Սրտանօթային հիւանդութիւնը ընդհանրապէս կը վերաբերի այն պարագաներուն, որոնք կը ներառեն նեղցած կամ խցուած արեան անօթներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ սիրտի տագնապի, կուրծքի ցաւի, կամ ուղեղային կաթուածի:
Ինչո՞ւ պէտք է գիտնալ վտանգի ազդակները:
Այնքան աւելի շատ վտանգի ազդակներ ունենաք, այնքան աւելի հաւանականութիւն կայ, որ սրտանօթային հիւանդութիւն ունենաք, բացի եթէ առնէք անհրաժեշտ քայլերը վտանգի ազդակները փոխելու համար:
Որո՞նք են սրտանօթային հիւանդութեան վտանգի փոփոխելի ազդակները:
Ֆիզիքական անշարժութիւն. աշխուժ ըլլալը օգտակար է ձեր արեան անօթներու առողջութեան համար:
Բաւարար է միայն՝
– Շաբթուան ընթացքին 150 վայրկեան տեւողութեամբ (2 ժամ եւ 30 վայրկեան) չափաւոր ֆիզիքական գործունէութիւն կատարել
– Կամ օրական` մէկ ժամ ծանր ֆիզիքական գործունէութիւն
Ծխախոտը կը վնասէ՝
– Արեան անօթներու ներքին խաւին:
– Կ՛աւելցնէ ճարպային կուտակումները զարկերակներուն մէջ:
– Կը բարձրացնէ գէշ մաղձաճարպի (bad cholesterol LDL) մակարդակը:
– Կը նուազեցնէ լաւ մաղձաճարպի (good cholesterol HDL) մակարդակը:
– Եւ նիքոթինը կը յառաջացնէ սիրտի զարկի արագացում եւ կը բարձրացնէ զարկերակային ճնշումը:
Սննդականոն – Վնասակար իւղերով հարուստ սննդականոն մը կը բարձրացնէ սիրտի հիւանդութեան եւ կաթուածի վտանգը: Միւս կողմէ, թարմ պտուղներով եւ բանջարեղէններով հարուստ սննդականոն մը կը պաշտպանէ ձեր սիրտը:
Շաքարախտ – Հսկողութեան տակ չգտնուող շաքարախտը կրնայ 2-էն 4 անգամ բարձրացնել սրտանօթային հիւանդութենէ տառապելու վտանգը:
Արեան գերճնշում – Բարձր արեան գերճնշումը վնաս կը հասցնէ ձեր մարմինին արեան անօթներուն, պատճառ դառնալով անոնց խցումին կամ տկարացումին, ինչ որ կը բարձրացնէ զարկերակներու խցումի հաւանականութիւնը:
Գիրութիւն – Ներորովայնային ճարպը կ՛ազդէ զարկերակային ճնշման եւ ձեր արեան ճարպի մակարդակներուն վրայ, եւ կը խոչընդոտէ «ինսիւլին»-ը արդիւնաւէտօրէն օգտագործելու ձեր կարողութիւնը, ինչ որ կը յառաջացնէ շաքարախտ՝ սրտանօթային հիւանդութեան վտանգի ազդակ մը: