Պաղ ձեռքերը կրնան վկայել առողջութեան հետ կապուած խնդիրներու առկայութիւնը, կը հաստատէ երակաբան եւ անօթային վիրաբոյժ Քեարամ Ազատեանը:
Երբ անձ մը անհանգիստ կը զգայ իր պաղ ձեռքերէն, պէտք է պարզել, թէ ի՞նչ է անոր պատճառը: Մասնագէտին համաձայն, որոշ պարագաներու պաղ ձեռքերը մարմնային վիճակ են, օրինակ` տարուան պաղ եղանակին կամ օդի ցած ջերմաստիճանի օրերուն:
«Բայց երբ ձեռքերը պաղ են անկախ տարուան եղանակէն եւ սենեակի ջերմաստիճանէն, ապա անիկա կրնայ վկայել առողջական որոշ խնդիրներու գոյութիւնը»,- կը նշէ բժիշկը:
Անոր կարծիքով, պաղ ձեռքերը կրնան լուրջ հիւանդութիւններու, ինչպէս՝ անօթներու խցման եւ շաքարախտի նշան ըլլալ: Տակաւին, այդ ախտանշանը կրնայ վկայել վահանաձեւ գեղձի հիւանդութիւններու եւ հորմոնային այլ խախտումներու առկայութիւնը: Պաղ ձեռքեր կրնան նկատուիլ նաեւ Ռեյնոյի հիւանդութեան պարագային, երբ կը խախտին ձեռքի եւ ոտքի մատներուն արեան մատակարարումը: Այսպիսի հարցեր կրնան ծագիլ ծխողներու եւ զարկերակային ցած ճնշում ունեցող մարդոց մօտ:
«Պատճառները կրնան բաւական շատ ըլլալ, եւ նման հարց ունեցող մարդուն օգնելու համար մենք խորհուրդ կու տանք առաջին հերթին հրաժարիլ վնասակար սովորութիւններէ, առօրեային մէջ աւելցնել ֆիզիքական աշխուժութիւնը եւ մարզանքը, լսել բժիշկներու խորհուրդները, կանոնաւորապէս ստուգել զարկերակային ճնշման եւ քոլեսթերոլի մակարդակը»,- կ՚ըսէ մասնագէտը: