Անցեալ Հոկտեմբերին, ամերիկաբնակ լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեան եւ ամերիկացի Տէյվիտ Ճուլիըսթ արժանացան բնախօսութեան եւ բժշկութեան 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին:
«Տը Նոպըլ Փրայզ» թուիթըրեան էջը հաղորդեց, որ երկու գիտնականները մրցանակին արժանացած են ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ժամանակ իրենց կատարած բացայայտումներուն համար:
Արտեմ Փաթափութեան մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան է: Ան ներկայիս կ՚աշխատի Քալիֆորնիոյ Լա Խոյա շրջանին մէջ գտնուող «Սքրիփս Ռիսըրչ» կեդրոնին մէջ:
Արտեմ Փաթափութեան ծնած է 2 Հոկտեմբեր 1967-ին, Պէյրութ: Ան զաւակն է գրագէտ, հաճընցի արմատներով Սարգիս Վահագնին եւ դաստիարակ, տնօրէնուհի Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանին: Նախնական ուսումը ստացած է ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան վարժարանին մէջ: Միջնակարգ ուսումը շարունակած է Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական դպրոցին մէջ։
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառով, Փաթափութեան ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Քալիֆորնիոյ «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» համալսարանէն 1990-ին, իսկ կենսաբանութեան դոկտորականը՝ հռչակաւոր «ՔԱԼԹԷՔ» համալսարանէն, 1996-ին:
Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը:
2 Յունիս 2017-ին, Արտեմ Փաթափութեան, իր հետազօտութեանց մէջ շօշափելի եւ շարունակական իրագործումներուն շնորհիւ ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի անդամ, հանդիսանալով Ակադեմիայի 84 նոր անդամներէն մէկը։
Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եղաւ առաջիններէն, որ շնորհաւորեց Փաթափութեանը եւ անոր ընծայեց «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան»: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայ գիտնականը, որ մրցանակին արժանացած է իր կատարած իւրայատուկ բացայայտումներուն համար:
«Այս իրադարձութիւնը հպարտութիւն է իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, ինչպէս նաեւ գնահատանք է ձեր գիտական երկարատեւ հետազօտութիւններուն, որոնք արդիւնաւորուեցան այս նուաճումով: Իրագործում մը, որ Լիբանանի համար նաեւ նուաճում է, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն լոյսին տակ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան հաստատեց, որ ամբողջ մարդկութիւնը շնորհակալ պիտի ըլլայ Արտեմ Փաթափութեանի գիտական նուաճումին համար, որ պիտի օժանդակէ մարդկային մարմինը աւելի ամբողջական կերպով ուսումնասիրելու եւ հասկնալու:
«Ջանասիրաբար կատարած ձեր անխոնջ աշխատանքին եւ գիտական ուսումնասիրութիւններուն համար ստացած այս բարձրագոյն մրցանակին արժանի էք, եւ գնահատելու համար ձեր նուաճումը, ձեզի կը շնորհեմ «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան»-ը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, նուաճումներ եւ առողջութիւն», շեշտեց նախագահ Աուն:
Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շնորհաւորեց Արտեմ Փաթափութեանը բժշկութեան Նոպելեան մրցանակ ստանալուն առիթով: Ան հաստատեց, որ լիբանանահայ գիտնականին ստացած այս մրցանակը հպարտութիւն է իրեն համար:
Միքաթի ողջունեց եւ յաջողութիւն մաղթեց Ա. Փաթափութեանին, որ Լիբանանի անունը բարձր պահած է եւ փաստած հմտութիւն մը, որ կը ձգտի ծառայել մարդկութեան:
«Յաւելեալ յաջողութիւններ եւ նուաճումներ կը մաղթեմ ձեզի», շեշտեց Միքաթի:
Պարգեւատրումներ
Յունիս 2020-ին, Արտեմ Փաթափութեան պարգեւատրուած է Նորվեկիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիայի «ՔԱՎԼԻ» մրցանակով՝ յայտնաբերած ըլլալով ճնշման նկատմամբ զգայուն սպիտակուցներ (protein)` PIEZO1 եւ PIEZO2, որոնք հնարաւորութիւն կու տան շօշափելու զգացում ունենալու եւ հիմք հանդիսանալու բազմաթիւ այլ հիւսուածքներու եւ բջիջներու տեսակներու գործառոյթներուն։ Թէեւ այսօր ամէնէն ազդու կիրառումները կը վերաբերին մարդու առողջութեան, Փաթափութեանի յայտնաբերած սպիտակուցները գոյութիւն ունին անասնական աշխարհի ամբողջ տարածքին եւ անհրաժեշտութիւն են բոլոր կաթնասուններու (mammals) ճնշման զգայնութեան համար:
Փաթափութեան առաջին հայն է, որ կ՚արժանանայ Նոպէլեան բարձրագոյն գիտական պարգեւին: