Լեարդը մարդկային մարմինի մեծագոյն օրկանն է եւ մասնաւորաբար անոր պատշաճ աշխատանքէն կախեալ է մարդուն առողջութիւնը: Լեարդին շնորհիւ մարդկային մարմինէն դուրս կը բերուին աւելորդ թոյները, որոնք ներթափանցած կ՚ըլլան սնունդին, օդին եւ մորթին միջոցով:
Լեարդը մեր օգտագործած սննդարար տարրերը կը վերածէ ջերմուժի եւ մկանային զանգուածի, ինչպէս նաեւ՝ կ՚օգնէ վիթամիններու իւրացման ու կը կարգաւորէ ճարպերու կուտակումը:
Գոյութիւն ունին տարբեր գործօններ, որոնք կրնան լեարդի ճիշդ աշխատանքին վրայ ազդել, օրինակ՝ ալքոլի չարաշահումը, թմրամիջոցները եւ այլն: Ստորեւ՝ քանի մը բնական միջոցներ, որոնք կ՚օգնեն վերականգնելու լեարդին ճիշդ աշխատանքը:
Սխտոր
Սխտորը հարուստ է ալլիսինով եւ սելէնով, որոնք հրաշալի են լեարդը մաքրելու համար: Նաեւ՝ սխտորը կ՚աշխուժացնէ այն էնզայմները, որոնք կ՚օգնեն դուրս բերելու աւելորդ թոյները եւ պաշտպանելու մարմինը լուրջ հիւանդութիւններէ: Սխտորին կանոնաւոր օգտագործումը նաեւ կ՚օգնէ կարգաւորելու քոլեսթերոլի մակարդակը, բարելաւելու արեան շրջագայութիւնը եւ բարձրացնելու մարմինին դիմադրողականութիւնը:
Քրքում (turmeric)
Քրքումը ունի բազմաթիւ սննդարար յատկանիշներ: Անիկա ունի նաեւ հակաբորբոքային, antioxidant, հակասնկային, հակաժահրային եւ հակապաքթերային յատկութիւններ: Քրքումը կ՚օգնէ լեարդը պաշտպանելու հիւանդութիւններէ եւ վնասուածքներէ՝ նուազեցնելով բորբոքումները, նուազագոյնի իջեցնելով օքսիտացուող սթրեսը եւ բարելաւելով լիպիտային նիւթափոխանակութիւնը եւ ինսուլինի զգայունութիւնը:
Ձէթ
Բնական ձիթաիւղը կը պաշտպանէ լեարդի հիւսուածքները այնպէս, ինչպէս վշասերմը (flax-seed), որովհետեւ անիկա կը ստեղծէ լիպիտային շերտ մը, որ կը ներծծէ թոյները եւ զանոնք դուրս կը բերէ լեարդէն: Ձիթաիւղը նաեւ կը կանխարգիլէ լեարդի հիւանդութիւնները, իսկ անոր կանոնաւոր օգտագործումը կը նուազեցնէ քաղցկեղային հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգը:
Կիտրոնազգի պտուղներ
Հաւանաբար գիտէք, որ կիտրոնազգի պտուղները, ինչպէս լեմոնը, նարինջը, թուրինջը, մանտարինը, կիտրոնը եւ այլն հարուստ են վիթամին C-ով, որ իսկական բնական «antioxidant» է եւ կը պաշտպանէ լեարդն ու անոր հիւսուածքները:
Նուշ
Նուշը մեծ քանակութեամբ արկինին (argi-nine) կը պարունակէ, ամինաթթու մը՝ որ կ՚օգնէ օրկանիզմէն դուրս բերելու թոյները: Այս պատճառով շատ կարեւոր կը նկատուի նուշին օգտագործումը՝ լեարդը մաքրելու գործին մէջ:
Կանաչ բանջարեղէնները եւ կանաչեղէնը
Կաղամբը, ծոթրինը, բողկը եւ այլ բանջարեղէններ օրկանիզմէն դուրս կը բերեն ծանր մետաղները եւ քիմիական այլ տարրերը, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ առողջութեան վրայ: Լեարդին համար անոնք կը նկատուին հրաշալի միջոցներ, որոնք կրնան դուրս բերել թոյները եւ կարգաւորել ճարպերու կուտակումները:
Կանաչ թէյ
Կանաչ թէյը եւ անոր բաղադրութեան մէջ առկայ տարրերը կը նուազեցնեն լեարդի ճարպային կուտակումները: Կանաչ թէյը կը պարունակէ կատեխիններ եւ «antioxidant»-ներ, որոնք կը պաշտպանեն լեարդը: