Եթէ կը փափաքիք «մաշեցնել» փորը, ձերբազատիլ փքուածութենէ, ո՛չ միայն պէտք է մարզանք ընէք, այլեւ՝ հետեւիք ձեր սնունդին։ Ահա թէ այս ուղղութեամբ ի՞նչ խորհուրդներ կու տան մասնագէտները:
Հրաժարեցէ՛ք կազային քաղցր խմելիքներէն
Կազային քաղցր խմելիքները շատ վնասակար են թէ՛ առողջութեան եւ թէ մարմնի վայելչութեան համար: Անոնց «տայեթիք» տարբերակները նոյնպէս վնասակար են: Արուեստական շաքարով պատրատուած ուտելիքները եւ խմիչքները ծանր հետեւանքներ կ՚ունենան աղիքային մանրէներուն վրայ՝ պատճառ դառնալով կազի գոյացման, փորի ընդլայնումին եւ ճարպային զանգուածի աճին։ Ուստի, անհրաժեշտ է հրաժարիլ որեւէ քաղցր խմելիքէ, անկախ այն իրողութենէն, որ անիկա արդէն վնասակար շաքար եւ շաքարի նիւթեր կը պարունակէ։
Օգտագործեցէ՛ք խմորուած (fermented) ուտելիքներ
Խմորուած ուտելիքները մարմնին կ՚ապահովեն անհրաժեշտ նիւթերը, որոնք կը նպաստեն աղիքային օգտակար մանրէներու բազմացման։ Այդ ուտելիքներէն են մածունը, թթու կաղամբը եւ թթու կաթնամթերքները։
Օգտագործեցէ՛ք համեմներ
Համեմները կը նպաստեն աղիքներուն մէջ բորբոքումի նուազումին։ Բորբոքումի նուազումը, իր կարգին, կը նպաստէ օգտակար մանրէներու արտարութեան, որոնք կ՚ապահովեն աղիքներու առողջութիւնը։
Տերեւաւոր բանջարեղէն կերէք
Մութ տերեւաւոր բանջարեղէններու ներառումը սննդականոնին մէջ, շատ ազդու միջոց է՝ յաղթելու փորի փքուածութեան եւ առողջացնելու աղիքները։ Աղիքներու լաւ աշխատանքը եւ առողջ նիւթափոխանակութիւնը պարզապէս անհրաժեշտ են աղուոր փոր ունենալու համար։
Բնականաբար, պէտք չէ անտեսել ֆիզիքական մարզանքները։