Առաւօտեան նախաճաշը շատ կարեւոր է իւրաքանչիւրիս համար, սակայն յաճախ մարդիկ սխալ բան կ՚ընտրեն նախաճաշելու համար: Կան ուտելիքի տեսակներ, որոնք ոչ մէկ պարագայի կարելի է ուտել պարապ ստամոքսով, որովհետեւ անոնք կրնան տհաճ հետեւանքներ ունենալ:
Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք անոնցմէ մէկ քանին:
Մածուն
Այս ուտելիքը կը նկատուի փրոպայոթիքներու՝ օգտակար պաքթերիաներու հրաշալի աղբիւր, որոնք կը բարելաւեն մարսողութիւնը եւ աղիքային մայքրոֆլորայի վիճակը, բայց առաւօտեան պարապ ստամոքսով ուտելու պարագային, մածունը կրնայ անօգուտ ըլլալ, որովհետեւ ստամոքսի աղաթթուն պարզապէս կը քայքայէ այդ կարեւոր պաքթերիաները:
Պանան
Պարապ ստամոքսով երկու պանան ուտելու պարագային, արեան մէջ կտրուկ կը բարձրանայ մակնեզիումի մակարդակը, ինչ որ կրնայ բացասաբար անդրադառնալ սրտամկանի աշխատանքին: Այս է պատճառը, որ նոյնպէս խորհուրդ չի տրուիր պանան ուտել պարապ ստամոքսով:
Սուրճ
Անկախ քաֆէինէն, սուրճը կը խթանէ ստամոքսահիւթի արտադրութիւնը, որ կրնայ պատճառ դառնալ ստամոքսի այրուցքի ու ծանրութեան զգացողութեան: նաեւ, օրը սուրճով սկսելու սովորութիւնը կրնայ յանգիլ օրկանիզմին մէջ սերոթոնին հորմոնի նուազումին, որ իր կարգին կրնայ նպաստել ճնշուածութեան եւ ընկճախտի զարգացման:
Կազային ըմպելիքներ
Կազային ըմպելիքներ խմելը պարապ ստամոքսով ժխտական անդրադարձ կ՚ունենայ ստամոքսի լորձաթաղանթին վրայ եւ կը դանդաղեցնէ արեան հոսքը դէպի այդ օրկանը, որ ի վերջոյ բացասաբար կ՚անդրադառնայ մարսողութեան համակարգի աշխատանքին վրայ: Աւելի վնասակար են կազային պաղ ըմպելիքները:
Տանձ
Այս համեղ ու օգտակար պտուղը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ կոշտ մանրաթելեր, որոնք կրնան վնաս պատճառել ստամոքսի լորձաթաղանթին, հետեւաբար, խորհուրդ չի տրուիր զայն ուտել պարապ ստամոքսով:
Լոլիկ ու արքայանարինջ
Այս պտուղները կը պարունակեն թենին, որ կը բարձրացնէ ստամոքսի թթուայնութիւնը: Նման ուտելիքի գործածութիւնը պարապ ստամոքսով կրնայ յանգիլ ստամոքսատապի, ենթաստամոքսային գեղձի եւ մեծ աղիքի բորբոքումին:
Թարմ հիւթեր
Նման հիւթեր կը գրգռեն մարսողական համակարգի օրկաններուն լորձաթաղանթները, ինչպէս նաեւ՝ կը խթանեն ենթաստամոքսային գեղձի էնզայմներու արտադրութիւնը, այն պարագային, երբ մարմինին մէջ տակաւին գոյութիւն չունի այն սնունդը, զոր մարսելու համար անհրաժեշտ կը դառնան այդ էնզայմները: Հետեւանքը կ՚ըլլայ փորհարութիւն, կազերու կուտակում, աջ կողատակի ցաւեր եւ սիրտխառնուք:
Քաղցրաւենիք
Առաւօտեան պարապ ստամոքսով պարզ ածխաջուրերու գործածութիւնը կը բարձրացնէ արեան մէջի շաքարին քանակը, որուն պատճառով կը բարձրանայ նաեւ «ինսուլին»-ի մակարդակը, որ իր կարգին կը նուազեցնէ շաքարին քանակը: Այս պարագային, շաքարին մակարդակը կրնայ այնքան մը իջնել, որ կը խթանէ ախորժակը՝ ստիպելով աւելի շատ ուտել: Նախաճաշին քաղցրաւենիքի յաճախակի գործածութիւնը կրնայ յանգիլ «ինսուլին»-ի նկատմամբ կայունութեան զարգացման, ինչ որ կը բարձրացնէ ճարպակալման եւ շաքարախտի զարգացման հաւանականութիւնը: