերը կը խաղան՝ պնդութենէ տառապողներուն պարագային։
Եթէ առատ շաքարը եւ շաքարէն բխած ջերմուժը կը պայմանաւորեն թուզին սննդական գլխաւոր արժէքը՝ անոր օգտակարութեան ծիրը չի սահմանափակուիր սակայն ստամոքսին ու աղիքներուն մէջ։
Թուզին բուժիչ յատկութիւնները կը զգացուին նաեւ թոքերու, կոկորդի, բերնի հուզաթաղանթներուն վրայ, ինչպէս եւ այլ պարագաներու։
Ցնցղատապը կամ ծանր հարբուխը հնարաւոր է հանդարտեցնել եւ բուժել՝ լիթր մը ջուրի մէջ եռացած ափ մը չոր թուզի խաշուքը խմցնելով հիւանդին։
Նոյն այդ խաշած ջուրը խառնելով քիչ մը կաթի՝ կարելի է ցօղուել բերանը, լինտերու եւ կոկորդի հուզաթաղանթներու բորբոքումները ամոքելու եւ չքացնելու համար։
Թզենիի տերեւներուն խաշուկը նմանապէս կը հանդարտեցնէ հազը, իսկ թզենիի թարմ ճիւղերու խաշուկը կը խմուի՝ փորը թոյլ պահելու համար։ Ցաւով դաշտան ունեցողներն ալ կրնան խմել այս վերջին խաշուկէն՝ ամսագլուխէն մէկ-երկու օր առաջ։ Օգուտը կը տեսնեն։
Կաթի մէջ եռացած չոր կամ թաց թուզը տաք-տաք կը դրուի այրուածքներու, պալարներու, ուռեցքներու վրայ՝ անոնց ցաւը ամոքելու կամ զանոնք հասունցնելու նպատակով։
Ոչ-ոքի վնասակար է թուզը, օգտակար է բոլորին, մասնաւորաբար յանձնարարելի՝ մանուկներուն եւ հիւանդութենէ ապաքինողներուն։ Թուզ ուտելէ զգուշանալու են՝ միայն փորհարութիւն ունեցողները եւ շաքարախտաւորները անշուշտ։