ՈՒՐԿԷ՞ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ Է ԿԱՊԻԿԻ ԾԱՂԻԿԸ
«Կապիկի ծաղիկ»ը իր անունը ստացած է 1958 թուականին, երբ «ծաղիկի նման հիւանդութեան երկու համաճարակ տեղի ունեցաւ կապիկներու «գաղութներու» մէջ, որոնք կը պահուէին հետազօտութեան համար», – ըսած է CDC-ն:
Այնուամենայնիւ, կապիկներու հիւանդութեան հիմնական կրողը տակաւին յայտնի չէ, թէեւ «կասկած կայ, որ ափրիկէի կրծողները (առնէտներու տեսակները) փոխանցման մէջ մեծ դեր ունին»,- նշած է գործակալութիւնը:
«Մարդոց մէջ կապիկի ծաղիկի առաջին ակնյայտ պարագան արձանագրուած է 1970 թուականին, Քոնկոյի մէջ, ջրծաղիկի վերացման համար տարուած զօրաւոր ջանքերու ժամանակաշրջանին», ըսած է CDC-ն: Այդ ժամանակէն ի վեր պարագաներու մեծ մասը կեդրոնացած է ափրիկեան 11 երկիրներու մէջ, իսկ քանի մը բռնկումներ տեղի ունեցած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ՝ ճամբորդութեան կամ «էնտեմիք» երկիրներէ ներմուծման հետ կապուած:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բռնկում տեղի ունեցած է 2003 թուականին, երբ վեց նահանգներու մէջ՝ Իլինոյ, Ինտիանա, Քենսըս, Միսսուրի, Օհայօ եւ Ուիսքանսն, քառասունեօթը մարդ հիւանդացած է՝ ընտանի բայց լքուած շուներու հետ շփման պատճառով, յայտնած է CDC-ն:
«Ընտանի կենդանիները վարակուած են Կանայէն ներմուծուած փոքր կաթնասուններու մօտ տեղաւորուելէն ետք»,- ըսած է CDC-ն: «Այս մէկը մարդկային կապիկի ծաղիկի մասին առաջին դէպքն էր, որ կը տեղեկացուէր Ափրիկէի սահմաններէն դուրս»:
Այս հիւանդութիւնը, որ ջրծաղիկի շատ աւելի նուազ ծանր «ազգական»ն է, սկսած է տարածուիլ ամբողջ աշխարհի մէջ: Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան համաձայն 250-է աւելի պարագաներ արձանագրուած են 16 երկիրներու մէջ: Մասնագէտներ կ՚ըսեն, որ հիւանդութիւնը կը տարածուի երկար շփում ունենալով ոեւէ վարակուած անձի հետ:
«Այն երկիրները, ուր կապիկի ծաղիկ հիւանդութիւնը կ՚արձանագրուի այժմ, երկիրներ են, որոնք սովորաբար կրնան խուսափիլ այս հիւանդութեան տարածումէն», ըսած է արտակարգ իրավիճակներու ծրագրի, ջրծաղիկի քարտուղարութեան ղեկավար Րոզամանատ Լուիս՝ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կազմակերպութեան մէջ կայացած զրոյցի մը ընթացքին:
Կապիկի ծաղիկը կ՚ըլլայ արեւադարձային անձրեւային անտառներուն մօտ Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, սակայն անիկա տեսնուած է նաեւ քաղաքային շրջաններու մէջ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան համաձայն:
«Ասիկա հիւանդութիւն մըն է, որ յառաջացած է վերջին 20-30 տարիներուն, ուրեմն ճանչցուած եւ լաւապէս նկարագրուած հիւանդութիւն է», ըսած է Լուիս լրագրողներուն: «Հանրութեան համար վտանգը, հետեւաբար, ցած կը թուի ըլլալ, որովհետեւ մենք գիտենք, որ փոխանցումի հիմնական եղանակները նոյնն են ինչպէս նկարագրուած էին ժամանակին»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կապիկի ծաղիկի առաջին պարագան ախտորոշուած է Մասաչուսէթցի մէջ՝ բուժում ստացող հիւանդի մը մօտ, որ Գանատա ճամբորդած էր անձնական ճամբորդատար միջոցով: 2021-ին, Նիճերիայէն Միացեալ Նահանգներ ճամբորդած երկու անձեր ախտորոշուած են այս հիւանդութեամբ Centers for Disease Control and Prevention-ի համաձայն:
Ափրիկէէն անկախ, աշխարհի մէջ կապիկի ծաղիկի պարագաները կապուած են միջազգային ճամբորդութեան կամ հիւանդութեամբ վարակուած անասուններու ներածումին հետ, ըսած է CDC-ն:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կապիկի ծաղիկի կարգ մը պարագաներ պատահած են մարդոց, որոնք ոչ ճամբորդած են եւ ոչ ալ շփում ունեցած են վարակուած անձերու հետ, բայց վախնալու պատճառ չկայ, ըսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր վիրաբոյժ տոքթոր Վիվեք Մըրթի:
«Այս ժամանակամիջոցին, չենք ուզեր որ մարդիկ մտահոգուին: Թիւերը տակաւին քիչ են. կ՚ուզենք որ մարդիկ զգօն ըլլան ախտանշաններուն եւ եթէ որեւէ կասկած ունին դիմեն իրենց բժիշկին», ըսած է Մըրթի:
ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԿԱՊԻԿԻ ԾԱՂԻԿԻ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐԸ
Ախտանշանները կ՚երեւին վարակուելէն 5-13 օրուան ընթացքին. կրնայ նաեւ մինչեւ 21 օր երկարիլ մարմնին վրայ տեսնուելու համար: Սկզբնական ախտանշանները կ՚ընդգրկեն՝ տաքութիւն, գլխացաւ, մկանային ցաւ, կռնակի ցաւ, դող, յոգնածութիւն, «լիմֆ նոտ»-երու ուռեցք (որ կ՚օգնէ մարմնին պայքարելու վարակներու եւ հիւանդութիւններու դէմ):
«Յատկանիշ մը, որ կը զանազանէ կապիկի ծաղիկը ջրծաղիկէն, ուռած աւշային հանգոյցներու զարգացումն է»,- ըսած է CDC-ն:
Անգամ մը որ տաքութիւն ունենայ վարակուած անձ մը, կը սկսի ցանը տարածուիլ մարմնին վրայ՝ կեդրոնանալով երեսին, ձեռքերուն եւ ոտքերուն վրայ: Անիկա կրնայ տարածուիլ նաեւ սեռային օրկաններուն, աչքի «քորնիա»-ին եւ բերնին մէջ: «Ցաւոտ, բարձրացած ծակոտիկները մարգարտագոյն եւ հեղուկով լեցուած կ՚ըլլան ու յաճախ շրջապատուած՝ կարմիր շրջանակներով: Ցանը կը զարգանայ մինչեւ քոս մը շինելը, որմէ ետք կ՚իյնայ: Կարգ մը պարագաներու մորթի մեծ բաժին մը կրնայ բաժնուիլ մարմնէն»,- յայտնած է CDC-ն: Հակառակ որ ախտանշանները յաճախ կը թեթեւնան մէկ ամսուան ընթացքին, տասը պարագաներէն մէկը կրնայ մահացու ըլլալ: Փոքրիկները յատկապէս ենթակայ են:
«Որոշ պարագաներու, հիւանդութեան կանուխ փուլերուն, ցանը հիմնականին մէջ եղած է սեռային եւ «փերինալ» հատուածին մէջ»,- ըսած է Ճոն Պրուքս՝ CDCի HIV/AIDS կանխարգիլման բաժնի գլխաւոր բժիշկը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին:
«Որոշ պարագաներու անիկա յառաջացուցած է յետանցքային կամ սեռային օրկաններու վնասուածքներ, որոնք նման են այլ հիւանդութիւններու, ինչպէս՝ «հըրփըս»ը, ջրծաղիկը կամ «սիֆիլիս»ը»»,- ըսած է ան:
Ընդհանուր առումով, կապիկի ծաղիկի վտանգը չափաւոր է բազմաթիւ սեռային զուգընկերներ ունեցող մարդոց համար եւ նուազ՝ աւելի լայն բնակչութեան համար, ըսուած է հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման Եւրոպական կեդրոնին կողմէ հրապարակուած արագ ռիսքի գնահատման զեկոյցին մէջ:
Այնուամենայնիւ, կապիկի ծաղիկը չի նկատուիր իբրեւ սեռային ճամբով փոխանցուող հիւանդութիւն:
Սպիտակ տան առողջապահական անվտանգութեան եւ կենսապաշտպանութեան աւագ տնօրէն տոքթոր Ռաճ Փանճապի ըսած է. «Մենք կ՚ուզենք ապահով ըլլալ, որ բարձր վտանգի ենթարկուած մարդիկ ունենան պատուաստի արագ հասանելիութիւն, եւ, եթէ անոնք հիւանդանան, կարենան համապատասխան բուժում ստանալ: Մինչեւ օրս, մենք տրամադրած ենք մօտաւորապէս 1200 պատուաստ», ըսած է Փանճապի, «եւ տարբեր երկիրներու մէջ 100 պարագայի բուժումը յանձն առած, եւ մենք տակաւին բազմաթիւ երկիրներ ունինք օժանդակութիւն առաջարկելու:
Մասաչուսեթցի առողջապահութեան մարզի աշխատողները, որոնք կը բուժէին կապիկի ծաղիկով վարակուած հիւանդները, առաջիններէն էին, որոնք պատուաստներ ստացան՝ զիրենք ժահրէն պաշտպանելու համար:
Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Jynneos-ի երկու «տոզ»ով պատուաստը արտօնագրուած է՝ ջրծաղիկի եւ յատկապէս կապիկի ծաղիկի կանխարգիլման համար: Այլ պատուաստ մը՝ ACAM2000, կրնայ օգտագործուիլ նաեւ կապիկի ծաղիկի դէմ։
Մինչեւ օրս աւելի քան 120 PCR «օրթոփաքս»ի քննութիւն կատարուած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին՝ իբրեւ բռնկման «մոնիթըրինկ»-ի մէկ բաժին:
«Այս հասանելիութեան ընդամէնը մէկ մասն է»,- ըսած է Փանճապին, աւելցելով, որ 67 տարրալուծարաններ 46 նահանգներու մէջ, ունին «հաւաքական կարողութիւն» օրական աւելի քան 1000 քննութիւն կատարելու:
Համաշխարհային առումով, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան պաշտօնեաներ կ՚ըսեն, որ կապիկի ծաղիկի պարագաներ արձանագրուած են շատ մը երկիրներու մէջ, որոնք նախապէս չեն ունեցած այս ժահրը:
«Վարակումի պարագաներ արձանագրուած են 26 երկիրներու մէջ, ուր ժահրը «էնտեմիք»» չէ, ըսած է՝ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զարգացող հիւանդութիւններու եւ կենդանաբանական հիւանդութիւններու առաջատար եւ Covid-19-ի արհեստագիտական ղեկավար Մարիա Վան Քերխով լրագրողներու հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Ան աւելցուցած է, որ այս երկիրներուն մէջ աւելի քան 600 պարագայ յայտնաբերուած է:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻ
Կապիկի ծաղիկ հիւանդութիւնը կը փոխանցուի, երբ մօտիկ շփում ըլլայ վարակուած անձի մը հետ, կ՚ըսեն մասնագէտները: Վարակումը կը զարգանայ ճեղքուած մորթի, լորձաթաղանթներու, շնչառական կաթիլներու, վարակուած մարմնի կաթիլներու եւ նոյնիսկ աղտոտած սպիտակեղէնի հետ շփումէն ետք:
«Երբ վէրքերը բուժուին, կեղեւները (վարակիչ ժահր կրող) կրնան թափիլ իբրեւ փոշի եւ ներշնչուիլ», ըսած է տոքթոր Մայքըլ Սքինըր՝ Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի վարակիչ հիւանդութիւններու ամպիոնի բժշկական բաժանմունքէն:
Անձէ անձ փոխանցումը կրնայ պատահիլ շնչառական մեծ կաթիլներու միջոցով եւ որովհետեւ այդպիսի կաթիլներ սովորաբար «կը ճամբորդեն» միայն քանի մը ոտնաչափ, «կը պահանջուի երկարատեւ դէմ առ դէմ շփում», ըսած է CDCն: Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան համաձայն՝ այս մէկը մեծ վտանգի կ՚ենթարկէն առողջապահութեան մարզին մէջ աշխատողները եւ ընտանիքի անդամներ, որոնք կը խնամեն կամ կ՚ապրին վարակուած անձի մը հետ:
«Ջրծաղիկը, որ վերցուած է ամբողջ աշխարհի երեսէն 1980 թուականին, հիմնականին մէջ նոյնպէս տարածուած է մարդոց միջեւ՝ անմիջական եւ երկարատեւ դէմ առ դէմ շփման միջոցով, ինչպէս նաեւ՝ ժահրը կրող առարկաներու, օրինակ՝ անկողնային կտորներու կամ հագուստի միջոցով։
«Ջրծաղիկով հիւանդները վարակիչ կը դառնային անմիջապէս որ անոնց մօտ խոցեր յառաջանային եւ հազով կամ փռնքտոցով անոնք ժահրը կը տարածէին կաթիլներու միջոցով: Անոնք կը նկատուէին վարակիչ այնքան ատեն, որ անոնց վէրքերը չէին բուժուած», ըսած է տոքթոր Փարիթոշ Փրասատ՝ Նիւ Եորքի Ռոչըսթըրի համալսարանի բժշկական կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու բաժանմունքի տնօրէն:
Այնուամենայնիւ, առկայ պատմական տեղեկատուութեան հիման վրայ, կապիկի ծաղիկը նուազ վարակիչ է, քան ջրծաղիկը, ըսած է Փրասատ:
«Բռնկումները յաճախ աւելի ցած եկամուտ ունեցող միջավայրերու մէջ են՝ առողջապահական խնամքի սահմանափակ հասանելիութեամբ»,- ըսած է Մայքըլ Հէտ՝ Մեծն Բրիտանիոյ Սաութհեմփթընի համալսարանի կլոպըլ առողջապահութեան աւագ գիտաշխատող: Ընթացիկ բռնկումէն մահուան դէպքեր չկան:
Այնուամենայնիւ, զարգացած աշխարհի մէջ «շատ անսովոր կ՚ըլլայ որեւէ բռնկումի պարագային տեսնել աւելին, քան քանի մը պարագաներ, եւ մենք չենք տեսներ (Covid) տեսակի փոխանցումի մակարդակներ», ըսած է Հէտ յայտարարութեան մը մէջ:
CDC-ի համաձայն, սովորական կենցաղային ախտահանիչ միջոցները կրնան փճացնել կապիկի ժահրը:
Սանտի Լամոթ, CNN
Թարգմանութիւն՝ Թամար Աբովեան