ՏՈՔԹ. ԶԱՔԱՐ ՄԿՐԵԱՆ
Լայներակութիւնը, այրերու թէ կիներու մօտ, գրեթէ հաւասար տոկոսով տարածուած սեւերակներու հիւանդութիւն մըն է. սակայն միշտ ալ կիներն են որ կը դիմեն բժիշկին՝ դարմանուելու, առ հասարակ գեղեցկագիտական նկատարումներէ տարուած: Մինչդեո երկու սեռերուն մօտ ալ նոյնն են հիւանդութեան պատճառած ցաւը, աշխատանքի արգելքն ու բարդութիւնները:
Ընդհանուր ձեւով, լայներակութիւնը արդիւնք է սեւերակներու այլակերպումին. այսինքն երակը տեղ-տեղ կը թուլնայ եւ յառաջ կու գայ տրամագիծին յաւելումը, եւ մենք կը տեսնենք մորթին տակէն լայնցած երակներ, որոնք կապոյտ-մանիշակագոյն կ՚երեւին, մինչդեռ բնականօրէն՝ սեւերակը առաջին մէկ ակնարկով չ՚երեւիր:
Երբեմն, կարելի կ՚ըլլայ բնորոշել լայն-երակութեան բուն դրդապատճառը, եւ արագ բժշկական դարմանումով մը առաջքը առնել: Օրինակի համար, սեւերակատապի (ֆլէպիթ) հետեւանքով, երբ ոտքի խորունկ սեւերակները գոցուին, բորբոքումի եւ արեան մածնացումի հետեւանքով, արեան շրջանը, փոխանակ բնական կերպով գլխաւորաբար խորունկ սեւերակներէն կատարուելու դէպի աջ սիրտ, ստիպուած կը հոսի մակերեսային, ուղղակի մորթի տակի սեւերակներէն, որոնք հետզհետէ կրնան այլակերպուիլ, մանաւանդ երբ սեւերակատապը տարածուի մակերեսային սեւերակներուն, մանաւանդ երբ ասոնց՝ արեան հակառակ հոսանքին արգելք հանդիսացող գլխաւոր բլթակները թուլնան եւ չկարենան կատարել իրենց պաշտօնը:
Երկրորդ գլխաւոր պատճաոը՝ ոտքի մակերեսային սեւերակներու արմատին գտնուող բլթակներուն ժառանգականօրէն անբաւարար ըլլալն է: Բնական կերպով, այդ բլթակները կը գոցուին եւ թոյլ չեն տար որպէսզի արիւնը ետ դառնայ դէպի ոտքի սեւերակները. երբ բնական կերպով կամ այլազան պատճառներու հետեւանքով իրար լաւ չմիանան, արիւնը կը ճնշէ սեւերակներուն եւ այս վերջինները հետզհետէ կ՚այլակերպուին եւ յառաջ կու գայ լայներակութիւն:
Այսպիսով բնականօրէն անբաւարար բլթակներուն կանխահասօրէն այլակերպումը տեղի կ՚ունենայ, երբ ենթական մասնաւոր առիթը կը ստեղծէ. օրինակ երկար ատեն անշարժ ոտքի վրայ կենայ.- խոհարարութիւն, պահակութիւն, յղութիւն, եւլն.: Բայց հոս որոշ թիւով հեղինակներ, ժառանգական ազդակներ կ՚ուզեն մէջբերել, ըսելով.- ամէն մարդ, իր կեանքի ընթացքին լայներակութեան առիթ տուող պատճառներ կ՚ունենայ, սակայն քիչեր են որ ի վերջոյ անոր զոհ կը դառնան: Այդ զոհերը հաւանաբար ժառանգականօրէն սեւերակներու ընդհանուր կազմին մէջ ունէին արդէն որոշ թերութիւն մը եւ երբ առիթը ստեղծուի՝ յառաջ կու գայ հիւանդութիւնը:
Լայներակութիւնը, մէկդի դրած անոր գեղեցկագիտական անպատեհութիւնը, լուրջ հիւանդութիւն մը կարելի է նկատել անհատին պատճառած անախորժ վիճակներովը եւ մանաւանդ բարդութիւններովը:
Սովորական երեւոյթ մըն է լայներակութիւնը ունեցող անձերու մօտ արտակարգ յոգնութեան զգացում մը, ծանրութիւն մը ոտքերուն վրայ, որ չի համապատասխաներ աշխատանքի ծանրութեան: Վիճակագրութեան մը համաձայն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1938-ին 5.900.000 օրականի կորուստ մը արձանագրուած է լայներակութեան պատճառով:
Արտակարգ յոգնութեան զգացում, աշխատանքի արգելք, լայներակութիւնը կրնայ նաեւ պատճառել անհանդուրժելի սուր ցաւեր, որոնք կը յայտնուին ենթակային պառկած վիճակէն յանկարծ ոտքի վրայ ելլելու պահուն: Պառկած ատեն, լայներակներուն մէջ հաւաքուած արիւնը կը պարպուի ոտքերէն, յառաջանալով դէպի իրանին եւ կուրծքին սեւերակները եւ երբ յանկարծ ենթական ոտքի վրայ կենալ փորձէ, արիւնը վարի մասը կը խուժէ, զիստին արմատը գտնուող մայր սեւերակին գլխաւոր բլթակը չի կատարեր իր պաշտօնը, ու այսպիսով ոտքի լայներակները յանկարծ կ՚ուռին վերադարձող արիւնով: Երբեմն կը պատահի որ սեւերակը պրկուի եւ այս առիթով անհանդուրժելի ցաւեր պատճառէ բոլոր լայնցած սեւերակնրու երկայնքին:
Լայներակութեան անպատեհութիւնները կանխելու մտահոգութեամբ, շատեր, մանաւանդ կիները, կը չափազանցեն հանգիստի պահերը, երկար ատեն անշարժանալով, առիթ չտալու համար ցաւերու: Այս կը նպաստէ գիրնալու, ու գիրութիւնն ալ իր կարգին կ՚աւելցնէ լայներակութիւնը:
Որո՞նք են անոր բարդութիւնները: Բազմաթի՜ւ. թուենք գլխաւորները:
Լայներակութեան ենթակայ անձ մը, երբ ոտքի կենալ փորձէ, կրնայ ըլլալ որ թեթեւ գլխապտոյտ մը ունենայ, մինչեւ իսկ ուշքը կորսնցնէ: Երբ լայներակութիւնը չափազանցուած է, մեծ քանակով արիւն կ՚անշարժանայ լայնցած սեւերակներուն մէջ, եւ ամէն անգամ որ հորիզոնական վիճակէն ենթական փորձէ ոտքի ելլել՝ արեան գերճնշումը յանկարծ կը պակսի կարմերակներուն, մանաւանդ ուղեղին մէջ, եւ գլխուղեղի բջիջները զգալի կը դարձնեն թթուածինի պակասը: Այս երեւոյթը այնքան շեշտուած կ՚ըլլայ շատերու մօտ, որ անկարելի կ՚ըլլայ ոտքի ելլել առանց իրենց առաձգական գուլպաները (պատի վարիս) հագուելու կամ «պանտաժ»ները կապելու:
Արեան քանակի յանկարծակի փոփոխութիւնը, այսինքն երբ մեծ քանակով արիւն լճանայ եւ յանկարծ գայ միանալու արեան ընդհանուր շրջագայութեան, մեծ յոգնութիւն կը պատճառէ սրտանօթային գործարաններուն, որոնք շատ անգամ առանց խանգարումի չեն թոյլատրեր երկար ատեն նման անբնական վիճակներ եւ ի վերջոյ յառաջ կրնայ գալ նոյնիսկ սիրտի տկարութիւն:
Սեւերակնատապն (ֆլէպիթ) ալ առիթ կրնայ տալ լայներակութեան: Լայնցած սեւերակ մը, կրնայ բորբոքիլ, տրամագիծը կը նեղանայ, կրնայ շատ անգամ գրեթէ անշարժացած արեան ընթացքը կեցնել եւ տեղ-տեղ արեան մածնացումին առիթ տալ: Շատ անգամ ալ, լճացած արիւնը առիթ կ՚ըլլայ որ ոտքի մորթը բաւականաչափ սնունդ չստանայ եւ յառաջ գան մորթային այլազան հիւանդութիւններ: Մորթին գոյնը կը փոխուի, եւ տեղ-տեղ կապոյտ-մանիշակագոյն կը դառնայ, լայներակները ծածկող մորթը կը բարակնայ, կրնայ նոյնիսկ ծակծկիլ (իւլսէր), բան մը որ առիթ կու տայ անդարմանելի վէրքերու: Շատ վտանգաւոր են նաեւ լայներակութիւն ունեցողներու մօտ ոտքի արկածները, որովհետեւ վիրաւոր լայներակը շատ երկար, առատ արիւնահոսութիւններու առիթ կրնայ տալ եւ անկարելի կ՚ըլլայ արիւնահոսութիւնը դադրեցնել:
Լայներակութիւնը պէտք է դարմանել, կարելի չէ ձգել որ զարգանայ եւ բարդութիւններու տեղի տայ, անտանելի դարձնելով ենթակային առօրեան եւ խանգարելով աշխատանքի բնականոն ընթացքը:
Բժշկական դարմանում, լայներակի մասնաւոր գուլպաներու գործածութիւն կամ վիրաբուժական գործողութիւն կամ վիրաբուժական դարմանում, նոյնիսկ աշխատանքի եւ արհեստի փոփոխութիւն, բայց վերջապէս պէտք չէ սպասել վերջին ժամուն, ձերբազատելու համար անբնական վիճակէ մը: