Պատուաստը կը պաշտպանէ մեզ լուրջ, յաճախ մահացու հիւանդութիւններէ՝ օգնելով մեր մարմնի բնական պաշտպանութեան՝ ախտամերժ համակարգին պայքարելու անոնց դէմ: Պատուաստը կը նմանակէ նոյն իրավիճակը մարմնին մէջ, երբ ան կ’ենթարկուի ժահրային կամ պաքթերիաներու յարձակումին, սակայն առանց մեզ հիւանդացնելու: Պատուաստներու մեծ մասը կը պարունակէ մահացած կամ տկարացած մանրէներ, այդ պատճառով անոնք պատճառ չեն դառնար հիւանդութեան: Ներարկումէն ետք պատուաստները կը խթանեն մարմնին ախտամերժ համակարգը՝ արտադրելու բնական հակամարմիններ, որոնք հետագային կը պայքարին հիւանդութեան դէմ: Հետեւաբար, պատուաստները ապահով եւ արդիւնաւէտ են՝ պատուաստուած երեխաներն ու մեծերը պաշտպանելու համար:
Պատուաստները արդեօք անվնա՞ս են
Այո՛։ Պատուաստները անվնաս են։ Նախքան օգտագործման արտօնութիւն ստանալը, բոլոր պատուաստները կ’անցնին անվտանգութեան եւ արդիւնաւէտութեան ստուգման խիստ փուլերէ, որոնց շարքին՝ տարրալուծարանային փորձարկումներ։ Գործածութեան ընթացքին մնայուն կը հսկուի անոնց անվնաս ըլլալը: Պատուաստները, որոնք չեն համապատասխաներ որակի եւ ապահովութեան պահանջներուն, չեն հաստատուիր եւ չեն գործածուիր: Պատուաստները երեխաներն ու մեծերը կը պաշտպանեն ծանր հիւանդութիւններէ, որոնք կրնան յանգիլ առողջական բարդութիւններու եւ նոյնիսկ մահուան: Հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, որ երեխաները լրջօրէն տուժեն պատուաստով կանխարգիլուող հիւանդութիւններէ, քան անոնց դէմ ստեղծուած պատուաստներէն: Օրինակ, կարմրուկը կրնայ ուղեղաբորբ (encephalitis) յառաջացնել, կուրութիւն եւ նոյնիսկ մահ: Աշխարհի մեծամասնութիւնը ծնողներուն կը պատուաստեն իրենց երեխաները, որովհետեւ անոնք կ’ընդունին, որ պատուաստանիւթերը անվնաս են եւ իրենց երեխաները առողջ մեծնալու եւ պաշտպանելու լաւագոյն միջոցները կը հանդիսանան:
Արդեօք պէ՞տք է պատուաստուիլ, երբ կարգ մը հիւանդութիւններ հազուադէպ կը պատահին
Այո՛։ Չափազանց կարեւոր է, որ երեխաները շարունակեն պատուաստուիլ, քանի որ նոյնիքն պատուաստուած երեխաներու բարձր թիւին շնորհիւ է, որ շարք մը ծանր հիւանդութիւններ ներկայիս հազուադէպ կը պատահին։ Ուստի պատուաստուած երեխաներու թիւին նոյնիսկ աննշան նուազումը կրնայ յանգեցնել պատուաստի միջոցով կանխարգիլուող հիւանդութիւններու համաճարակներու բռնկումին եւ կը վարակուին անոնք, որոնք չունին դիմադրողականութիւն: Իսկ նկատի ունենալով, որ ճամբորդելը այժմ շատ աւելի դիւրին դարձած է, ան նպաստած է նաեւ հիւանդութիւններու աւելի արագ եւ դիւրին տարածումին։
Ո՞ր պարագաներուն պատուաստը յանձնարարելի չէ
Շատ քիչ պարագաներու միայն պատուաստը յանձնարարելի չէ: Անոնց մեծ մասը ժամանակաւոր է, եւ կարելի կը դառնայ պատուաստուիլ աւելի ուշ:
Պատուաստումի դէմ միակ բացարձակ պատճառը ալլերժիք ծանր դիւրազգացութեան (anaphylaxis) պարագան է պատուաստի առաջին չափը առնելէ ետք: Տկարացած ժահր պարունակող որոշ պատուաստներ յանձնարարելի չեն ախտամերժական խիստ անբաւարարութիւն ունեցող անձերու (եթէ ունին քաղցկեղ եւ քիմիաթերափիի եւ ռատիոթերափիի կը հետեւին):
Այնուամենայնիւ, այս թելադրանքները նաեւ կրնան ժամանակաւոր ըլլալ: Պէտք է նկատի ունենալ, թէ արդեօք պատուաստին օգուտները կը գերակշռե՞ն վնասները: Օրինակ՝ չափաւոր կամ ծանր սուր հիւանդութեան առկայութիւնը՝ ջերմութեամբ կամ առանց անոր, այն պարագաներէն է, երբ անհրաժեշտ է պատուաստը որոշ ժամանակով յետաձգել։
Սակայն նման պարագաներու եւս կարելի է պատուաստը տալ, եթէ անոր օգուտները կը գերազանցեն կողմնակի հաւանական ազդեցութիւնները:
Հետեւեալ պարագաներուն երեխային պատուաստումը ՊԷՏՔ ՉԷ յետաձգուի եւ ան կրնայ պատուաստուիլ
– Թեթեւ պաղառութիւն՝ առանց ջերմի (քիթի հոսք, թեթեւ փորհարութիւն):
– Տեղային դիւրազգացութիւն ներարկման հատուածին շուրջ (այսինքն՝ այտուց, կարմրութիւն, ցաւ), բարձր տաքութիւն պատուաստի նախորդ չափէն յետոյ:
– Ախտամերժական անբաւարարութիւն ունեցող ընտանիքի անդամ մը կամ տնային շփում նման պարագայի հետ:
– Վարակիչ հիւանդութիւն ունեցողի հետ շփում:
Պատուաստի մասին առկայ են թիւր պատկերացումներ եւ ապատեղեկատուութիւն, որոնք ծնողներուն մօտ պատուաստումի նկատմամբ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն: Ներկայացնենք քանի մը փաստեր, որոնք կը պատասխանեն պատուաստի մասին տարածուած անճիշդ հաւատալիքներուն:
ՓԱՍՏ.- Պատուաստները թունաւոր բաղադրիչներ չեն պարունակեր:
Պատուաստներու մասին տարածուած առասպելներէն է այն, որ անոնք թունաւոր բաղադրիչներ կը պարունակեն:
Պատուաստանիւթերը կը պարունակեն հիւանդութեան մահացած կամ տկարացած մանրէն, որ հիւանդութիւն չի յառաջացներ: Տակաւին, կան նաեւ այլ բաղադրիչներ, ինչպէս formaldehyde, սնդիկ կամ ալումինիումը: Անոնց օգտագործումը պատուաստանիւթին բաղադրութեան մէջ որոշ անհանգստութիւն կը ստեղծէ, սակայն անոնք կ’օգտագործուին շատ քիչ քանակութեամբ՝ օգնելու պատուաստին աւելի լաւ աշխատելու եւ կանխելու անոր աղտոտումը: Օրինակ՝ «formaldehyde»-ը կ’օգտագործուի մանրէն ապաշխուժացնելու համար, սնդիկը՝ պահպանող (preservative), իսկ ալումինիումը՝ որպէս պատուաստը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու օժանդակ միջոց՝ զօրացնելով ախտամերժ պատասխանը: Այս բաղադրիչները արդէն իսկ առկայ են մեր օրկանիզմին մէջ, եւ անոնց չնչին քանակները առողջութեան վտանգ չեն ներկայացներ:
ՓԱՍՏ.- Բնական դիմադրողականութիւնը աւելի զօրաւոր չէ, քան պատուաստներով ձեռք բերուած ախտամերժութիւնը:
Կայ մոլորեցնող պնդում մը, թէ բնական ճանապարհով ձեռք բերուած ախտամերժութիւնը աւելի ազդու եւ աւելի լաւ է, քան պատուաստումով ձեռք բերուածը:
Բնական ախտամերժութիւնը կրնայ պաշտպանել, բայց հիւանդանալու պարագային վտանգները շատ աւելի են՝ սկսեալ հիւանդութեան ծանր դեպքերէն մինչեւ կեանքին սպառնացող իրավիճակը: Կանխարգիլուող բազմաթիւ հիւանդութիւններ վտանգաւոր են եւ կրնան կողմնակի մնայուն բարդութիւններ յառաջացնել:
Պատուաստուիլը շատ աւելի անվտանգ եւ դիւրին է: Պատուաստումը արդիւնաւէտ ընտրութիւն է՝ բնական ճանապարհով ձեռք բերուած ախտամերժութեան փոխարէն եւ կրնայ երեխաները պաշտպանել կեանքի սպառնացող հիւանդութիւններէն: