ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
Ակռաները վրձինելու համար լաւ մածուկ մը գտնելը թէեւ այսօր մեծ խնդիր մը չէ, որովհետեւ խանութները լեցուն են շատ մեծ տեսակներով, սակայն մարդիկ կը շուարին թէ որն է յարմարագոյն մածուկը իրենց ակռաներուն համար եւ ստիպուած ընտրութիւն կը կատարեն ըստ ճաշակի զատելով ամէնէն «համով» մածուկը:
Ակռայի մածուկին դեռը շատ մեծ է առողջ եւ մաքուր բերան ու ակռաներ ունենալու համար, սակայն ընտրութիւն կատարելը դըժուար է, որովհետեւ իւրաքանչիւր մածուկ իր մէջ կը պարունակէ տարբեր նիւթեր եւ կը ծառայէ տարբեր նպատակի: Անշուշտ բոլոր մածուկներուն առաջնահերթ նպատակը ակռաները մաքրելն է, սակայն կարգ մը մածուկներ կը ծառայեն ակռաներուն զգայնութիւնը նուազեցնելու, ուրիշներ ունին հակաբորբոքային ազդեցութիւն, ոմանք կ՚օգտագործուին ակռաները ճերմկցնելու նպատակով եւն… Ուստի ընտրելու համար յարմարագոյն մածուկը՝ պէտք է նկատի առնել հետեւեալ երկու կէտերը.
Առաջին՝ Ձեր ընտրած մածուկը պէտք է անպայման պարունակէ ֆլորայտ (Fluoride):
Ֆլորայտը կ՚օժանդակէ ակռաներու կարծրացման եւ կը բարձրացնէ անոնց դիմադ-րողականութիւնը մանրէներուն դէմ: Կան միայն յատուկ պարագայ ունեցող անձեր, որոնք պէտք է օգտագործեն առանց ֆլորայտի մածուկ: Ասոնք այն անձերն են որոնք ունին ֆլորայտի հանդէպ գերզգայնութիւն կամ առողջական այլ պատճառ մը:
Երկրորդ՝ պէտք է նկատի առնել ակռաներուն ու բերանին առողջական վիճակը: Ըստ այդ առողջական վիճակին, կ՚օգտագործենք տարբեր մածուկներ, օրինակի համար՝
- Զգայուն Ակռաներու Մածուկ (Tooth-paste for sensitive teeth): Յաճախ այնպէս կը պատահի որ ակռաները առողջ ու մաքուր կ՚երեւին սակայն պաղէն կամ տաքէն կ՚ազդուին: Այս պարագային պէտք է օգտագործել այնպիսի մածուկ, որ իր մէջ կը պարունակէ հանքային նիւթեր, որոնք կը պաշտպանեն ակռային դուրսի «էմալ» կոչուող շերտը:
Յաճախ այս շերտին մէջ աչքով անտեսանելի ճեղքեր կ՚առաջանան, որոնք պատճառ կը դառնան զգայնութեան: Ակռաները խոզանակելու ժամանակ, հանքային նիւթերը կա-մաց կամաց կը թափանցեն այդ ճեղքերէն ներս եւ ժամանակի ընթացքին կը գոցեն այդ ճեղքերը՝ նուազեցնելով ակռային զգայնութիւնը:
- Ատամնափառը հեռացնող Մածուկ (An-tiplaque Toothpaste): Ատամնափառը ակռա-ներուն վրայ առաջացող բարակ անտեսանելի թաղանթ մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ մանրէներ: Այդ թաղանթը եթէ ամէն օր չհեռացուի, ժամանակի ընթացքին կրնայ հաստանալ, կարծրանալ ու ատամնաքարի վերածուիլ:
- Ակռաները Ճերմկցնող Մածուկ (White-ning Toothpaste): Անոնք իրենց մէջ կը պարունակեն յղկող նիւթեր (abrasive), որոնք կը մաքրեն ատամնափառը նաեւ կը բանան ակռաներուն դուրսի շերտին «էմալ»ին մէջ գտնուող մանր, անտեսանելի անցքերը՝ ակռաներուն վերադարձնելով իրենց բնական գոյնը: Այս մածուկներուն պարագային պէտք չէ ենթադրել թէ անոնք ամբողջութեամբ կը փոխեն ակռաներուն գոյնը, օրինակի համար դեղին ակռաները վերածելով ճերմակի:
- Բուսական Մածուկներ Որոշ պարագաներու, ակռայի մածուկին մէջ գտնուող տար-բեր նիւթերը, ինչպէս՝ ֆլորայտը կամ մաքրող եւ յղկող նիւթերը, կրնար յառաջացնել լինտերու զգայնութիւն կամ բորբոքում: Այս պարագային կարելի է օգտագործել բուսական բաղադրութիւն ունեցող մածուկներ, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն տարբեր բոյսերու բաղադրիչներ, ինչպէս ՝ «ալօէ վերա»:
Անշուշտ այս նշուած մածուկները ունին իրենց տեսակները: Բացի ասոնցմէ կան նաեւ մանկական մածուկներ, որոնց բաղադրութեան մէջ աւելցուած է քաղցր համ տուող նիւթեր, որպէսզի փոքրիկները աւելի հաճոյքով մաքրեն իրենց ակռաները: Այս պարագային պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ քաղցր համէն խանդավառուած յաճախ փոքրիկները կուլ կու տան այս մածուկները:
Բացի մածուկներէն կարեւոր են նաեւ բերանի ողողման համար օգտագործուող հեղուկները, որոնք կարելի է ներկայացնել տարբեր առիթով:
Շատ կարեւոր են անշուշտ ակռայի թելիկները (Dental Floss): Այս թելիկները նախատեսուած են ակռաներուն միջեւ գտնուող արանքները մաքրելու համար: Այս արանքները այնքան նեղ են որ խոզանակով կարելի չէ մաքրել: Կարեւոր է նաեւ խոզանակին տեսակը: Խոզանակի ընտրութիւնը նոյնպէս կախում ունի ակռաներուն եւ լինտերուն վիճակէն: Նախընտրելի է օգտագործել փափուկ խոզանակներ եւ ամէն առաւօտ եւ գիշերը քնանալէն առաջ նուազագոյնը երեք վայրկեան ժամանակ տրամադրելով՝ խոզանակել բոլոր ակռաները, իրենց բոլոր կողմերով, այսինքն թէ ներսէն եւ դուրսէն եւ ոչ միայն առջեւի ակռաներուն դուրսի բաժինը, ինչպէս որ շատեր կ՚ընեն ենթադրելով թէ ակռաները միայն գեղեցիկ ժպիտ ցուցադրելու եւ դիմացինին վրայ լաւ տպաւորութիւն գործելու համար են… Յանկարծ եթէ քիչ մը լայն ժպտաք, ներսի լաւ չմաքրուած ակռաները շատ արագ կրնան փոփոխութեան ենթարկել դիմացինին կարծիքը:
Ուրեմն, Ճիշդ ակռայի մածուկը ընտրելու համար պէտք է նկատի առնել բերանին ու լինտերուն առողջական վիճակը, իսկ այդ առողջական վիճակը ճիշդ գնահատելու համար անպայման պէտք է այցելել ատամնաբոյժի, որպէսզի ատամնաբոյժը ինք ձեր բերնին ախտաճանաչումը կատարէ ու թելադրէ ձեզ ճշգրիտ մածուկը: