Արեան մէջ երկաթի պակասը կրնայ յանգեցնել ախտամերժ (immune) համակարգի կարեւոր բջիջներու` լիւքոսիթներու (leukocytes) քանակի կտրուկ նուազումին, կ’ըսեն քաղցկեղի ուսումնասիրման գերմանական կեդրոնի հետազօտողները Science Advances պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ: Երկաթի մատակարարումը բջիջներուն կը վերահսկուի IRP-1 եւ IRP-2 երկու սպիտակուցներով (proteins), նշուած է նոյն յօդուածին մէջ: Գիտնականները արգելակած են երկու սպիտակուցներու աշխատանքը տարեց մուկերու մօտ, որուն հետեւանքով կենդանիներուն քով յառաջացած է ծանր սակաւարիւնութիւն. երկաթի բացակայութեան պատճառով փոքրացած են հեմոկլոպինի (hemoglobin) քանակութիւնը եւ էրիթրոսիթների (erythrocytes) չափը:
Միեւնոյն ժամանակ, մեծապէս նուազած է լիւքոսիթներու, հիմնականօրէն նիւթրոֆիլներու (neutrophils) մակարդակը: Այդ ախտամերժ բջիջները կը կազմեն մարդու լիւքոսիթներուն երկու երրորդը եւ բնածին ախտամերժ համակարգի կարեւոր բաղադրիչներ են:
Գիտնականները պարզած են, որ այս նուազումը առաջ եկած ոչ թէ նիւթրոֆիլներու մահով, այլ ոսկրածուծին մէջ անոնց հասունացման դադարեցումով:
Այդ կրնայ մատնանշել այն, որ այդ ընթացքը կախեալ է երկաթէն: Լիւքոսիթներու միւս տեսակները, օրինակ` մոնոսիթները (monocytes) երկաթի պակասէն չեն տուժած:
Երկաթի անբաւարարութիւնը պաքթերիալ բաթոժէններու դէմ կ’ազդէ ախտամերժական պաշտպանութեան վրայ, կ’ենթադրեն հեղինակները: Միւս կողմէ` հետաքրքըրական է, որ երկաթի անբաւարարութիւնը օրկանիզմի պաշտպանական ռազմավարութիւններէն մէկն է պաքթերիալ վարակներու ժամանակ. բազմաթիւ բաթոժէններ կախեալ են երկաթէն: Անոնց բազմացումը դանդաղեցնելու համար օրկանիզմը կը կուտակէ մետաղը որոշ բջիջներու մէջ, որոնք որպէս պահեստախցիկ կը ծառայեն, որպէսզի աւելի դժուար ըլլայ բաթոժէններուն հասնելու այդ արժէքաւոր աղբիւրին:
Ոչ միայն վարակները, այլեւ բորբոքումները յաճախ պատճառ կը դառնան երկաթի անբաւարարութեան, հետեւաբար, սակաւարիւնութեան: Ուստի, ուռուցքէ տառապող հիւանդները, որոնց հիւանդութեան կ’ընկերանան բորբոքային քրոնիք վիճակներ, յաճախ կը տառապին սակաւարիւնութենէ, որ կրնայ լրջօրէն վատթարացնել անոնց կեանքի որակը: