ՏՈՔԹ. Յ.Գ.
Ամառուան բարիքներն են պտուղները: Իւրաքանչիւր պտուղ ունի իր օգտակարութիւնները: Սակայն մարդկային մարմնին համար ամէնէն կենսատուն խաղողն է անկասկած:
Խաղողին սննդական արժէքը կը կայանայ, ամէնէն աւելի, իր պարունակած շաքարի քանակութեան մէջ: Այս ուղղութեամբ թուզը միայն կրնայ մրցիլ խաղողին հետ: Երկու պտուղներուն բաղադրութեան մէջ 15-30 տոկոսով շաքարի ներկայութիւնը սովորական է, մինչդեռ պանանը օրինակ, հազիւ՝ 10, խնձորը՝ 8, նարինջն ու դեղձը՝ 3 առ հարիւր համեմատութեամբ շաքար կը պարունակեն:
Խաղողը, շաքարի իր հարստութիւնը կը պարտի ամառուան արեւին, որուն ճառագայթներուն ազդեցութեան տակ իր պարունակած բնածուխն (carbone) ու ջրաշոգին կը բաղադրուին իրարու հետ եւ կը վերածուին «կլիւքոզ»-ի (շաքար):
Ինչպէս մեքենաները վառելանիւթի՝ այնպէս ալ մարդկային մարմնին մկանները պէտք ունին ջերմուժի (քալորի), սնանելու եւ աշխատելու համար: Խաղողին պարունակած դիւրամարսելի շաքարը ջերմուժի հիանալի աղբիւր մըն է: Կէս քիլօ խաղողը 375 միաւոր ջերմոյժ կու տայ մարմնին, մէկ քիլօ խաղողին ջուրը՝ մօտ 800 միաւոր, այսինքն՝ մէկ լիթր կաթին տուածէն աւելի:
Ուրեմն, խաղողը ուժի եւ զօրութեան աղբիւր մըն է մկանային ծանր աշխատանք տանողներուն համար՝ անոնց մատակարարելով անհրաժեշտ ջերմուժը: Իսկ նստակեաց անձերուն մօտ, որոնք պէտք չունին մեծ քանակութեամբ ջերմուժի՝ խաղողի շաքարին յաւելեալ մասը կ՚ամբարուի լեարդին եւ դնդերներու մէջ՝ հետագային ցուրտի դէմ մարմինը պաշտպանելու կամ յոգնեցուցիչ աշխատանքներու պարագային ջերմուժի վերածուելու համար:
Խաղողը հարուստ է նաեւ Սի եւ Պի կենսանիւթերով եւ հանքային բազմաթիւ տարրերով:
Սի կենսանիւթը կազդուրիչ մըն է, իսկ Պի կենսանիւթը՝ սքանչելի ախորժաբեր մը: Ա-հա թէ ինչո՛ւ խաղողին ջուրը ջերմօրէն յանձնարարելի է կռիփի, թոքատապի նման հիւանդութիւններէ ապաքինողներու եւ ախորժակէ կտրուած անձերու:
Բացի քալսիումի, փոթասիումի, մակնիզիումի ֆոսֆաթինէն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն երեխաներու աճման եւ կաթնտու մայրերու զօրացման՝ խաղողը կը պարունակէ նաեւ «պիդարդրադ» կոչուած հանքային տարրը, որ թեթեւ լուծողական մըն է, հետեւաբար օգտակար բոլոր անոնց, որոնք նստակեաց կեանք ունին եւ պնդութենէ կը տառապին:
Աղի հետքերէ բացարձակապէս զուրկ ըլլալով՝ խաղողի ջուրը արեան «իւրէ»-ի քանակը պակսեցնող թանկագին դեղ մըն է:
Երիկամներուն վրայ ունեցած ուղղակի եւ սրտին վրայ անուղղակի ազդեցութեամբ՝ խաղողը կը բարելաւէ արեան բարձր ճնշումները:
Խաղողը օգտակար կը հանդիսանայ նաեւ յօդացաւէ տառապողներու, կը բուժէ լեարդի թեթեւ անհանգստութիւնները, կը մաքրէ ստամոքսն ու աղիքները:
Բացի շաքարախտաւորներէն՝ առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան, ամէն մարդու ճաշացուցակին հիմնական տարրերէն մէկը կրնայ հանդիսանալ խաղողը, որպէս ընտրեալագոյն եւ կենսատու սնունդներէն մէկը: