ԳԱՂՈՒԹԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
Հայ ժողովուրդի կեանքը անջրդի եւ թափուր պիտի մնար առանց «Ժողովուրդէն եւ ժողովուրդին համար» նշանաբանով ստեղծուած եւ իր անմնացորդ, գործօն եւ աշխուժ մասնակցութիւնը բերած կանացի այս եզակի կազմակերպութեան` ՀՕՄ-ին եւ անոր լիբանանեան կառոյցին` ԼՕԽ-ին:
Պատահական ձեւով չստեղծուեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը: Յստակ կարիքէ մը մղուած եւ տարագիր հայութեան վէրքերը ամոքելու ու հայորդիներուն բեռը թեթեւցնելու միտումով հիմնուեցաւ ԼՕԽ-ը, որուն հիմնադիր անդամները ազնիւ հայուհիներ էին: Անոնք հաւատացին ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ ջանադիր, հեռատես ու նուիրեալ ԼՕԽ-ականներ ծառայութեան ջահը փոխանցեցին սերունդէ սերունդ:
Հայ կինը, շնորհիւ իր բազմատաղանդ կարողութեան, կրցաւ յղկել իր նկարագիրը, ամրապնդել իր գիտելիքները եւ ծառայել իր ազգի զաւակներուն` առանց վարձատրութիւն ակնկալելու: Այս առումով հայ կինը կարելի չէ լուսանցքի մէջ դնել եւ զայն դիտել իբրեւ լուսանկարիչի ոսպնեակէն դիտուած գեղեցիկ հայուհի: Իր արդար վաստակը լաւագոյն ապացոյցն է տարիներու վրայ տարածուած ծառայութեան: Այս դիտանկիւնէն Կիներու միջազգային օրը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կ՛առնէ կնոջ դերը ընդհանրապէս եւ հայ կնոջ դերը մասնաւորապէս հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը այս տարի անգամ մը եւս պանծացուց Կիներու միջազգային օրը եւ կազմակերպեց պատշաճ ձեռնարկ մը շաբաթ, 9 մարտ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, ՀՕՄ-ի կեդ-րոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ:
Ձեռնարկը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով: Ապա դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սանդուխտ Հերկելեան: Ան նշեց, որ այդ օր աշխարհի մէջ զանազան հանդիսութիւններով վեր կ՛առնուին կիներուն ձեռք բերած նուաճումները, եւ անիկա կ՛անուանուի նաեւ «Կիներու իրաւունքներու օր»: Այդ օրուան ընթացքին կը պահանջուին կիներու տակաւին ձեռք չբերուած իրաւունքները, եւ յատուկ միջոցառումներով աշխատանք կը տարուի աշխարհի իրաւազրկուած կիներու իրավիճակի բարելաւման համար: Ապա ան նշեց, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը ջահակիրը եղած է հայ մշակոյթի պահպանման եւ ստեղծած է պատշաճ առիթներ մեր ժողովուրդին, յատկապէս հայ կնոջ ծանօթացնելու մեր արժէքները եւ վեր առնելու հայ կնոջ դերակատարութիւնը ազգային կեանքին մէջ:
Սանդուխտ Հերկելեան նաեւ յայտնեց, որ հայոց պատմութիւնը կը վկայէ հայ կնոջ դերակատարութեան մասին` նշելով, որ հայ կինը իր ուժեղ մասնակցութիւնը բերած է ազգայինհասարակական կեանքին, նաեւ երբ հայրենիքը դիմագրաւած է լուրջ մարտահրաւէրներ եւ պատերազմներ: Ունեցած ենք յայտնի եւ անյայտ հերոս ու նուիրեալ կիներ, որոնք իրենց ամուսիններուն կողքին թեւ եւ թիկունք եղած են ազատագրական շարժումներուն: Ապա ան անդրադարձաւ հայ կնոջ ունեցած առաւելութեան եւ ըսաւ, թէ հայ կինը, շնորհիւ իր ազատատենչ եւ անընկճելի ոգիին, կրցած է յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւնները եւ կանգուն պահած է իր ընտանիքը: Ան իր խօսքը աւարտեց «ժպտա՛ կեանքին, որ կեանքն ալ ժպտայ քեզի» ժողովրդային յայտնի ասացուածքով:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Արի Տագէսեան եւ Ալեքս Տապաղեան կիթառով ներկայացուցին «Ռումպա թեմփեսթատ» եւ «Լէ Տէօ կիթառ» երգերուն նուագները:
Այնուհետեւ «ԱՖՀԻԼ» իրերօգնութեան սնտուկի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան Կիներու միջազգային օրուան առիթով դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ: Ան խօսեցաւ միութիւններուն կատարած շնորհակալ աշխատանքին համար, սակայն յոռի երեւոյթ նկատեց մակերեսային նորութիւններով տարուիլը եւ ինքնարդարացման համար միութիւնները քննադատելը: Ան ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ը մեր կեանքի շատ մը մարզերուն մէջ ընելիք ունի: Նուիրումի, հաւատքի եւ տեսիլքի կարիք կայ:
Ապա Յակոբ Լատոյեան հպանցիկ ակ-նարկ մը նետեց Կիներու միջազգային օրուան ստեղծման եւ նշեց, որ իւրաքանչիւր տարի կարգախօս մը կ՛ունենայ այս տօնը: Այս տարուան նշանաբանն է` «Ձգտիլ հաւասարութեան, փոփոխութեան եւ խելացութեամբ աշխատիլ»: Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, կարիքը կայ հաւասարութեան կառուցողական ոգիի եւ իրաւահաւասարութեան: Ան նշեց, որ աշխարհի մարտահրաւէրները ունին բազմաբնոյթ մտահոգութիւններ: Հարցը մի-այն աշխատանքի հետ կապուած չէ. հարցը ապրելու եւ վերապրելու հարց է: Իւրաքանչիւր օր, որ կ՛անցնի, փոփոխութեան պահանջ կը զգացուի:
Կիներու միջազգային օրուան առիթով Յակոբ Լատոյեան անդրադարձաւ հիմնական երեք մարզերու, որոնք իսկապէս կը բացայայտեն օրուան խորհուրդը: Առաջին` ազգային իմաստով, մեր ազատագրական պայքարէն մինչեւ ցեղասպանութիւն եւ ցեղասպանութենէն մինչեւ վերածնունդ, հայ կինը իր որոշիչ դերը ունեցած է: Հայ կիները եղած են ֆետայիներու կողքին, ազատութեան ձգտող եւ ազատութիւն դաստիարակող մայրեր: Մենք ունեցած ենք հերոսածին մայրեր, որոնք իրենց մասնակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ հասան իրենց առաքելութեան:
Անհրաժեշտ է ամրապնդել մեր ուխտը, բարգաւաճիլ, բարձրացնել արժէքները, նուիրուիլ անանձնական աշխատանքի: Երկրորդ` հայ կիներու ներդրումը հայկական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան պատիւ նկատեց հայ ժողովուրդին մէջ ունենալ հանրայայտ կին դէմքեր, որոնք իրենց ներդրումը բերած են համաշխարհային պատմութեան մէջ: Ան նշեց նաեւ Հարաւային Կովկասի «Տալմա Նիուզ» կայքին Կիներու տօնին առիթով յիշատակուած այն կիները, որոնք իրենց արմատներով հայ են, ինչպէս` Ս. Շուշան Վարդենի, Մումթազ Մահալ, Ալէնուշ Տէրեան, Տիանա Աբգար, Զապէլ Եսայեան, Զարուհի Քաւալջեան:
Այս անունները յիշատակելը պարզապէս կ՛ամրապնդէ կիներու դերակատարութիւնը, որովհետեւ մենք` իբրեւ հայ հաւաքականութիւն, բոլոր ազգերու կարգին մեր կիներու դերակատարութեան հաւատացած ենք: Յակոբ Լատոյեան ըսաւ, թէ այսօր կիներուն իրաւունքը ոտնակոխուած է եւ արդարութեան պակասը կը շեշտուի ամէն տեղ: Ան յոյս յայտնեց, որ նման տօները առիթ ստեղծեն իւրաքանչիւր անարդար պայմաններու մէջ գտնուող հաւաքականութիւններուն, որ հասնին հաւասարակշռուած եւ արդար պայմաններու: Երրորդ` այսօրուան նոր Հայաստանի մէջ փաստօրէն ականատես ենք կիներու գործօն մասնակցութեան, ինչպէս քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, գիտական եւ արուեստի մարզերուն մէջ: Յ. Լատոյեան նշեց, որ հակառակ դրական երեւոյթին, միւս կողմէ նահանջ կ՛արձանագրուի արժէքներու մարզին մէջ:
Իր դասախօսութեան վերջին բաժինով Յ. Լատոյեան անդրադարձաւ համաշխարհայնացման երեւոյթին եւ հայ կնոջ վերապահուած առաքելութեան: Ան շեշտեց, որ կինը կոչուած է առաւել իմաստութիւն դրսեւորելու, հաւասարակշռուած ըլլալու` զարգանալով մէկտեղ պահպանելու մեր արժէքները եւ մեր հիմնաքարը` հայ ընտանիքը: Ան մերժեց կնոջ նկատմամբ դրսեւորուող խտրականութեան տարբեր երեւոյթները, ընկերութեան կեանքին մասնակցութեան առումով կիներու նկատմամբ պարտադրուած սահմանափակումները: Յակոբ Լատոյեան իր խօսքը եզրափակեց կարդալով Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսի «Ծանիր զքեզ» գիրքէն ժուժկալութեան մասին գրութիւնը:
Հուսկ բանքը եւ պահպանիչը կատարեց Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Ան շնորհաւորեց Կիներու միջազգային օրը եւ նշեց, որ հայոց պատմութեան մէջ հայ կնոջ վերապահուած է մեծ դերակատարութիւն: Ան մէջբերեց «Օրօրոցը օրօրող ձեռքերը աշխարհը կը կառավարեն» նշանաւոր խօսքը եւ յայտնեց, որ այս խօսքը իրաւացի եւ ճշմարտացի է հայ ազգին համար: Պետրոս վրդ. Մանուէլեան ըսաւ, թէ հայ կինը մայր եղած է եւ կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որովհետեւ մայրութիւնը միայն բնութեան յատկանիշ չէ, այլ նաեւ առաքելութիւն է: Մայրութեան կողքին հայ կնոջ կարեւոր առաքելութիւնը կը նկատուի դաստիարակ ըլլալը: Մայրը կը դաստիարակէ իր զաւակը հոգեմտաւորապէս: Արդ, լիարժէք իմաստով մայրը մայր կը դառնայ, երբ կը դաստիարակէ իր զաւակը:
Ան հայ մայրը դիտեց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի աչքերով: ՀՕՄ-ը եւ ԼՕԽ-ը մեր հաւաքական ընտանիքին մայրերը դարձած են: Ան նշեց, որ տան մէջ մայրութիւն կատարելը, դաստիարակելը բնական բան մըն է, սակայն տունէն դուրս գալը, անանձնական դառնալը եւ հաւաքական մեր ընտանիքին, ազգին մայրութիւն կատարելը յատկանիշն է ԼՕԽ-ական հայ կնոջ: Մենք Կիներու միջազգային օրը պէտք է դիտենք ԼՕԽ-ի անդամ կիներուն դիտանկիւնէն: Ան նշեց, որ մայրերու տիպարը Աստուածամօր օրինակով վերամշակուեցաւ եւ վերստին արժէք ստացաւ: Հայ կինը ինքզինք պէտք է դիտէ Աստուածամօր տիպարին ընդմէջէն, որուն մէջ գտնուող բազմաթիւ արժանիքներ կը գտնուին հայ կնոջ մէջ. պէտք է այդ արժանիքները աւելիով աճեցնել եւ զարգացնել, եզրափակեց Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:
Ապա ներկաները հաւաքաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը, եւ հայր սուրբին պահպանիչով վերջ գտաւ Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկը:
Աւարտին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը յուշանուէրներ յանձնեց օրուան դասախօս Յակոբ Լատոյեանին եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանին:
Հուսկ, ներկաներուն բաժնուեցան հայկական զարդանախշերով յիշատակի նուէրներ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Ներկաները գոհունակ սրտով եւ լիցքաւորուած Կիներու միջազգային օրուան խորհուրդով վերադարձան իրենց տուները: