«Nature» պարբերաթերթին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ջղաբջիջները («neurons»), որոնք կ’աշխուժանան ուղեղի յիշողութեան կեդրոնին մէջ քունի ժամանակ, ոչ միայն կը վերաքաղեն անցեալը, այլեւ կրնան նայիլ ապագային եւ մարզուիլ գործունէութեան մը համար, որ դեռ չէ պատահած:
Հետազօտողներուն համաձայն, «երազները, որոնք կը նախատեսեն ապագան պարզ զուգադիպութիւններ չեն, եւ ուղեղը իսկապէս կրնայ նախատեսել գալիք փորձառութիւնները»:
Միշիկըն համալսարանի գիտնականներուն ղեկավարած փորձագէտներու մէկ խումբը վերլուծած է մուկերու ուղեղի ալիքներուն ընթերցումները արթուն եւ քնացած վիճակներու մէջ: Քունի մէջ մուկերը ոչ միայն կ’երազէին այն տեղերուն մասին, զորս արդէն այցելած էին «լաբիւրինթոսին» մէջ, այլեւ կը մտածէին հնարաւոր նոր ճամբաներու մասին:
Երբ արթննալէ ետք, մուկերը կը վերադառնան լաբիւրինթոս, անոնց նեարդային աշխուժութիւնը եւ ուղիներու որոնումը որոշ չափով կը համեմատէր քունի ընթացքին երազած նոր ճամբաներուն:
Քունը մեզի կ’օգնէ ձեւաւորելու յիշողութիւններ, թէեւ փորձը կիրարկուած է միայն մուկերու վրայ, հաւանական է, որ նման բան տեղի կ’ունենայ նաեւ մարդու ուղեղին մէջ,- կը նշէ «Science Alert» հարթակը:
Այն, ինչ որ տեղի կ’ունենայ մեր ուղեղին մէջ քունի ժամանակ, կ’ազդէ մեր սորվելու եւ մեր ուղեղը անվտանգ պահելու ձեւերուն վրայ: Միացեալ նահանգներու «Rice» համալսարանէն նեարդաբան Քալէպ Քեմէր կ’ըսէ.- «Մենք կրնանք տեսնել, որ այս այլ փոփոխութիւնները տեղի կ’ունենան քունի ատեն, եւ երբ կենդանիները կը վերադարձնենք նոյն միջավայրը, կրնանք ստուգել, որ այդ փոփոխութիւնները իսկապէս կը ցոլացնեն այն, ինչ որ անոնք սորված են իրենց քունին մէջ»: