Երբեմն օրը առտուընէ լաւ չի սկսիր: Գլխացաւը կը սպառնայ լիովին խախտել առօրեան: Ինչո՞ւ առաւօտեան կը ցաւի գլուխը. պատճառները բազմաթիւ են: Սովորաբար, անոնք կապուած են սխալ ապրելակերպի հետ:
Առաւօտեան գլխացաւերու ծանօթ պատճառներ.
Գիշերային քունը պէտք է տեւէ առնուազն 7-8 ժամ: Երկարատեւ քունի պակասը պատճառ կը դառնայ «շտապողականութեան մեքանիզմներ»ու (emergency mechanisms) գործարկման: Կը նշմարուի սրտազարկի յաճախացում, զարկերակային ճնշման հաւանական բարձրացում եւ առաւօտեան երկարատեւ գլխացաւ:
Առաւօտեան գլխացաւ կրնայ յառաջանալ չափազանց երկար քունէ յետոյ:
Կանոնաւոր սուրճ խմող մարդիկ կրնան գլխացաւ ունենալ, եթէ ժամանակին չխմեն այդ կազդուրիչ ըմպելիքը: Սուրճը կը խթանէ ջղային համակարգին աշխատանքը, իսկ բացակայութիւնը կրնայ նպաստել անօթներու լայնացման եւ զարկերակային ճնշումի բարձրացման:
Որքան շատ ոգելից խմիչք խմէք նախորդ օրը, այնքան զօրաւոր կ՚ըլլայ առաւօտեան գլխացաւը: Բացի այդ, «ալքոլային» խմիչքները լրջօրէն կը վատթարացեն քունի որակը: Այս բոլոր գործօնները պատճառ կը դառնան գլխացաւերու յառաջացումին:
Երբեմն առաւօտեան գլխացաւերու յառաջացման պատճառները կրնան աւելի լուրջ ըլլալ, զանոնք սեփական միջոցներով դարմանել կարելի չէ: Այդ պատճառով աւելի լաւ է չուշանալ՝ այլ անմիջապէս դիմել համապատասխան բժիշկներուն:
Գլխացաւը կրնայ ազդանշան ըլլալ անիւրիզմի (շնչերակի ծաւալում), գլխուղեղի ուռուցքներու, կաթուածի, բարձր ճնշման եւ այլ ախտաբանութիւններու:
Եւ եթէ նկատէք հետագայ ախտանիշները՝ անհրաժեշտ է անպայման դիմել բժիշկին.
– Պարբերաբար գլխացաւերու յառաջացում՝ շաբաթը 2 անգամ կամ աւելի յաճախ:
– Ցաւերուն կ՚ընկերանան անհասկնալի սրտխառնուք, փսխունք:
– Գանկի նոր վնասուածք, որմէ ետք կը սկսին գլխացաւեր:
-Գլխացաւին հետ միասին տեղի կ՚ունենայ գիտակցութեան մթագնում:
Առողջ եղէք եւ օրը անցուցէք առանց աւելորդ լարուածութեան: