Վարունգի գործածութիւնը կ’օգնէ առողջութեան բարելաւման, կը հաւաստիացնէ Տոքթ. Ժոնա Պուրտէոս «Eat this, Not that!» կայքէջին մէջ։ Առողջական ո՞ր հարցերուն համար օգտակար է վարունգը։
Վարունգը կը պահպանէ ոսկորներու առողջութիւնը
Վարունգը յատկապէս օգտակար է հասուն կիներուն եւ տարեց այրերուն, որոնք դէմ յանդիման կը գտնուին ոսկրային հիւսուածքներու մաշումի, օսթէոբորոզի եւ ոսկորներու փխրունութեան հարցերու, որոնց հետեւանքով անոնք ոսկորներու ճաք կամ կոտրուածքներ կ’ունենան։ Վիթամիններէն մէկը, որոնցմով հարուստ է վարունգը, «K» վիթամինն է, որ կ’օգնէ ամրացնելու ոսկորներու հիւսուածքը։ Մէկ վարունգին մէջ կայ շուրջ 50 միքրոկրամ «K» վիթամին, որ այդ վիթամինի օրական չափին 40 տոկոսն է։
Կը թարմացնէ շնչառութիւնը
Վարունգը կը պայքարի բերանի տհաճ հոտին դէմ ջուրի, մանարաթելերու եւ ֆոթոքիմիական նիւթերու պարունակութեան շնորհիւ, ինչպէս՝ «polyphenols» եւ «flavonoids», որոնք կ’օգնեն բերնին մէջ գտնուող պաքթերիաներու քանակի նուազումին:
Կը կանխարգիլէ շաքարախտը
Վարունգը կ’օգնէ իջեցնելու ինսուլինի նկատմամբ մարմնին դիմադրութիւնը, որ, իր կարգին, կը նուազեցնէ «type 2» տեսակի շաքարախտի յառաջացման հաւանականութիւնը:
Կը նպաստէ մարմնին մէջ խոնաւութեան պահպանումին
Վարունգը 95 առ հարիւրով բաղկացած է ջուրէ՝ զայն վերածելով կատարեալ սնունդի մարմնի ջրատութեան համար: Հեղուկի բաւարար օգտագործումը եւ խոնաւութիւնը անհրաժեշտ են մարմնի լաւագոյն գործունէութեան համար:
Կը նպաստէ նիհարնալու
Մեծ քանակութեամբ ջուրի պարունակութեան պատճառով վարունգը խիստ յագեցնող է, միաժամանակ՝ շատ քիչ քալորի կը պարունակէ: Վարունգը լաւագոյններէն է նիհարնալ փափաքողներուն համար:
Պնդութեան դէմ է
Կեղեւով օգտագործուած վարունգը մարմինին կու տայ բաւարար ջուր եւ բջջանիւթ, որ լաւագոյն համադրութիւնն է աղիքներու կծկումները խթանելու եւ պնդութիւնը կանխելու համար:
Կը նուազեցնէ այտուցները, օգտակար է բարձր ճնշման պարագային
Վարունգը աչքի կը զարնէ նաեւ փոթասիումի իր բարձր պարունակութեամբ. մէկ վարունգը կրնայ 442 միլիկրամ փոթասիում տալ՝ մարմնին անհրաժեշտ քանակին 10 տոկոսը: Փոթասիումը կարեւոր է, որովհետեւ կ’օգնէ աւելորդ սոտիումը դուրս բերելու մարմնէն: Սոտիումին կուտակումը պատճառ կը դառնայ օրկանիզմին մէջ հեղուկի պահպանպան, կը յառաջացնէ այտուց եւ կը նպաստէ զարկերակային ճնշման բարձրացումին: