ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Առողջութիւնը հարստութիւն մըն է, զոր կը ստանանք ծնունդով եւ անխղճօրէն կը վատնենք կեանքի ընթացքին: Ան բնական վիճակ մըն է, երբ մարմնի բոլոր օրկանները կ՚աշխատին բնականոն եւ անձը չի զգար անոնց գոյութիւնը:
Փօլ Պրէյկը իր «Սիրտ» գիրքին մէջ կը գրէ.- «Արարիչը ձեզի պարգեւած է ամենահիանալի մեքենան, ձեր մարմինը։ Ան ունի երբեք կանգ չառնող շարժիչ մը, որ սիրտն է, սնուցող եւ այրող շնչառական համակարգը, զտող երիկամունք, մտածող ուղեղ եւ ջիղեր, ջերմութիւնը կարգաւորող քրտնարտադրութիւնը։ Այդ հիանալի մեքենան ունի ինքնավերարտադրման ընդունակութիւն։ Ինչպէ՞ս չհիանալ, չփայփայել, չգնահատել եւ չխնայել այդ անգին գանձը»։
Իրականութեան մէջ, մենք չենք գնահատեր եւ խնամեր այդ գանձը, մինչեւ որ հիւանդանանք։ Համոզուած ենք, որ վատ առողջութիւնը կու գայ սթրէսէ, ժառանգականութենէ, օդի ապականումէ, քիմիական, շողարձակ (radioactive) նիւթերով աղտոտուած ջուրի եւ ուտելիքներու օգտագործումէ, ալքոլի եւ ծխախոտի չարաշահումէ: Ճիշդ է, այս բոլորը կը նպաստեն հիւանդութիւններու յառաջացման, սակայն ապացուցուած է, որ հիւանդութիւններու զարգացման գլխաւոր պատճառը նաեւ մենք ենք՝ մեր սխալ ապրելաձեւը եւ սխալ ուտելու սովորութիւնները։
Մարմինը առողջ մնալու համար կարիք չունի առատ եւ հարուստ ուտելիքներու: Առողջ ըլլալու համար կարեւոր է անձի հոգեկան վիճակը, անոր շրջապատի նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքը: Դեռեւս հին Յունաստանի մէջ գիտէին, որ առանց հոգեկան առողջութեան՝ գոյութիւն չունի առողջ մարմին, քանի որ մարդու գլխուղեղը յստակօրէն կը վերահսկէ եւ կը կառավարէ մարմնի աշխատանքը, իսկ հիւանդութիւնները կը յառաջանան սխալ ապրելաձեւէ՝ նախանձի եւ վախի մշտական առկայութենէ, վատ մտքերէ:
Մարմինի բնականոն գործունէութիւնը կը կարգաւորուի հորմոններու աշխատանքով, որոնք իրենց կարգին կախուածութեան մէջ են մարդու ջղային համակարգէն: Ահա թէ ինչու այսքան կարեւորութիւն կը տրուի զգացումներուն:
Շատ կարեւոր է հիւանդին դերը հիւանդութեան բուժման ընթացքին: Որեւէ հիւանդութեան պարագային, դրական միտքերու ազդեցութիւնը միշտ ալ օգտակար է, իսկ երբ մարդը ինքը իր բացասական մտածումներով կը քանդէ իր օրկանիզմը, այդ պարագային ոչ ոք անոր կրնայ օգնել, քանի որ բացասական միտքերը քայքայիչ ազդեցութիւն կ՚ունենան օրկանիզմի իւրաքանչիւր բջիջին վրայ:
Տարիքը երբեք խանգարող պայման չէ առողջ ապրելու համար։ Միայն տարիքին հետ մարմնի ինքնաբուժման կարողութիւնն է, որ կը տկարանայ, եւ բուժման համար աւելի երկար ժամանակ կը պահանջուի։
Առողջ ապրելակերպը կը կասեցնէ հիւանդութիւններու մուտքը օրկանիզմ, անձին ուժ, երկարակեցութիւն, մարմնական եւ հոգեկան գեղեցկութիւն կու տայ։ Կարեւոր է յիշել, որ հնարաւոր չէ առողջ մնալ մշտապէս մտածելով հիւանդութիւններու մասին։
Ի՞նչ է հիւանդութիւնը եւ ինչո՞ւ կը հիւանդանանք:
Հիւանդութիւնը օրկանիզմի մէջ եղած հիւանդագին փոփոխութիւններու ամբողջականութիւնն է, որ կ՚արտայայտուի հիւանդի գանգատներով եւ կը յայտնաբերուի գործիքային եւ տարրալուծարանային հետազօտութիւններու միջոցով: Երկար եւ առողջ ապրիլը կը պահանջէ գիտելիքներ եւ աշխատանք։ Ծուլութիւնը, տգիտութիւնը, վատ սովորոյթները յաճախ կը գերիշխեն եւ անձը կ՚անդրադառնայ այն ժամանակ, երբ արդէն հիւանդ է եւ օգնութեան կարիք ունի։
Մարմնի ներքին թունաւորում կը յառաջանայ տեւական սխալ սնուցման հետեւանքով: Կու գայ ժամանակ, երբ մարմինը անկարող կ՚ըլլայ քրտինքի եւ մէզի միջոցով ձերբազատիլ թոյներէ, որոնք կը կուտակուին ու կը տկարացնեն մարմնի դիմադրողականութիւնը եւ անձը կը հիւանդանայ։ Չհիւանդանալու համար շատ կարեւոր է գիտնալ, թէ ինչ եւ ինչպէս ուտել։
Ըստ հնդկական բժշկութեան՝ Ayurveda-ի, որ կը նշանակէ «այիւր»՝ կեանք, եւ «վետա»՝ գիտելիք, սնունդը պէտք է ընտրել մարմնի կառուցուածքին համեմատ: Ըստ պուտտայական փիլիսոփայութեան՝ նիւթը կազմուած է հինգ բաղադրիչներէ՝ հող, ջուր, կրակ, օդ, եթեր, անոնց տարբեր միացումները կը յառաջացնեն կեանքի երեք հիմնական ուժերը՝ դոշաներ, որոնք կը կարգաւորեն օրկանիզմի բոլոր գործողութիւնները: Անձը առողջ է, երբ երեք դոշաները՝ Վաթա, Փիթա, Քափհա հաւասարակշռուած են:
Երբ անոնց հաւասարակշռութիւնը տարբեր պատճառներով կը խանգարուի՝ սխալ սնանելու, ջղային վիճակի եւ կլիմայի փոփոխութիւններու պատճառներով, օրկանիզմը սկզբնական շրջանին ի վիճակի կ՚ըլլայ հաւասարակշռել զանոնք, իսկ երբ օրկանիզմը այլեւս ի վիճակի չ՚ըլլար հաւասարակշռելու, անձը կը հիւանդանայ:
Ըստ Այուրվետայի ուսմունքին, մարդու մարմնին մէջ եղած «կրակ»ը՝ երիտասարդ տարիքին վառ կ՚այրի եւ սնունդը լաւ կը մարսուի, մարմինը աւելի դիւրութեամբ կը հաւասարակշռէ դոշաները։ Երբ այդ «կրակ»ը թոյլ է, մարսողութիւնը բաւարար չ՚ընթանար, կը յառաջանան թունաւոր մնացորդներ, որոնցմէ օրկանիզմը ի վիճակի չ՚ըլլար ձերբազատուիլ, եւ ենթական հակուած կ՚ըլլայ դէպի հիւանդութիւններ։
Հոմէոփաթիք բժշկութիւնը իր կարգին կ՚ընդունի, որ մարդկային մարմինը ունի ինքնաբուժման, վերականգման անսպառ հնարաւորութիւններ: Հոմէոփաթիք բժշկութիւնը բնական միջոցներով՝ բուսական, կենդանական եւ հանքային նիւթերով կը բուժէ հիւանդութիւնը՝ խթանելով օրկանիզմի ներքին կենսական ուժերը:
Որոշակի բացասական պայմաններու ազդեցութեան տակ անհատի մօտ կ՚արտայայտուին նաեւ ժառանգական հիւանդութիւնները, որոնց նախատրամադրուածութիւնը զաւակները կը ժառանգեն ծնողքէ՝ ծնունդի պահուն:
Յաջորդին.- «Ինչպէ՞ս ընտրել սնունդը», «Ինչպէ՞ս կը մարսուի մեր սնունդը»,«Ո՞րքան եւ ի՞նչպէս ուտել»: