Սննդագէտ Քէրի Թորընզ, BBC Goodfood
ԹԱՐԳՄԱՆԵՑ՝ ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ – ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ
Սննդագէտ Քէրի Թորընզ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է յարմարեցնել մեր սննդականոնը տաք եղանակին, որքա՞ն պէտք է հեղուկ ստանալ, ի՞նչ ուտել, ինչպէ՞ս ուտել, եւ արդեօք կարելի՞ է զովանալ ուտելիքի միջոցով, թէ՝ ոչ:
Որքա՞ն պէտք է ջուր խմել
Մենք ընդհանրապէս 2-2.5 լիթրի միջեւ հեղուկ կը կորսնցնենք օրական՝ քրտնելու, շնչելու, միզելու… միջոցով: Ուրեմն, պարզ օրերուն, մենք պէտք է խմենք 6-8 գաւաթ ջուր կամ այլ հեղուկներ (UK Eatwell Guide-ին համաձայն): Կարելի է նշեալ քանակին հասնիլ՝ կաթի, շաքարէ զերծ խմիչքներու, թէյի եւ սուրճի, ինչպէս նաեւ՝ պարզ ջուր խմելով, բայց պէտք է գիտնալ, որ «քաֆէյին»-ով հարուստ խմիչքները միզամուղային ազդեցութիւն (diuretic effect) ունին, եւ պատճառ կը դառնան հեղուկ կորսնցնելու: Այս պատճառով, Քէրի կը յանձնարարէ այդպիսի խմիչքներ ընդունիլ նուազագոյն չափով: Պտուղի հիւթը կամ «սմութի»-ները եւս կրնան հաշուի առնուիլ, բայց օրական ոչ աւելի քան 150 միլլիլիթր՝ բնական շաքար պարունակելու պատճառով:
Քէրի կ՚ըսէ. «Ջուրի ընդունման պարագային, մեր կարիքները կը փոխուին՝ տարիքի, սեռի, կշիռքի, ֆիզիքական աշխուժութեան, ինչպէս նաեւ՝ միջավայրի գործօնները նկատի ունենալով, ինչպէս՝ տաքութիւնը եւ խոնաւութիւնը, որոնք կ՚արագացնեն ջուրի կորուստը մեր մարմինէն»:
Ինչպէ՞ս պէտք է յարմարեցնել այս մէկը տաք օդին
Մենք պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք ջուրի մեր ընդունումը տաք եղանակին ժամանակ: Քէրի կ՚ըսէ. «Բարձր ջերմաստիճանը եւ խոնաւութիւնը կ՚արագացնեն ջրազրկումը մեր մարմինէն, հետեւաբար, մենք աւելի կը քրտնինք: Ուրեմն, պէտք է յաճախակի համալրենք հեղուկի ընդունման մեր բաժինը: Քանակը կախեալ է անձնական հանգամանքներէն, ինչպէս նաեւ՝ աշխուժութենէն: Եթէ կանոնաւոր ձեւով մարզանք կ՚ընէք, այդ մէկը պէտք չէ կանգ առնէ տաք եղանակին»:
Կրնա՞նք շատ ջուր խմել
Կրնանք շատ ջուր խմել, հակառակ անոր որ առողջ երիկամներով շատ մը մարդոց համար, այս մէկը կը կառավարուի յաճախակիօրէն միզելով: Քէրի կ՚ըսէ, որ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ շատ ջուր խմելուն պատճառով, երիկամները չեն կրնար «էլէքթրոլիթ»-ի հաւասակշռութիւնը պահել, ուրեմն արիւնը կը նոսրանայ: Այս մէկը կ՚ազդէ մեր մարմնի գործունէութեան, օրինակ՝ կ՚ազդէ արեան ճնշումին: Շատ ջուր խմելէն կը ստեղծուի Hyponatraemia-ն վիճակ մը, որ պատճառ կը դառնայ աղի մակարդակի անկումին:
Կարգ մը մարմիններ հեղուկ կը պահեն
Շատ հաւանաբար բժշկական պատճառներով կարգ մը մարմիններ հեղուկ կը պահեն իրենց մէջ: Այս մէկը կրնայ նախապէս գոյութիւն ունեցող երիկամի կամ սիրտի հարցի մը պատճառը ըլլալ: Առողջապահական որեւէ հարցի պարագային, պէտք է դիմել բժիշկին եւ անոր յանձնարարութեամբ ճշդել ըմպելի ջուրին քանակը:
Ի՞նչ ուտել
Քէրի կ՚ըսէ, որ մեր հեղուկի ընդունման 20-30%-ը կու գայ ուտելիքներէն, եւ կարգ մը ուտելիքներ աւելի ջուր կը պարունակեն, քան ուրիշներ: Պտուղներու եւ բանջարեղէններու որոշ տեսակներ աւելի բարձր «նիշ» կ՚ապահովեն այս իմաստով: Պէտք է մտածենք այս ուտելիքներէն աւելի սպառել՝ ջուրի մակարդակը բարձրացնելու համար, ինչպէս՝
Ելակ – Վարունգ – Դդում – Նեխուր – Հազար – Սեխ:
Կրնա՞ն ուտելիքները եւ խմելիքները մեզ զովացնել
Պաղպաղակը, սառնաշաքարները, սառնախմիչքները բնական ընտրութիւն կը թուին ըլլալ, երբ զովանալ կ՚ուզենք, բայց ատոնք կրնան աւելի վնասել քան՝ օգնել մեզի: «Պաղ ուտելիքները եւ խմելիքները կրնան սկզբնական զովացումի զգացում տալ, բայց այդ մէկը կարճաժամկէտ կ՚ըլլայ», կ՚ըսէ Քէրի: «Ճաշի ընդունումը եւ մարսողութեան գործընթացը ջերմութիւն կը յառաջացնեն եւ կ՚առաջնորդեն ջերմաստիճանի բարձրացման: Այս մէկը պաղ ուտելիքներու եւ խմելիքներու կողմէ «նախաձեռնուած» արագ զովացումին միանալով՝ կը նշանակէ, որ մարմինը աւելի շատ կը փոխհատուցէ՝ մարմինին ջերմաստիճանը բարձրացնելով: