Ամերիկեան «MIT» համալսարանի արհեստագէտները պատրաստած են ախտորոշիչ մասնիկներ, որոնք ներշնչուելով կրնան ճանչնալ թոքերու քաղցկեղին առնչուած սպիտակուցները: Այս նորարարական միջոցառումը կրնայ յանգիլ թոքերու քաղցկեղի աւելի արագ եւ կանուխ յայտնաբերումին:
Փրոֆ. Սանկիթա Պհաթիա, որ «John and Dorothy Wilson» անուան առողջապահական գիտութիւններու եւ արհեստագիտութեան, ինչպէս նաեւ՝ ելեկտրական եւ համակարգչային գիտութեանց փրոֆէսոր է «MIT»-ի մէջ, կը բացատրէ, թէ այս նոր միջոցառումը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ այն շրջաններուն մէջ, ուր թոքերու քաղցկեղին գլխաւոր պատճառները կենսոլորտի ապականութիւնը եւ ծխելը կը հանդիսանան:
Այս մեթոտը, որ կ’օգտագործէ նանոզգայակներ («nanosensors»), արդիւնքը կու տայ ընդամէնը 20 վայրկեանէն` զայն դարձնելով յարմար այլընտրանք մը գոյութիւն ունեցող ախտորոշման միջոցներուն:
Զգայակները, որոնք կը ղեկավարուին շնչառական ներծծիչներու միջոցով, կրնան ճանչնալ թոքերու քաղցկեղին առնչուած սպիտակուցները: Այս նանոմասնիկները` պատուած «թղթակից» նիւթով մը, կը ներգործեն քաղցկեղային ներխմորներու («enzymes») հետ` կուտակուելով մէզին մէջ: Ապա կ’օգտագործուի պարզ քննութեան թուղթ մը՝ այս նշիչները յայտնաբերելու համար` ապահովելով արագ եւ մատչելի արդիւնքներ:
Ծինայնօրէն թոքային ուռերով փոխուած մուկերու վրայ փորձերու ընթացքին, այս ախտորոշիչ մեթոտը յաջողութեամբ յայնաբերած է իր վաղ փուլին մէջ գտնուող քաղցկեղը: Յաջորդ քայլերը կ’ընդգրկեն մարդու վրայ հետազօտութիւններ` անոր արդիւնաւէտութիւնը աւելի եւս արժեւորելու համար: Յաջողութեան պարագային, այս արհեստագիտութիւնը կրնայ դիւրացնել թոքերու քաղցկեղին զննումը՝ առիթ ստեղծելով արագ միջամտութեան եւ բարձրացնելով կեանքեր փրկելու հաւանականութիւնը:
Այս նորարարութիւնը մասնաւորաբար օգտակար է մոլի ծխողներուն, որոնք ընդհանրապէս կը մերժեն ընթացիկ «CT scan»-ի քննութիւններ կատարելու թելադրանքները եւ յաճախ դրական սխալ արդիւնքներ կը ստանան աւանդական «CT scan»-էն: Լուրը հրապարակուած է «Science Advances» պարբերականին մէջ: