The Conversation պարբերականը հրապարակած է հետազօտող Վանեսա Լոպիւի յօդուածը, ուր հեղինակը կը խօսի նորածիններու յիշողութեան մասին: Հեղինակին կարծիքով, հակառակ մանրամասնութիւններու հսկայական տարբերութեան, մարդոց առաջին յիշողութիւնները որոշ ընդհանուր բաներ ունին` անոնք բոլորը ինքնակենսագրութիւններ են եւ, որպէս կանոն, կը ձեւաւորուին 2-3 տարեկանէն ոչ առաջ:
Հակառակ անոր, որ մինեւ 2-3 տարեկան մարդիկ շատ քիչ բաներ կը պահեն յիշողութեան մէջ, հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ երեխաները որոշ յիշողութիւններ կը ձեւաւորեն: Օրինակ, անոնք կը յիշեն իրենց մօր դէմքը եւ զայն կը տարբերեն անծանօթ մարդու դէմքէն: Քանի մը ամսու երեխաները արդէն ցոյց կու տան, որ կը յիշեն մարդիկ՝ ժպտալով ծանօթներուն:
Լոպիւն կը նշէ, որ կ՚առանձնանան յիշողութեան շարք մը տեսակներ, որոնցմէ են իմաստային յիշողութիւնը, փաստերու վրայ հիմնուած յիշողութիւնը, ընթացակարգային յիշողութիւնը, կամ որեւէ գործողութիւն կատարելու մասին յիշողութիւնը. օրինակ` ինչպէս բանալ մուտքի դուռը կամ ինքնաշարժ վարել:
1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն, հոգեբան Քերոլայն Ռովի Քոլիի տարրալուծարանին մէջ կայացած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է որ նորածինները կրնան կանուխ տարիքէն ձեւաւորել վերոնշեալ տեսակի յիշողութիւններ:
Հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն` վեց ամսու երեխան մէկ վայրկեաննոց մարզումը կը յիշէ մէկ օր անց, եւ որքան մեծ է երեխային տարիքը, այնքան երկար ան կը յիշէ տեղի ունեցածը: Հոգեբանին հետազօտութեան արդիւնքով պարզ կը դառնայ, որ երեխաներուն կարելի է օգնել աւելի երկար ժամանակ յիշել իրադարձութիւնը` զանոնք աւելի երկար մարզելով եւ յուշելով: