ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Բեռնաթափման նպատակն է պարբերաբար մարմնէն հեռացնել աւելորդ նիւթերը, որոնք կրնան պատճառ դառնալ որոշ հիւանդութիւններու յառաջացման։ Գէր մարդոց խորհուրդ կը տրուի շաբաթը մէկ անգամ բեռնաթափման օր նշանակել, որուն ընթացքին կարելի է ձերբազատուիլ մարմնի աւելորդ 500-800 կրամ կշիռքէն եւ նպաստել մարմինի մաքրումին։
Բեռնաթափման տեսակը կ՚որոշէ բժիշկը, նկատի առնելով անձին առողջական ընդհանուր վիճակը։
– Ամբողջ օրուան ընթացքին ուտել 1.5 քլկ. խնձոր, բաժնուած 5 մասերու։ Խմել 2 գաւաթ ոչ քաղցր թէյ կամ սուրճ։
– Օրուան ընթացքին ուտել կամ խմել 1,5 լիթր մածուն կամ կաթ, կարելի է խմել ոչ քաղցր թէյ կամ սուրճ։
– Ամբողջ օրը ուտել 400 կրամ առանց իւղի կովու միս, բաժնուած 5 մասերու, կաղամբի, վարունգի եւ լոլիկի հետ։ Խմել 2 գաւաթ սուրճ կամ ոչ քաղցր թէյ։
– Բանջարեղէնային. օրուան ընթացքին ուտել 1.5 քլկ. որեւէ բանջարեղէն, բացի գետնախնձորէն։ Խմել 2 գաւաթ թէյ կամ սուրճ։
Մարսողութիւնը եւ սնունդի ճիշդ համատեղումը
Հարվի եւ Մերիլին Տայմընտներ «Fit For Life» գիրքին մէջ կը պարզաբանեն նոր ապրելաձեւի ուղիները, որոնք բարձրացնելով օրկանիզմի կենսական կենսուժը, հնարաւորութիւն կու տան պահպանելու կառուցուածքը եւ առողջութիւնը մինչեւ ծերութիւն։
Ըստ այս ուսմունքին, կարեւոր է ոչ միայն թէ ի՛նչ կ՚ուտենք, այլ ե՞րբ եւ ի՞նչ համատեղելիութեամբ, եւ անձը հաճոյք ստանալով կերածէն, միեւնոյն ժամանակ կ՚ունենայ լիարժէք յագեցման զգացում, հնարաւորութիւն ունենալով պահպանել մարմնին բնական կշիռքը։ Ըստ այս ուսմունքին, մարմնի աւելորդ կշիռքը եւ հիւանդութիւնները կապուած են մեր մարմնի գործունէութեան բնական շրջաններու անտեղեկութեան հետ։
Մարմնի մէջ սնունդի ընդունումը, մարսողութիւնը եւ արտաքսումը ինչ որ չափով մշտապէս կ՚ընթանան, սակայն կան ժամանակահատուածներ, երբ այդ գործընթացները աւելի բուռն կ՚ընթանան։
– Կէսօրուան ժամը 12-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8-ը, առաւելապէս սնունդի ընդունման եւ մարսողութեան շրջանն է։
– Երեկոյեան ժամը 8-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 4-ը, մարսուած սնունդի ներծծման շրջանն է։
– Առաւօտեան 4-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12-ը, արտաքսումի շրջան է, այսինքն մարմինէն թափօններու ձերբազատման ժամանակը։
Երբ չենք նախաճաշած, նախընտրելի է սպասել մինչեւ ժամը 12։00 Մարմինը ոչինչով կը վնասուի, քանի որ ան կը գտնուի արտաքսման շրջանի մէջ, իսկ երբ անկէ ետք չճաշենք, կը սկսի անհանգիստ վիճակ մը, քանի որ մարմինը անցած է արդէն սնունդի ընդունման շրջանը։ Աւելորդ կշիռքի պարագային աւելի կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել արտաքսման շրջանին եւ նպաստել անոր գործընթացին։
Փրոֆեսոր Շելթընին, երկար տարիներու ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ, մշակած է սնունդը ճիշդ համատեղելու սկզբունքները։ Մարդու օրկանիզմի մէջ սնունդի մարսողութիւնն է, որ բաւական կենսուժ կը պահանջէ, որուն վառ օրինակն է լաւ ուտելէ ետք, քնանալու ցանկութիւնը։ Ծանր սնունդի պարագային, մարսելու վրայ ծախսուած կենսուժը (energy) աւելի է, քան վազքի եւ լողալու ժամանակ։ Կարեւոր է, որ մարմնի ջերմուժ ծախսուի ոչ միայն սնունդը մարսուելու, այլ մարմինէն թափօններու արտաքսման եւ այլ գործողութիւններու համար։
Երբ սնունդը ճիշդ համատեղուած է, մարմինը անոր մարսողութեան համար քիչ ջերմուժ կը ծախսէ։ «Մարդոց 2/3-ը կը տառապի աւելորդ կշիռքէ, քանի որ կը սնանին ոչ ճիշդ համատեղելով սնունդը»,- կ՚ըսէ բժիշկ Շելթըն։
Օրինակ, մենք միշտ կ՚ուտենք միս եւ որեւէ լրացում, օրինակ՝ գետնախնձոր կամ որեւէ ածխաջրատ կամ օսլա պարունակող սնունդ։
Ի՞նչ կը կատարուի ստամոքսին մէջ։ Ածխաջրատները՝ գետնախնձորը, ձաւարեղէնը, քաղցրաւենիքը կամ հացը, մարսուելու համար, պէտք ունին հիմնային միջավայրի, իսկ միսին փրոթէինները տրոհման եւ իւրացման համար պէտք ունին թթուային ստամոքսահիւթի։ Երբ միս եւ գետնախնձոր կ՚ուտենք միաժամանակ, ստամոքսին մէջ կը ստեղծուի բարդ իրավիճակ. այս երկու տեսակի ստամոքսահիւթերը գտնուելով միաժամանակ ստամոքսի մէջ, կը չէզոքացնեն միմեանց։
Ստամոքսը պէտք ունի նոր հիւթեր արտադրելու, որուն համար կը պահանջուի աւելորդ ժամանակ եւ ջերմուժ։ Այսպիսով սնունդը երկար, կիսամարսուած կը մնայ ստամոքսին մէջ, ապա կը սկսի խմորում եւ նեխում, յառաջացնելով թունաւոր թթուներ եւ կազեր։ Սպիտակուցային սնունդ ընդունելէ ետք՝ միս, ձուկ, կաթնամթերք, սունկ, նախընտրելի է ջուր չխմել, իսկ պտուղ կամ քաղցրաւենիք, կարելի է ուտել հիմնական ճաշէն 2-3 ժամ յետոյ միայն:
Ստամոքսէն կիսամարսուած սնունդը, կ՚անցնի 9 մեթր երկարութեամբ բարակ աղիքներու մէջ, որոնք այդ նեխած սնունդը ներծծելու համար բաւական ժամանակ եւ ջերմուժ կը սպառեն։
Հետեւաբար, անհամապատասխան սնունդը ստամոքսին մէջ կը մնայ մօտաւորապէս 8, իսկ աղիքներուն մէջ՝ 20-40 ժամ։ Սնունդը ստամոքսին մէջ լաւ մարսուելու համար անհրաժեշտ է որ մէկ տեսակ ըլլայ, խօսքը կարծր սնունդի մասին է։ «Եթէ կ՚ուզէք ուտել միս, ձուկ, հաւ, կերէք որքան կը փափաքիք,- կ՚ըսէ բժիշկ Շելթըն,- սակայն առանց բրինձի կամ գետնախնձորի. անոնց հետ կերէք բանջարեղէն՝ ինչքան կը փափաքիք, որոնց մարսողութեան համար չեն պահանջուիր յատուկ մարսողական հիւթեր եւ աւելորդ ջերմուժ»։ Այսպիսով, ճիշդ չհամատեղելով սնունդը, մենք կը վնասենք մեր առողջութեանը։
Սնունդի սխալ համատեղման արդիւնք է նաեւ յաճախակիօրէն յառաջացող ստամոքսաղիքային կազերը։ Խմորման երեւոյթները եւ մարսողութեան դժուարութիւնները կը յառաջացնեն մարսողութեան խանգարումներ, աղիքներու խցանումներ, որուն հետեւանքով՝ օրկանիզմի թունաւորում։ Այս մեթոտի հիմքը սնուելու պարզութիւնն է, ուտելիքներու միատեսակութիւնը։
Հետաքրքրական է, որ հումակերներու մօտ անմարսողութիւն եւ աւելորդ կազեր չեն յառաջանար։ Ամէն մարդ գիտէ, որ ուշ ժամերուն ուտելը վատ սովորութիւն է, սակայն քիչերը գիտեն, որ արթննալուն պէս ուտելը աւելի վատ է։
Նախընտրելի եւ աւելի առողջապահական է, արթննալէն մինչեւ ժամը 12 ուտել միայն պտուղներ, խմել պտուղի հիւթեր, յատկապէս՝ նիհարնալ ցանկացողներուն համար։ Պտուղներու մարսումին համար շատ քիչ ջերմուժ անհրաժեշտ է, մնացածը կը ծախսուի մարմինէն աւելորդ թափօններու հեռացման համար։
Պտուղները ստամոքսին մէջ կը մնան ամէնէն շատ կէս ժամ, բացի պանանէն, արմաւէն եւ չոր պտուղներէն։ Այս պտուղները կը մնան ստամոքսին մէջ մինչեւ մէկ ժամ եւ յագեցուածութեան աւելի երկար զգացում կը պատճառեն։ Շատերուն մօտ պտուղները կը յառաջացնեն անմարսողութիւն, կազեր, քանի որ մենք ճիշդ չենք ուտեր զանոնք։ Ճիշդ օգտագործման պարագային անոնք ոչ միայն կենսանիւթերու հարուստ աղբիւր են, այլեւ կը մաքրեն մեր մարմնին մէջ կուտակուած սնունդի մնացորդները։ Պտուղները եւ բանջարեղէնները ունին թոյները չէզոքացնելու, մարմինի հիմնաթթուային հաւասարակշռութիւնը պահպանող յատկութիւն։