ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ.
ՍՆՆԴԱԳԷՏ ՄԱՐԻԱ Գ. ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Կը թուի, որ բոլորը կը խօսին «մարմինը թոյներէ մաքրել»ու մասին: Մարմինը թոյներէ մաքրելու սննդականոնները յաճախ սխալ կը մեկնաբանուին, յատկապէս, որ մարդ անհատին մարմինը ունի ինքզինք տարբեր թոյներէ մաքրելու համակարգ մը:
Ինչպէ՞ս մարմինը բնական հոլովոյթով ինքզինք կը մաքրէ տարբեր թոյներէ
Թոյներէ մաքրուիլը հոլովոյթ մըն է, որ մարմինը ընդմիշտ կը կատարէ՝ օգտագործելով սննդականոնին մէջ գտնուող հիմնական սննդարար նիւթեր: Ատիկա հոլովոյթն է, որ կը ձեւափոխէ մասնիկները, «թունաւոր նիւթերը», որոնք պէտք է հեռացուին մարմինէն:
Անոնք բաժնուած են երկու դասակարգերու. մասնիկներ, որոնք մարմինին մէջ կազմուած են իբրեւ հերթական նիւթափոխանակման (metabolism) երկրորդական արտադրութիւններ (ներքին թունաւոր նիւթեր), եւ անոնք, որոնք կու գան դուրսէն եւ համակարգին մէջ կը մտնեն ուտելիքներէ, խմիչքներէ, շնչառութենէ, կամ կը ներծծուին մորթին միջոցով (արտաքին թունաւոր նիւթեր):
Ներքին թունաւոր նիւթերը կը ներառեն բաղադրութիւններ, ինչպէս կաթնաթթու (lactic acid), միզանիւթ (urea) եւ աղտոտութիւններ՝ աղիքներուն մէջ գտնուող մանրէներէն: Արտաքին թունաւոր նիւթերը կը ներառեն բնապահպանական թոյներ եւ աղտոտող նիւթեր, ժանտասպաններ, սնդիկ ծովամթերքի մէջ, կապար արտանետուած ինքնաշարժներէն եւ օդի ապականումէն, քիմիական նիւթեր ծխախոտի ծուխին մէջ, Տիոքսին կիներու խնամքի արտադրութիւններուն մէջ, Ֆըթալաթներ կերպընկալէն եւ փարապէն lotion-ներէ եւ գեղեցկագիտական արտադրութիւններէ:
Մարմինը թոյներէ մաքրելը նաեւ հոլովոյթ մըն է, որուն միջոցով դեղահատերը կը փոխարկուին, եւ ապա՝ կ՛արտաքսուին: Տրուած ըլլալով, որ թունաւոր նիւթերը վնասակար են մարդկային առողջութեան, անոնք պէտք է ձեւափոխուին եւ արտաքսուին մարմինէն՝ մեզի, կղկղանքի, շնչառութեան կամ քրտինքի միջոցով: Իւրաքանչիւր անձի կարողութիւնը մարմինը մաքրելու կախեալ է եւ կ՛ազդուի միջավայրէն, սննդականոնէն, ապրելակերպէն, առողջական կարգավիճակէն եւ ծինական գործօններէն, տրուած ըլլալով, որ որոշ մարդիկ մարմինը մաքրելու աւելի շատ աջակցութեան կարիքը ունին, քան ուրիշներ: Բայց եթէ թունաւոր նիւթի քանակը, որուն անհատ մը ենթարկուած է կը գերազանցէ իր մարմինին կարողութիւնը զանոնք արտաքսելու, թունաւոր նիւթերը կրնան պահուիլ ճարպային բջիջներուն, փափուկ հիւսուածքին եւ ոսկորին մէջ, ժխտականօրէն ազդելով առողջութեան վրայ: Ասիկա այն հիմնաւորումն է, որ կ՛աջակցի այն միջոցներու օգտագործման, որոնք մարմինի սեփական մաքրագործումի կարողութիւններուն օգտակար կը դառնան:
Մարմինը մաքրելու ծրագիրներուն մեծ մասը խորհուրդ կու տայ սննդականոնէն դուրս հանել վերամշակուած ուտելիքներ եւ ուտելիքներ, որոնց մարդիկ գերզգայուն են, ինչպէս՝ կաթնամթերք, սնձան (gluten), հաւկիթ, գետնանուշ եւ կարմիր միս, եւ հիմնականին մէջ ուտել օրկանական ձեւով աճեցուած բանջարեղէններ, պտուղ, ամբողջական սնձան չպարունակող հատիկներ, հունտեր, եւ անճարպ բնասպիտի (protein): Այլ ծրագիրներ խորհուրդ կու տան ծոմ պահել, որոշ մարդոց համար հաւանական վտանգաւոր միջոց մը, որ կրնայ իրականութեան մէջ փակել մարմինը մաքրելու անցքները: Ահա թէ ինչու առողջութեան մարզի բազմաթիւ աշխատակիցներ դէմ եմ այս միջոցին:
Բազմաթիւ ոչ հաւատարմագրուած մարդիկ կը ձեւացնեն, որ մասնագէտ են մարմինը թոյներէն մաքրելու հոլովոյթին մէջ, եւ առողջութեան մարզի բազմաթիւ փորձառու մասնագէտներ լաւ չեն տիրապետեր այս հոլովոյթի կանոններուն: Տրուած ըլալլով, որ մարմինը թոյներէն մաքրելու ծրագիրները կրնան լայնօրէն տարբերուիլ եւ կարգ մը մարդոց համար (մարդիկ, որոնք քանի մը հիւանդութիւններէ կը տառապին, կամ անոնք, որոնք բազմաթիւ դեղահատներ կ՛առնեն, եւ յղի, կամ ստնտու կիներ) կրնան վտանգաւոր ըլլալ, կարեւոր է դիմել հաւատարմագրուած առողջութեան մասնագէտի մը, որ կը հասկնայ քու առողջական կարգավիճակդ եւ նպատակներդ, եւ կարողութիւն ունի գնահատելու հոլովոյթին ծրագիրները ապահովութեան եւ արդիւնաւէտութեան տեսանկիւններէն:
ՁԵՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ԹՈՅՆԵՐԷ ՄԱՔՐԵԼՈՒ 8 ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Այս հոլովոյթին համար խստապահանջ ծրագիրի մը պէտք չկայ: Նշուածներէն քանի մը հատը կամ բոլորը ընելով ձեր մարմինը բնականոն կերպով կը մաքրուի թոյներէն.
- Անհրաժեշտ քանակով մաքուր ջուր խմեցէք:
- Օրական 5էն 9-ը հատ պտուղ եւ բանջարեղէն կերէք:
- Ամէն օր կերէք բաւարար չափով մանրաթել (fiber), ինչպէս՝ բանջարեղէն, պիստակեղէն, հունտեր եւ ամբողջական հատիկներ:
- Կերէք խաչաձեւ բանջարեղէն, հատապտուղներ, կանկառ, սխտոր, սոխ, պրաս, հնդկական քրքում եւ կաթնամթերք, նոյնպէս խմեցէք կանաչ թէյ: Այս ուտելիքները օգտակար կը դառնան մարմինը թոյներէն մաքրելու անցքերուն:
- Կերէք անհրաժեշտ չափով բնասպիտի (protein), որ կենսական է պահպանելու համար ամէնէն բարենպաստ մակարդակները կլուտաթիոնի՝ մարմինը թոյներէ մաքրելու գլխաւոր բնախմորը:
- Պէտք է գործածէք բազմատեսակ կենսանիւթերու կամ հանքանիւթերու դեղահատներ՝ առողջ սննդականոնի մը որեւէ բաց գոցելու համար, քանի որ որոշ կենսանիւթեր եւ հանքանիւթեր մարմինը թոյներէ մաքրելու համակարգը կ’աշխատցնեն:
- Կերէք բնական, առանց քիմիական նիւթերու պատրաստուած ուտելիքներ՝ Քեֆիր, մածուն, Քիմչի եւ կաղամբի աղցան, կամ բարձրորակ probiotic օգնելու համար մարմինին, որպէսզի մաքրէ աղիքներուն մէջ գտնուող թոյները:
- Պահպանեցէք աղտոտութիւնը աղիքներէն հանելու կանոնաւորութիւնը:
Եթէ դուք առողջական լաւ վիճակի մէջ էք եւ հետաքրքրուած էք մարմինը թոյներէ մաքրելու հոլովոյթով, դիմեցէք մասնագէտ սննդագէտի մը, որ կը հասկնայ մարմինին թոյներ մաքրելու ունակութիւնը: Անոնք կրնան ձեզի ներկայացնել զանազան արտադրութիւններ եւ ծրագիրներ, եւ առաջարկել այնպիսի ծրագիր մը, որ ձեզի համար օգտակար կ’ըլլայ: