Մելանոման մորթի քաղցկեղի ամէնէն վտանգաւոր տեսակներէն է, որ կը զարգանայ, երբ մելանին արտադրող բջիջներուն մէջ ծինային խանգարումներ տեղի ունենան:
Հիւանդութեան զարգացման մեզի ծանօթ հիմնական պատճառներէն է արեւու եւ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ազդեցութիւնը: Քաղցկեղի այս տեսակը շատ վտանգաւոր է, իսկ անոր բարեյաջող բուժման հաւանականութիւնը կախեալ է կանուխ ախտորոշումէն, սակայն հարցը կը կայանայ հոն, որ հիւանդները շատ յաճախ չափազանց ուշ կը դիմեն բժիշկին, ինչ որ կը նուազեցնէ բուժուելու հաւանականութիւնը:
Մորթի քաղցկեղի այս տեսակին ախտորոշման ուշացման պատճառը սովորաբար կ՚ըլլայ այն, որ ախտահարուած հատուածները շատ կը նմանին հասարակ խալերուն, որովհետեւ ուռը ձեւաւորուած կ՚ըլլայ մելանին արտադրող բջիջներով: Այս պատճառով, անհրաժեշտ է մելանոման հասարակ խալէն տարբերել սորվիլ ու ժամանակին միջոցներ ձեռնարկել չարորակ նորակազմութիւններէ ազատելու համար:
Ինչպէս տարբերել վտանգաւոր նորակազմութիւնը հասարակ խալէն
Պարբերաբար զննել մորթը
Ամիսը առնուազն մէկ անգամ անհրաժեշտ է զննել մորթն ու բոլոր խալերը: Այս ձեւով կարելի կ՚ըլլայ ժամանակին նկատել այն խալը, որ անպասելիօրէն սկսած է աճիլ, փոխուած է գոյնը կամ տհաճ զգացումներ կը պատճառէ: Անհրաժեշտ է զննել ոչ միայն հին խալերը, այլեւ անոնք, որոնք նոր ի յայտ եկած են: Եթէ անոնցմէ որեւէ մէկը չնչին կասկած յառաջացնէ, ապա անհրաժեշտ է անյապաղ դիմել ուռուցքաբանին ու բժշկական քննութիւն կատարել:
Կարմրութիւն եւ ցաւի զգացում վրան ճնշելու պարագային
Երբեմն չարորակացումի առաջին ախտանշանը կ՚ըլլայ խալին եզերքի կարմրութիւնը եւ ցաւի զգացում վրան ճնշելու պարագային: Այս պարագային, խալին վրայ նաեւ պնդացումներ կը զգացուին: Նման ախտանշաններ կ՚ենթադրեն անյապաղ բժշկական քննութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւն, որովհետեւ միայն կենսազննման միջոցով կարելի կ՚ըլլայ գիտնալ խալին չարորակ կամ բարորակ ըլլալը:
Մանր խալերու յառաջացում
Երբեմն մարմնի որեւէ մասին կամ ամբողջ մարմնին վրայ անսպասելիօրէն բազմաթիւ մանր խալեր ի յայտ կու գան, որոնք որեւէ անհանգստութիւն չեն պատճառեր, որուն հետեւանքով ալ սովորաբար անտես կ՚անցնինք, սակայն նոյն այս ախտանշանին՝ առաջին հերթին ուշադրութիւն կը դարձնեն ուռուցքաբանները: Հարցը այն է, որ նման մանր խալերու յառաջացումը առաջին ախտանշանն է, որ կը յուշէ մորթին վրայ տեղի ունեցող անբարենպաստ գործընթացներուն մասին, հետեւաբար զանոնք ոչ մէկ պարագայի պէտք է անտեսել:
Քոսոտ զգացում խալին վրայ
Յաճախ մելանոման կը զարգանայ առանց որեւէ ակնյայտ ախտանշանի եւ դրսեւորման, որուն հետեւանքով ալ անիկա կը յայտնաբերուի չափազանց ուշ: Այս պատճառով, մորթին հետ կապուած որեւէ փոփոխութիւն պէտք չէ անտեսուի, որովհետեւ որեւէ անբացատրելի կարմրութիւն, գունատութիւն, այտուց կամ որեւէ այլ փոփոխութիւն կրնայ վտանգաւոր ախտանշան ըլլալ: Պէտք է միշտ ուշադիր ըլլալ նման փոփոխութիւններու եւ երբեք չանտեսել, սակայն աւելի վտանգաւոր է խալի հատուածին քոսոտութիւնը եւ արիւնահոսութիւնը: Նման պարագաներու մելանոմայի ախտորոշման հաւանականութիւնը շատ բարձր է, ուստի անհրաժեշտ է անյապաղ դիմել բժիշկին:
Այս ախտանշանները ոչ միշտ պայմանաւորուած կ՚ըլլան մելանոմայով, հետեւաբար պէտք չէ խուճապի մատնուիլ, սակայն անոնց առկայութիւնը ոչ մէկ ատեն պէտք է անտեսել, որովհետեւ այս հիւանդութեան պարագային, կանուխ ախտորոշումը շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Պէտք է նշել, որ զարգացման կանուխ փուլերուն ախտորոշելու պարագային, մելանոման կարելի է դիւրութեամբ բուժել եւ խուսափիլ լուրջ հետեւանքներէն, ուստի նոյնիսկ չնչին կասկածի ատեն, կարելի չէ յետաձգել այցելութիւնը մասնագէտին: