COVID 19-ով մահացածները փակ դագաղներու մէջ կը թաղեն ոչ այն պատճառով, որ անոնց աճիւնները կրնան վտանգ ներկայացնել ուրիշներու համար, YouTube-ով կը յայտնէ ծանօթ մանկաբոյժ եւ հաղորդավար Եւգենի Քոմարովսքին:
«COVID 19-ով մահացածին յուղարկաւորութիւնը վտանգաւոր է միայն այն պատճառով, որ դագաղին շուրջ հաւաքուած հարազատները կը խախտեն ընկերային հեռաւորութիւնը: Մահացածը չի վարակեր», կ՚ըսէ բժիշկը:
Անոր համաձայն, փակ դագաղը եւ հանգուցեալին հրաժեշտ տալու արգելքը իշխանութիւններու սխալ վարքի արտայայտութիւններ են, որոնք ճիշդ չեն բացատրեր մարդոց: Մասնագէտը կ՚աւելցնէ, որ յուղարկաւորութեան ժամանակ անհրաժեշտ է դիմակ կրել եւ պահպանել ընկերային հեռաւորութիւնը:
Ան նաեւ կը շեշտէ, որ հիւանդութեան առաջին նշաններուն ի յայտ գալէն արդէն 4-5 օր յետոյ COVID 19-ով վարակուած անձը զգալիօրէն նուազ վարակիչ կը դառնայ, իսկ յուղարկաւորութեան ժամանակ պսակաձեւ ժահրէն մահացածին կողքին կենալը վտանգ չի ներկայացներ. դիակը չի վարակեր: