Կա՞յ մէկը որ գործածած կամ առնուազն տեսած չըլլայ «Վազելին» կոչուող դեղը: Իւղի նման թանձր, կակուղ, բայց անգոյն, անբոյր եւ անհամ նիւթ մըն է: Դեղարանները մեծ քանակութեամբ կը սպառեն անկէ՝ սպեղանիներու պատրաստութեան համար: Սուզուող լողորդները անով կ՚օծեն իրենց մարմինները: Շարժանկարի դերասանները վազելինով կը կեղծեն իրենց արցունքները: Ռազմաճակատի զինուորները յաճախ վազելինը կը գործածեն որպէս ածիլուելու օճառ:
Որո՞ւն մտքէն կ՚անցնի սակայն, թէ բժշկութեան, ճարտարարուեստի եւ առօրեայ կեանքի մէջ բազմազան գործածութեան արժանացող այս նիւթին գիւտը՝ արդիւնքն է պարզ դիպուածի մը:
1859 թուին, առաւօտ մը, ամերիկեան թերթերը մեծ տառերով կը յայտարարեն հարուստ նաւթահորի մը գտնուիլը Փենսիլվանիոյ մէջ: Պրուքլին բնակող քիմիագէտ Ռոպէրթ Շէզըրպուխ՝ հանքածուխէն հրանիւթեր պատրաստելու յայտնի մասնագէտ, կարդալով լուրը կ՚անդրադառնայ իսկոյն, որ բնական քարիւղի այս նոր աղբիւրը մեծ վնաս կրնայ պատճառել իր գործին ու դիրքին: Միայն 22 տարեկան, բայց կամքի ու վճռականութեան տէր մարդ՝ կ՚որոշէ լքել իր ասպարէզը եւ տարրալուծողի եւ զտողի իր շնորհները այնուհետեւ ի սպաս դնել «սեւ ոսկի»ին: Գրպանը ունեցած դրամով կ՚առնէ շոգեկառքի տոմս մը եւ կ՚երթայ Թեիւզել՝ Փէնսիլվանիոյ փոքր քաղաքներէն մէկը:
Սրատես եւ մշտարթուն, օր մը, քարիւղի շրջաններէն անցած պահուն՝ Շէզըրպուխ կը նշմարէ գործաւոր մը, որ տրտնջալով կը մաքրէ մեքենայի մը մխակներուն փակած մեղրամոմի նման աղտը: Կը հետաքրքրուի: «Փարակինի նմանող դիրտ մըն է: Կը խանգարէ մեքենաներուն աշխատանքը, բայց երբ մատերնիս կտրի կամ ուրիշ որեւէ տեղ այրի՝ այս աղտէն կը քսենք վրան, վէրքերը կը բուժուին շուտով», կը բացատրէ բանուորը:
Պրուքլին վերադարձին, Շէզըրպուխ տուփ մը կը բերէ իրեն հետ այդ «աղտ»էն: «Վէրքեր կը բուժէ՝ ուրեմն բուժիչ յատկութիւններ ունի, եւ կարելի չէ՞ տարրալուծարանի մէջ պատրաստել այս նիւթը» կը մտածէ քիմիագէտը:
Մտածումէն կ՚անցնի գործի եւ քիչ ժամանակ վերջ կը յաջողի քարիւղէն պատրաստել թանձր ու թափանձիկ նոր նիւթ մը: Նախ ինքն իր վրայ կը փորձէ անոր յատկութիւնները, ձեռքերը կրակով եւ թթուով (ասիտ) կ՚այրէ, ոտքերը կը քերթէ, կը կտրտէ դանակով եւ վէրքերուն վրայ այդ նիւթը կը քսէ: Այլեւս կասկած չի մնար: Բուժիչ մըն է այս նոր նիւթը, քանի որ մեծապէս կը նպաստէ վէրքերու դարմանման: Կը փորձէ նաեւ ուրիշներու վրայ ու միշտ բարենպաստ կ՚ըլլայ արդիւնքը:
Կը պատրաստէ մեծաքանակ եւ «Վազելին» կ՚անուանէ զայն: Նմոյշներ կ՚ուղարկէ բժիշկներու եւ գիտնականներու՝ ապսպրանքի սպասելով: Լաւագոյն պարագային… շնորհակալագրեր կը ստանայ եւ երկրորդ նմոյշ մը ուղարկելու խնդրանքներ:
Չի յուսահատիր: Կ՚իջնէ հրապարակ եւ իր իսկ ձեռքերով կը բաժնէ ժողովուրդին ձրիաբար: Ձիով կառք մը կը վարձէ եւ կ՚երթայ Նիւ Եորքի հիւսիսային արուարձանները: Հանդիպող մարդուն կու տայ «Վազելին»ի փոքրիկ տուփ մը, միշտ ձրի:
Ճիգերը կ՚արդիւնաւորուին: Շատ չանցած կը փնտռուի եւ կը ծախուի ամէն տեղ, «վայրկեանը մէկ տուփ»ի հաշուով:
«Վազելին»ին բարերար յատկութիւնները կը հաստատուին վերջնականապէս 1912-ին, երբ Նիւ Եորքի մէջ, Ապահովութեան Ընկերութեան մը շէնքը հրոյ ճարակ կը դառնայ: Բազմաթիւ գործաւորներ կ՚այրին, որոնց վէրքերը կը դարմանուին եւ ցաւերը կ՚ամոքուին շնորհիւ «Վազելին»ին: Անկէ վերջն է որ Միջազգային Կարմիր Խաչը եւ Բանակը կ՚որդեգրեն «Վազելին»ը՝ թեթեւ այրուածքներու համար: Եւ իրօք, «Վազելին»ը կը պաշտպանէ վէրքերը ախտավարակ մանրէներու դէմ:
«Վազելին»ի գտած ընդունելութենէն եւ ամէն մարզի մէջ տուած անոր գոհացուցիչ արդիւնքներէն այնքան կը խանդավառուի գիւտարարը՝ Շէզըպրուխ, որ ամէն օր պզտիկ դգալ մը կ՚ուտէ անկէ, համարելով զայն ոչ միայն համայնաբոյժ դեղ, այլեւ՝ սնուցիչ ուտելիք: Անգամ մըն ալ երբ կողատապի կը բռնուի՝ հիւանդապահուհիէն կը խնդրէ մարմինը օծել վազելինով: Եւ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ կ՚առողջանայ:
Երբ Շէզըպրուխ կը մեռնի 96 տարեկան հասակին՝ վերջին շունչին կը յայտարարէ, որ իր երկարակեցութիւնը կը պարտի «Վազելին»ի ամէնօրեայ գործածութեան:
Կրնանք չափազանցութիւն մը գտնել Շէզըպրուխի խանդավառ յայտարարութեան մէջ: Սակայն կարելի է հաստատել անվարան, թէ «Վազելին»ը ամէնէն անվնաս եւ գործածական դեղերէն մէկն է եւ չէ դադրած նուաճելէ բժշկական եւ ճարտարարուեստի աշխատանքները:
Յ.