ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ–ԹԱՇՃԵԱՆ
Ի՞նչպէս կ՚ըլլար մեր աշխարհը, եթէ մենք անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ քաղցր ուտելու մոլի չդառնայինք:
Արդի բժշկութիւնը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ գիտական հիմնաւորումով բժշկութիւն, եթէ լսած ըլլար 50 տարի առաջ գիտնականներու կողմէ յայտարարուած շաքարի վտանգներուն մասին, ապա մենք այժմ պիտի ապրէինք ամենեւին այլ աշխարհի մը մէջ:
Եթէ համացանցը պրպտէք, կը գտնէք յօդուածներ, թէ ի՛նչպէս 50 տարի առաջ շաքար եւ գինի արտադրող գործարաններ թաքցուցած են արդիւնքները «շաքարի հետեւանքները առողջութեան վրայ» ուսումնասիրութիւններուն եւ նոյնիսկ դադրեցուցած անոնց ֆինանսաւորումը, որոնք պէտք է ցոյց տային շաքարին առնչութիւնը սրտանօթային հիւանդութիւններու հետ:
Ինչո՞ւ շաքարը վատ է ձեզի համար
Ժամանակակից կեանքի հեւքը կը ստիպէ, որ մարդիկ «արագ ճաշեր» պատրաստեն եւ գործածեն պատրաստի վերամշակուած ուտելիքներ, եւ որովհետեւ մշակուած այս տուփեղէնները յաճախ կը պարունակեն շաքար, հետեւաբար անոնք կը կազմեն օրուան քալորիներուն (ջերմուժին) մեծ բաժինը:
Ըստ համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան զեկուցման, առողջ կերակրականոնը օրական պէտք է պարունակէ ոչ աւելի քան 10% շաքար, քանի որ 10%-էն աւելի սպառումը կրնայ պատճառ դառնալ գիրութեան, քրոնիկ հիւանդութիւններու եւ յատկապէս՝ շաքարախտի:
1.Շաքարը գիրութիւն կը պատճառէ
Գէր անձերու թիւի աճը դարձած է համաշխարհային աղէտ, որուն մեղաւորներէն առաջինը կը համարուի շաքարը կամ քաղցր ըմպելիքները, ինչպէս՝ սոտան, պտղահիւթերը, քաղցր թէյերը, որոնք յագեցած են ֆրուքթոզով, որ շաքարի պարզ ձեւերէն մէկն է: Առատ ֆրուքթոզի սպառման պարագային կ՛աճի ուտելիքի ցանկութիւնը եւ անօթութեան զգացողութիւնը. դեռ աւելին՝ կը պատճառէ լեպթինի դիմադրութիւն. հորմոն մը, որ կը կարգաւորէ անօթութեան կեդրոնը եւ մարմինին կը փոխանցէ ուտելու կամ չուտելու հրահանգը:
Բացի գիրութենէն, քաղցր ըմպելիքներու օգտագործումը կը պատճառէ նաեւ ընդերային ճարպի կուտակում՝ այսինքն փորի խորունկ ճարպերու յաւելում, որ սերտօրէն կապուած է շաքարախտի եւ սրտի հիւանդութիւններու հետ:
- Շաքարը սրտի հիւանդութիւններ կը պատճառէ
Աշխարհի տարածքին մահերու թիւին մէկ պատճառը սրտային հիւանդութիւններն են, որոնք սերտօրէն կապուած են շաքարային սննդակարգին հետ:
Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ վկայութիւններ ցոյց կու տան, որ շաքարը կը յառաջացնէ բորբոքում, բարձր թրիկլիսերիտ, արեան բարձր գերճնշում, շաքարախտ եւ աթերսքլերոզ (երակներու խցանում):
Յիշեցման կարգով յայտնենք, որ 1 թիթեղ սոտան կը պարունակէ 52 կրամ շաքար, որ արդէն կը կազմէ օրուան քալորիներու ընդունման չափին 10 տոկոսը (2000 քալ/ օր չափանիշով), ինչ որ կը նշանակէ, թէ 1 թիթեղով օրուան թելադրելի քանակին արդէն հասած ենք:
- Շաքարը բշտիկներ կը պատճառէ
Շաքարային սնունդը կրնայ ունենալ բարձր կլիսեմիք կամ ցած կլիսեմիք ինտեքս:
Բարձր կլիսեմիք ինտեքսով շաքարները շատ աւելի արագ կը բարձրացնեն կլուքոզը, քան ցած կլիսեմիք ինտեքսով սնունդը: Արեան շաքարի բարձրացման հետ կը բարձրանայ նաեւ ինսուլինը, որուն հետեւանքով կը բարձրանայ անտրոժեն հորմոնի արտադրութիւնը, իւղի գոյացումը եւ բորբոքումի յառաջացումը: Այս բոլորը կը յանգեցնէ բշտիկի զարգացման: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ցած կլիսեմիք ինտեքս ունեցող սնունդը նուազ վտանգ է բշտիկի յառաջացման գործընթացին:
- Շաքարը շաքարախտ կը պատճառէ
Վերջին 30 տարիներուն, շաքարախտով հիւանդներուն թիւը կրկնապատկուած է:
Թէեւ այլ պատճառներ կան, սակայն շատ յստակ կապ գոյութիւն ունի շաքարի սպառումի եւ շաքարախտի միջեւ:
Շաքարախտի զարգացման ամենազօրաւոր գործօնը գիրութիւնն է, որ շատ յաճախ կապուած է առատ շաքարի ընդունման հետ: Իսկ շաքարի երկարատեւ օգտագործումը կը յանգեցնէ ինսուլինի դիմադրութեան, հորմոն մը` որ կ՚արտադրուի ենթաստամոքսային գեղձին (pancreas)ի կողմէ եւ որ կը կարգաւորէ արեան շաքարի մակարդակը: Ինսուլինի դիմադրութեան պատճառով կը բարձրանայ արեան շաքարի մակարդակը եւ հետեւաբար՝ շաքարախտի վտանգը:
Մարդոց վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը պարզած է, որ օրական 1 թիթեղ սոտա խմելու պարագային շաքարախտ ունենալու վտանգը կ՛աւելնայ 1.1 տոկոսով:
- Շաքարը կը բարձրացնէ քաղցկեղի վտանգը
Չափազանցուած քանակներով շաքար ուտելը կը բարձրացնէ քաղցկեղէ տառապելու վտանգը: Յիշեցնենք, որ, շաքարը կը պատճառէ գիրութիւն, ինսուլինի դիմադրութիւն, բորբոքումներ, որոնք, իրենց կարգին, կը պատճառեն տարբեր տեսակի քաղցկեղներ:
Շաքարի եւ քաղցկեղի միջեւ կապը դեռ եւս ուսումնասիրութեան մէջ է եւ լիովին հասկնալու համար այս բարդ յարաբերութիւնը անհրաժեշտ են յաւելեալ հետազօտութիւններ:
- Շաքարը ընկճուածութիւն կը պատճառէ
Առողջ սննդականոնը պէտք է բարելաւէ տրամադութիւնը, մինչդեռ շաքարի եւ վերամշակուած պատրաստի ուտելիքներու օգտագործումը (կարկանդակներ, շաքարային խմիչքներ) կը բարձրացնեն ընկճուածութեան վտանգը:
Ըստ հետազօտութիւններու, արեան շաքարի մնայուն տատանումները եւ բորբոքումներու առկայութիւնը կրնան պատճառ դառնալ հոգեկան առողջութեան վատթարացման եւ զարգացնել ընկճուածութիւն թէ՛ տղամարդոց, եւ թէ կիներուն մօտ:
- Շաքարը կը պատճառէ մորթի ծերացում
Կնճիռները ծերացման բնական նշան են. ի վերջոյ փախուստ չկայ, օր մը պիտի յայտնուին անկախ ձեր առողջութեան վիճակէն: Այնուամենայնիւ, աղքատ սնունդը կրնայ արագացնել կնճիռներու յառաջացումը եւ ծերացման գործընթացը: Կլիքաթիոնը բաղադրիչ մըն է, որ կը ձեւաւորուի մարմինին մէջ շաքարի եւ սպիտակուցի փոխազդեցութեան ընթացքին եւ առանցքային մեծ դեր կը խաղայ ծերացման գործընթացին մէջ: Հետեւաբար, ածխաջրերու եւ շաքարի օգտագործումը կ՚առաջնորդէ կլիքաթիոնի արտադրման եւ բնականաբար` վաղաժամ ծերացման: Կլիքաթիոնը կը վնասէ քոլաժենին ու էլասթինին, եւ մորթը կը կորսնցնէ իր ամրութիւնն ու երիտասարդութիւնը:
- Շաքարը բջիջային ծերացում կը պատճառէ
Թելոմերները, քրոմոզոմներու ծայրը գտնուող կառոյցներ են, որոնք մաս կը կազմեն ծինային համակարգին: Անոնք հանդէս կու գան իբրեւ պաշտպանիչ գլխարկներ, կանխելով քրոմոզոմներու միաձուլումը:
Թէեւ տարիքի հետ թելոմերներու կրճատումը բնական գործընթաց է, սակայն անառողջ ապրելակերպը կրնայ արագացնել այս բջիջներու ծերացումը:
Մեծ քանակութեամբ շաքարի սպառումը կրնայ արագացնել թելոմերներու կրճատումը, հետեւաբար կը զարգանայ վաղաժամ բջիջային ծերացում:
- Շաքարը կը պատճառէ ժամանակաւոր ջերմուժ
Շաքարային սննդամթերքները արագօրէն կը բարձրացնեն արեան շաքարի եւ ինսուլինի մակարդակը, որ իր կարգին կը յանգեցնէ ջերմուժի արագ բարձրացման: Սակայն ջերմուժի այս արագ աւելացումը կարճ թռիչք մըն է, որուն կը յաջորդէ արեան մէջ շաքարի մակարդակի կտրուկ անկում: Ջերմուժի տատանումներէն խուսափելու եւ ջերմուժի մակարդակը պահելու համար, անհրաժեշտ է ընտրել ուտելիքներ, որոնք աղքատ են շաքարով բայց հարուստ են մանրաթելերով (fibers), սպիտակուցներով եւ ճարպերով: Օրինակ՝ խնձոր մը եւ ափ մը նուշը հիանալի խորտիկ են երկար եւ հետեւողական ջերմուժ ապահովելու համար:
- Շաքարը կը պատճառէ լեարդի ճարպակալում
Ֆրուքթոզի հետեւողական ընդունումը կապուած է լեարդի ճարպակալման եւ վըտանգին հետ: Ի տարբերութիւն շաքարի այլ տեսակներուն, որոնք կը ներծծուին մարմինի բազմաթիւ բջիջներուն կողմէ, ֆրուքթոզի ճեղքումը բացառաբար տեղի կ՚ունենայ լեարդին մէջ, ուր ֆրուքթոզը կը վերածուի կլիքոժենի, եւ որոշ քանակ մը կը պահուի իբրեւ ջերմուժ, իսկ մնացածը կը վերածուի ճարպի:
Ֆրուքթոզի տեսքով մեծ քանակութեամբ շաքարը կը ծանրաբեռնէ լեարդը եւ կը յառաջացնէ լեարդի ճարպակալում՝ պայմանաւորուած աւելորդ իւղերով:
- Շաքարը կը պատճառէ երիկամներու հիւանդութիւն
Երկարատեւ արեան շաքարի բարձր մակարդակը կրնայ վնասել երիկամներու արեան նուրբ անօթները եւ բարձրացնել երիկամային հիւանդութեան վտանգը:
- Շաքարը կը պատճառէ ակռաներու վատառողջութիւն
Չափէն աւելի շաքար ուտելը կրնայ յառաջացնել ակռաներու խոռոչներ. բերանի մանրէները կը կերակրուին շաքարով եւ կ՚արտադրեն թթուներ, որոնք կը փճացնեն ակռաները:
- Շաքարը կը պատճառէ յօդատապ (gout)
Յօդատապը բորբոքային վիճակ է, որ կը բնորոշուի յօդերու ցաւով: Շաքարը կը բարձրացնէ արեան միզաթթուի (uric acid) մակարդակը, ուստի կը բարձրացնէ նաեւ յօդատապի վտանգը:
- Շաքարը կը պատճառէ ճանաչողական յատկութիւններու անկում
Առատ շաքարային սննդականոնը կրնայ զարգացնել յիշողութեան կորուստ եւ մտագարութիւն (dimentia):
Քանի մը խորհուրդ թէ ի՛նչպէս նուազեցնել շաքարի սպառումը
– Փոխարինել սոտան, ջերմուժային խմիչքները, հիւթերը, քաղցր թէյերը՝ ջուրով:
– Սուրճը խմել սեւ, առանց շաքարի:
– Քաղցր մածունը փոխարինել պարզ մածուն-պտուղներով:
– Պտղահիւթերը փոխարինել պտուղներով:
– Պատրաստի քաղցր թացանները (sauce) փոխարինել ձիթապտուղի ձէթով եւ քացախով:
– Գնել սոսեր, թուրշիներ, ketchup, կարագ՝ առանց աւելցուած շաքարի:
– Փոխարինել առաւօտեան հացահատիկային (cereals) նախաճաշը ձուածեղով, թարմ պտուղներով, թարմ կանաչիներով:
– Խուսափիլ ալքոլային խմիչքներէ:
– Ուտել թարմ սնունդ:
– Լաւագոյն ձեւը՝ տունը պատրաստել թարմ եւ առողջ ուտելիք: