Ի՞նչ ընել, որ պաղարութիւնը չվերածուի հիւանդութեան: Կ՚առաջարկենք այս համեղ թէյերու տեսակները, որոնք ոչ միայն օգտակար են, այլ նաեւ հաճելի:
ԽՆՁՈՐՈՎ, ՆԱՐԻՆՋՈՎ ՈՒ ԴԱՐՉՆՈՎ (ԿԱՍԻԱ – ԽՄԲ.) ԹԷՅ
Ոչ միայն շատ համեղ ըմպելիք է, այլեւ հարուստ է կենսանիւթերով: Անհրաժեշտ է պարզապէս խնձորն ու նարինջը կտրատել, աւելացնել կիտրոնի կեղեւի քերուկ, թրմել սեւ թէյի հետ եւ մատուցել դարչնի ձողիկով:
ԿՈՃԱՊՂՊԵՂՈՎ ԹԷՅ
Այս թէյը կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ վիթամին C: Անիկա անհրաժեշտ է թրմել մօտ 10 վայրկեան, այնուհետեւ աւելցնել կիտրոն:
ԿԱՐԿԱԴԷ
Այս բուրաւէտ թէյը հարուստ է տարբեր կենսանիւթերով ու օրկանական թթուներով եւ նոյնիսկ օժտուած է ջերմ իջեցնող յատկութեամբ:
ԱՆԱՆՈՒԽԻ ԹԷՅ
Այս թէյը ոչ միայն կ՚օգնէ պաղարութեան ժամանակ, այլեւ կը հանգստացնէ: Անանուխի թէյը կարելի է խմել ամէն օր եւ ցանկացած պահուն:
ՊՂՊԵՂՈՎ ԹԷՅ
Այս իւրայատուկ թէյը կը ջերմացնէ, կը բարելաւէ նիւթափոխանակութիւնը, կը պաշտպանէ վիրուսներէն: Անհրաժեշտ է մանրացնել սեւ պղպեղի հատիկները, խառնել զանոնք կանաչ կամ սեւ թէյին եւ աւելացնել մեղր:
ՈՒՐՑՈՎ ԿԱՄ ԾՈԹՐԻՆՈՎ ԹԷՅ
Այս համեղ, օգտակար ու շատ տարածուած ըմպելիքը կ՛օգնէ վերականգնելու ուժերն ու ազատելու հազէն եւ պաղարութենէն:
ՄԱՍՈՒՐՈՎ ԹԷՅ
Մասուրով թէյերը կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ վիթամին C, ուստի շատ օգտակար են ձմրան դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար: