ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Մարդու օրկանիզմը այնպէս է ստեղծուած, որ ամենաբարդ, տարբեր վիճակներու մէջ ընդունուած սննդային խառնուրդը նոյնպէս կը տրոհուի աւելի պարզ ձեւերու եւ նոր միայն կը մարսուի։
Մարսողութիւնը կը սկսի բերանի խոռոչէն, ուր թքագեղձերու արտադրած հիւթերու ազդեցութեան տակ մանրուած սնունդը կը մշակուի, ապա կ՚անցնի ստամոքս: Ստամոքսի մէջ մարսողական հիւթերը, որոնք կը պարունակեն տարբեր խմորիչներ՝ կը քայքայեն սնունդի պարունակած բարդ միացութիւնները։
Օրուան ընթացքին ստամոքսաղիքային ուղիի մէջ կ՚արտադրուի 5-էն 6 լիթր մարսողական հիւթեր։ Ստամոքսէն կիսամարսուած սնունդը անցնելով բարակ եւ ապա հաստ աղիքներէն՝ կը ներծծուի անոնց պատերու միջոցով եւ արեան հետ կը հասնի բոլոր օրկաններուն եւ հիւսուածքներուն։
Սնունդը 5 մեթր երկարութեան բարակ աղիքներէն կ՚անցնի 4-5, իսկ 2 մեթր երկարութեան հաստ աղիքէ՝ 12-18 ժամուան ընթացքին։ Սնունդի չմարսուած մնացորդները կ՚արտաքսուին կղկղանքի եւ մէզի հետ։ Մարսողութեան եւ իւրացման այս բարդ ընթացքի տեւողութիւնը կախեալ է անձի ընդունած սնունդի տեսակէն եւ անոր խոհարարական մշակման ձեւէն:
Տարբեր եղանակով պատրաստուած միեւնոյն սննդամթերքը ստամոքսի մէջ մարսուելու համար տարբեր ժամանակ կը պահանջէ: Օրինակ՝ տապկուած գետնախնձորը մարսելու համար անհրաժեշտ է մի քանի ժամ, իսկ խաշուած, ճզմուած «Purռe»-ն կը մարսուի անմիջապէս:
Մարսողութիւնը կախեալ է նաեւ այն գործօնէն, թէ ո՛րքան հում բուսական սնունդ կերած է անհատը, քանի որ հում սնունդի բջջանիւթը կ՚արագացնէ մարսողութիւնը:
Սննդային ֆերմենթները կ՚աշխուժանան 37 C աստիճանի վրայ, այնպէս որ պաղ վիճակով ընդունուած սնունդը մարսուելու համար, ժամանակի կարիքը ունի: Ան նախ պէտք է տաքնայ, ապա նոր կը սկսի մարսողութեան գործընթացը, հետեւաբար պաղ սնունդը երկար կը մնայ ստամոքսի մէջ:
Եւ վերջապէս մարսողութիւնը կապուած է անձի տրամադրութենէն։ Յոգնութիւնը եւ ճնշուածութիւնը, կը դանդաղեցնեն մարսողութեան հիւթերու արտադրութիւնը, հետեւաբար կը դանդաղի նաեւ մարսողութեան ընթացքը, եւ ուտելիքը դժուար կը մարսուի։
Երբ անձը ընդունած է վատառողջ, հիւանդագին մանրէներով սնունդը, ան կը գրգռէ աղիքները, յառաջացնելով օրկանիզմի պահպանողական հակազդեցութիւն` փորհարութիւն, որ կը նշանակէ թէ սնունդը չէ մարսուած: Կան սնունդի տեսակներ, զորս խորհուրդ չի տրուիր ուտել նախաճաշին, օրինակ` մածունը: Պարզուած է, որ առտու, անօթի վիճակով ընդունուելով, ան կը կորսնցնէ իր օգտակար յատկութիւնները։ Մածունը պէտք է ուտել նախաճաշէն մէկ ժամ յետոյ կամ քնանալէ առաջ: Կարելի չէ անօթի ստամոքսը ծանրաբեռնել քաղցրաւենիքով, ենթաստամոքսային գեղձը չի հասցներ մարսել շաքարի մեծ քանակը, որուն հետեւանքով կը բարձրանայ շաքարի քանակը արեան մէջ:
Ի՞նչքան եւ ի՞նչպէս ուտել:
Օրուան ընթացքին մարդոց ընդունած սնունդի քանակը 1500 կրամէն աւելի պէտք չէ ըլլայ։ Աւելորդ սնունդ ընդունելու պարագային օրկանիզմը յաւելեալ ջերմուժ կը ծախսէ մարսողութեան ընթացքին յառաջացած նեխումի արգասիքներէն ձերբազատուելու համար։ Միանուագ 700 կրամէն աւելի սնունդի ընդունման մասին կը խօսի ուտելու ընթացքին զկրտոցը:
Ըստ գիտական հետազօտութիւններու, ամենաարդիւնաւէտը օրական չորս անգամ սնուիլն է։ Անօթի մարդուն բնորոշ «գայլի ախորժակէն» գլխացաւ, թուլութիւն չի յառաջանար, եթէ անձը ուտէ 4-5 ժամ ընդմիջումներով, քանի որ այս երեւոյթները ընդհանրապէս կապուած կ՚ըլլան արեան մէջ շաքարի ցած պարունակութեան հետ, որ կը յառաջացնէ անօթութեան զգացում։
Սնունդի չափը կախեալ է ընդունած սնունդի տեսակէն, նոյն ջերմուժի պարագային տարբեր են սնունդի չափաբաժինը, թեթեւ սնունդ կարելի է ուտել աւելի շատ, իսկ ծանրը անոր կէսին չափ:
Շատ կարեւոր է ոչ միայն թէ ի՛նչ կ՚ուտենք, այլեւ թէ ի՛նչպէս կ՚ուտենք: Նոյնիսկ ծանր սնունդը լաւ եւ դանդաղ ծամելու պարագային աւելի դիւրին կը մարսուի: Անմարսողութիւն կը յառաջանայ սնունդը խոշոր կտորներով կլլելու, արագ ուտելու, լաւ չծամելու ինչպէս նաեւ լեարդի արտադրած մաղձի անբաւարարութեան հետեւանքով։
Սննդաբաժնին մէջ եղած սննդամթերքի սննդային արժէքի եւ անոր ջերմուժի քանակի որոշումը եւ գնահատումը կարեւոր է արդիւնաւէտ սննդաբաժին (ռեժիմ) կազմելու համար: Ջերմուժը շատ կարեւոր ցուցանիշ է մեր ամէնօրեայ սննդաբաժնին մէջ. որեւէ սննդամթերքի ջերմուժի մասին անձի տեղեակ ըլլալը կարեւոր է սննդականոնի հետեւելու, օրկանիզմը չծանրաբեռնելու համար:
Ուտելու սկսելէ առաջ պէտք է դուք ձեզի հարցադրէք, թէ իրօ՞ք անօթի էք։ Նախընտրելի է չուտել, երբ հիւանդ էք, յոգնած կամ մրսած։
Մարդիկ, անտեսելով օրկանիզմի պաշարները, կը կարծեն, որ օրկանիզմը անօթի մնալով սարսափելի բան կը կատարուի մոռնալով, որ աւելի շատ մենք կը մահանանք շատակերութենէն, քան սովէն։
Վայրի կենդանիները բնազդաբար կ՚ընտրեն իրենց սնունդը, իսկ մարդը պէտք է ուտէ այն, ինչ որ իրեն հաճելի է:
Մարդու ճաշակը որեւէ կերակրատեսակի նկատմամբ կը յառաջանայ շրջապատի ազդեցութենէն, ընտանիքի սովորութիւններէն, կլիմայական պայմաններէն։ Բժշկութիւնը համեմատաբար վերջերս միայն սահմանած է ճիշդ սնուելու սկզբունքները, թէ ո՞ր սնունդը կարելի է համատեղել միւսին հետ, կամ տարբեր սննդամթերքներու համատեղումը դիւրամա՞րս, թէ դժուարամարս կը դարձնէ զայն։
Ճիշդ սնուելու սկզբունքները առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին, կը պաշտպանեն մարմինը հիւանդութիւններէ, կը բարձրացնեն մարմնի դիմադրողականութիւնը, կը կանխեն կշիռքի յաւելումը։
Յաջորդին.- «Թարմ սնունդի առաւելութիւնները», «Օրկանիզմի մաքրում»: