ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ի՞ՆՉ Է ՀՈՒՄԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հումակերութեան ժամանակ անձը կը սնանի բուսական եւ կենդանական ծագում ունեցող սնունդով, առանց զայն ջերմային մշակման ենթարկելու։ Նախնադարեան մարդու սնանելու այս եղանակով մինչեւ օրս կը սնանին հիւսիսային որոշ ժողովուրդներ, եւ անոնք չեն հիւանդանար ժամանակակից մարդկութիւնը հիւծող, մաշեցնող հիւանդութիւններով։
Ներկայիս կան հումակերութեան շատ կողմնակիցներ, որոնց կարծիքով արեւու լոյսը պտուղներու եւ բանջարեղէններու մէջ կը փոխակերպուի յատուկ ելեկտրոմագնիսական ջերմուժի եւ ան կ’ոչնչանայ սնունդի ջերմային մշակման ընթացքին դարձնելով զայն «մեռեալ սնունդ»։
«Բնական սնունդ» organic- ըսելով կը հասկնանք առանց պարարտանիւթերու աճեցուած բոլոր հում միրգերն ու բանջարեղէնները եւ անոնցմէ ստացուած հիւթեր, ինչպէս նաեւ՝ ընկոյզը, մեղրը։
Ի՞ՆՉ Է ԲՈՒՍԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ըստ հին չինական եւ յունական փիլիսոփաներու, մարդու օրկանիզմին համար առողջապահական տեսանկիւնէն, բուսակերութիւնը աւելի օգտակար է։ Հում, բուսական սնունդը մարսողական համակարգին մէջ կը յառաջացնէ հիմնային միջավայր, որ կ’ապահովէ մարմնին ինքնամաքրումը։ Բուսական սնունդը կը բարելաւէ անձին քունը, անոր զգայարանքներու գործունէութիւնը եւ ինքնազգացողութիւնը։
Բուսակերները կը բաժնուին երկու խումբի.
1- Բուսակերներ, որոնք կ’օգտագործեն միայն բուսական սնունդ, ընդեղէն եւ կը բացառեն մսեղէնը։
2- Բուսակերներ, որոնք զուտ բուսական սնունդին կ’աւելցնեն հաւկիթ եւ կաթնեղէն։
Բուսակերութեան պարագային օրկանիզմին կենսուժի պահանջքները բաւարարելու համար անհրաժեշտ է մեծ քանակութեամբ սնունդ, որուն հետեւանքով կը ծանրաբեռնուի մարսողական համակարգը։ Բուսակերները սնունդի ջերմուժը բարձրացնելու նպատակով կրնան օգտագործել բուսական իւղ եւ մեղր։ Բուսական սնունդի առաւելութիւնն այն է, որ չի պարունակեր որեւէ թունաւոր նիւթեր, ան հարուստ է հանքային աղերով եւ կենսանիւթերով։ Բուսակերներուն խորհուրդ կը տրուի սոյայի միս օգտագործել։ Բուսակեր ըլլալ չի նշանակեր նիհարակազմ ըլլալ, քանի որ օգտագործելով խմորեղէն, քաղցրեղէն, իւղ եւ շաքար, կարելի է դիւրութեամբ գիրնալ, այդ պատճառով անհրաժեշտ է զանոնք հաւասարակշռել պտուղներու եւ բանջարեղէնի հետ։
Խիստ բուսակերներուն մօտ նկատելիօրէն կը նուազին քրոնիկ հիւանդութիւնները: Որպէս լիարժէք սնունդի բաղկացուցիչ մաս, բուսական հում սնունդը, կը համարուի ճիշդ սնանելու կարեւոր պայմանը, անկախ տարիքէ եւ տարուան եղանակէ:
Ի՞ՆՉ Է ՄԱՔՐՈՊԻՕԹԻՔԸ «MACROBIOTIC»
Մաքրոպիօթիքը ապրելու արուեստ մըն է, տիեզերքի օրէնքներուն համաձայն։ Մեր թուարկութենէն առաջ, չինացիները ժխտական, բայց զիրար լրացնող ուժերը՝ գիշերցերեկ, պաղտաք, իգական-արական կը կոչէին yin եւ yang։ Ճորճ Օշաուան կը հանդիսանայ մաքրոպիօթիքի հիմնադիրը. բառը կազմուած է յունարէնի արմատներէն – macro՝ մեծ եւ bios՝ կեանք բառերէն։
Սնուցման այս ձեւի հիմնական սկզբունքն է սպառել սննդամթերքներ բնական, առանց քիմիական կամ միջատասպան դեղերու՝ organic: Ուսմունքը կը թելադրէ ներդաշնակութեամբ ապրիլ բնութեան հետ, սնանիլ նախընտրաբար ապրած շրջանի մէջ աճող սնունդով, որ կը պարունակէ լման հացահատիկ, բնական համեմներ, ծովու, ցամաքի պտուղներ, բանջարեղէն, ընդեղէններ, ձուկ, նաեւ ազգային ճաշեր։ Ընդեղէններու մարսողութիւնը դիւրացնելու նպատակով կ’օգտագործեն kombu (ծովաբոյս), աղի փոխարէն բոյսերէն պատրաստուած աղը։ Ըստ մաքրոպիօթիքի սկզբունքներուն, ջուրը պէտք է խմել միայն ծարաւը յագեցնելու համար։ Մաքրոպիօթիքի սննդառութիւն որդեգրողը աստիճանաբար պէտք է ձերբազատուի սննդառական իր նախկին սովորութիւններէն, շատակերութենէն, ծխախոտէն, ոգելից ըմպելիներէն, քիմիական նիւթերով պատրաստուած ուտելիքներու սպառումէն եւ հետեւի yin-yang սկզբունքով հաւասարակշռուած սննդականոնի։
Աղը՝ yang, շաքարը՝ yin։ Ձմեռը իր բնոյթով yin-պաղ ըլլալով, մարմինը պէտք ունի yang-տաք ուտելիքի. այս ձեւով՝ ներդաշնակութիւն կը մտցուի բնութեան եւ մարդոց միջեւ։ Այս ուտելիքները եփելու մեթոտը աշխարհի ամէնէն հին եւ հիւանդութիւնները կանխարգիլող մեթոտ է: Մարդ ինքնաբերաբար հաւասարակշռութիւն կը փնտռէ ընդառաջելով բնազդին, օրինակ աղի ճաշէ մը՝ yang-էն վերջ, կը փափաքի ջուր խմել կամ պտուղ ուտել՝ yin։
Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար սնուցման այս ձեւին մասին, կարելի է դիմել մասնագէտներուն:
Ի՞ՆՉ Է ԱՖՐՈՏԻԶԱԿԱՆ ՍՆՈՒՆԴ
Կարգ մը ուտելիքներ ուղղակիօրէն որպէս տռփադեղ, կ’ազդեն սեռային կեանքի վրայ։ Անոնք կը վերականգնեն մարմնի հորմոնային հաւասարակշռութիւնը, կը զօրացնեն արեան շրջանառութիւնը, կը խթանեն սեռային հորմոններու արտադրութիւնը։ Անոնք կը բարձրացնեն օրկանիզմի կենսունակութիւնը, կ’օգնեն շագանակագեղձի եւ անպտղութեան արագ եւ արդիւնաւէտ բուժման։
Աֆրոտիզիաք անունը յառաջացած է յունական սիրոյ եւ գեղեցկութեան չաստուածուհի՝ Աֆրոտիթի անունէն։ Այսպէս կը կոչուին շարք մը բոյսեր եւ սննդամթերքներ, որոնք կ’օգնեն պայքարելու տղամարդու եւ կնոջ սեռային խանգարումներու եւ հիւանդութիւններու դէմ։ Անոնց շարքին կը պատկանին ոչ միայն էքզոթիք ոստրէն, ասպերժը, ծովային ուտելիքները, այլեւ մեզի լաւ ծանօթ, ամէնօրեայ օգտագործուող մթերքները՝ օրինակ սոխը, դդումի կուտը, պանանը, ծիրանը, դեղձը, ելակը, կանկառը, ստեպղինը։
Կարոսը կը պարունակէ անտրոսթերոն հորմոնը, որ կը զօրացնէ սեռական հակումները. նախընտրելի է զայն ուտել հում, աղցաններու մէջ, կամ խմել հիւթը խառնելով ուրիշ հիւթերու հետ։ Ծովային կաղամբը՝ լամինարին ոչ միայն հարուստ է այոտինով, այլեւ ուժեղ աֆրոտիզիաք է, կը բուժէ կանանց բորբոքային հիւանդութիւնները եւ տղամարդու սեռական անկարողութիւնը, կը խթանէ արական հորմոնի՝ testosterone-ի արտադրութիւնը։ Լամինարինը կ’օգտագործուի մսեղէններու հետ եւ աղցաններու մէջ։
Տղամարդու սեռական աշխուժացման կը նպաստեն.
– Ծլեցուած ցորենը աղալ, պատրաստել տափակ գնդիկներ, տապկել ցած կրակի վրայ եւ ուտել. կարելի է վրան մեղր դնել։
– Ճաշացուցակին մէջ ընդգրկել աղցան, պատրաստուած սոխէն, կաղամբէ եւ ծլեցուած ցորենէ։ Այս աղցանը կը բարձրացնէ թէ՛ տղամարդու եւ թէ՛ կնոջ սեռային կարողականութիւնը։
GLUTEN FREE ՍՆՈՒՆԴ
Կան շատ մը անձեր, որոնք կ’ունենան բարձր զգայնութիւն gluten-ի նկատմամբ:
Gluten-ը սպիտակուցի տեսակ է։ Կը համարուի թաքնուած կամ վնասակար գործօն շատերուն համար եւ կրնայ պատճառ ըլլալ բազմաթիւ հիւանդութիւններու: Այն անձերը, որոնք զգայնութիւն ունին gluten-ի նկատմամբ ստիպուած են որոշակի սննդականոնի հետեւիլ ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան հիմնականին մէջ կը գտնուի ցորենի եւ անոր արտադրութիւններու, մաքարոնեղէնի, գարիի, հաճարի ինչպէս նաեւ տարբեր cereal-ներու մէջ:
Քլինիկական ախտանշանները կրնան դրսեւորուիլ՝ մարմնի եւ յատկապէս դէմքի այտուցուածութեամբ, ստամոքսաղիքային համակարգի խանգարումներ, յաճախ լուծի ձեւով: Այս տիպի զգայնութիւն ունեցողները պէտք է հետեւին յատուկ սննդականոնի, ցորենը փոխարինելով եգիպտացորենով, հնդկացորենով, բրինձով, քինոուայով: Կարելի է նաեւ վարսակը, եթէ մաքրուած է եւ խառնուած չէ միւսներու հետ: Այս անձերը պէտք է շատ օգտագործեն թարմ պտուղներ եւ բանջարեղէն, ինչպէս նաեւ ընդեղէն, եգիպտացորեն, սոյա, գետնախնձոր, հաւկիթ, կաթնամթերքներ:
ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ
Առողջ սնունդ ըսելով պէտք է հասկնալ՝ առանց պարարտացուցիչներու եւ միջատասպան դեղերու բուսած սնունդ-organic:
Շատ մը հիւանդութիւններու յառաջացման պատճառ կրնան հանդիսանալ «մաքուր սնունդ»ները` ճերմակ հաց, ճերմակ շաքար, ճերմակ բրինձ, զտուած ձէթ: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ բոլոր երկարակեաց ցեղերը ֆիզիքական աշխատանք կը կատարեն եւ կ’օգտագործեն աւելի պարզ, բնական, չզտուած, չբարդացուած սնունդ ։
Հանապազօրեայ բազմատեսակ եւ ախորժաբեր ճերմակ հացը մեզի առողջութիւն չի պարգեւեր, այլ ընդհակառակը որոշ հիւանդութիւններու պատճառ կրնայ դառնալ։ Երբ ամբողջական ցորենը կը վերածուի ճերմակ ալիւրի, ան կը զրկուի այդքան օգտակար արտաքին շերտերէն, կը կորսնցնէ իր կենսանիւթերու, հանքային աղերու, բնաթելերու 90%-ը։
Բրինձը, երբ կը «զտուի», կը ճերմկի, հետեւաբար կը կորսնցնէ իր օգտակար նիւթերուն 30-80%ը. կաթը ճարպազրկուելով կը կորսցնէ իր պարունակած ամբողջ մանկանէզը, սէլենիումը եւ բնական կենսանիւթերը, որոնք արհեստականօրէն կ’աւելցուին։
Սննդամթերքներու երկար պահպանման, արտադրական ընթացքի դիւրացման, տեսքի եւ համի բարելաւման նպատակով արտադրողներ զանոնք կ’ենթարկեն «բարեփոխումներու», աւելցնելով տարբեր նիւթեր, որոնք կրնան առողջութեան լուրջ վնասներ հասցնել։ Ժանգը արգիլելու եւ ուտելիքներու պահպանման ժամկէտը երկարաձգելու համար, պահածոներու մէջ կ’աւելցուին քիմիական նիւթեր՝ preservatives:
Զգացական հաճոյքներ յառաջացնող սննդային խառնուրդները, «համով» Coca Cola-ն, Pepsi-ն, Fanta-ն, իրենց այդ համային յատկութիւնները պահպանելու համար կը պարունակեն շաքար, ֆոսֆորաթթու, քաֆէին, արհեստական ներկեր, որոնք վնասակար են առողջութեան։
Վիճակագրութեան տուեալներով, կազալեցուած քաղցր հիւթերու օգտագործման գործընթացը աւելցուցած է ոսկրային, սիրտանօթային, երիկամային հիւանդութիւնները եւ ճարպակալումը, յատկապէս երիտասարդներու մօտ։
ԾԻՆԱՅԻՆ ՁԵՒԱՓՈԽՈՒԱԾ ՍՆՈՒՆԴ (GENETICALLY MODIFIED ORGANISM- GMO)
Պտուղներու եւ բանջարեղէններու, ինչպէս նաեւ կենդանիներու բջիջներու DNA-ը կ’ենթարկուի փոփոխութեան, ստանալու համար աւելի առողջ, գեղեցիկ տեսքով, փարազիթներու հանդէպ աւելի կայուն, ցրտադիմացկուն, աւելի բերքատու եւ մսատու տեսակներ: Այս մեթոտէն սկսած են օգտուիլ 1994 թուականէն ի վեր:
2013 թուականի տուեալներով, երկրագունդի վրայ 27 երկիրներու մէջ կ’օգտագործեն այս մեթոտը, յատկապէս ԱՄՆ, Պրազիլ, Արժանթին, Գանատա, Չինաստան եւ այլն: Որպէս հետեւանք՝ կը փոխուի տուեալ բոյսի կամ կենդանիի պարունակած փրոթէինի, ճարպի եւ ածխաջրատներու կազմը, զանոնք դարձնելով աւելի վտանգաւոր առողջութեան համար:
GMO ձեւափոխուածները վտանգաւոր են այնքանով, որ անոնց արտաքին տեսքը եւ համը ոչ մէկ տարբերութիւն ունին ծինայինօրէն չձեւափոխուածներու հետ համեմատած:
Ծինային ձեւափոխուած սնունդը մարդոց մօտ կը յառաջացնէ սննդային թունաւորումներ, ալերժիք երեւոյթներ, հակաբորբոքային դեղերու նկատմամբ անընկալութիւն, կ’ազդեն վերարտադրողական համակարգին վրայ:
Ամերիկայի մէջ բնակչութեան 70% ունի ալերժիք հիւանդութիւններ, իսկ Շուէտի մէջ գրեթէ գոյութիւն չունի, քանի որ երկիրը չի ներածեր GMO-ի ենթարկուած սննդամթերք եւ կենդանիներու միս: Մինչեւ հիմա յայտնի է 90 տեսակ GMO-ի ենթարկուած սննդատեսակ, անոնցմէ ամենայայտնիներն են` սոյա, եգիպտացորեն, գետնախնձոր, սալոր, լուբիա, լոլիկ, ցորեն եւ անկէ պատրաստուած սննդատեսակներ, տուրմի եւ թէյի տեսակներ եւ այլն:
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՍՆՆԴԱՆԻՒԹԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՈՐԱԿԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ
Մեր ընդունած սնունդը փոխուած ըլլալով որակապէս, յաճախ կը պարունակէ ծանր մետաղներ, նիթրիթներ, պահպանիչներ:
Այսպիսի պայմաններու մէջ, մարմինը պէտք կ’ունենայ կենսաբանական աշխոյժ սննդային յաւելումներու, որոնք կը լրացնեն սնունդը, կը մաքրեն զայն, կը լրացնեն պակաս միքրօ եւ մաքրօ էլէմանները եւ կենսանիւթերը:
Յաճախ կը հանդիպինք Light, low fat, low calory, sugar free եզրերուն, որոնք կը նշանակեն, թէ յիշեալ ուտելիքները բնական ձեւով պատրաստուած ուտելիքներէն նուազ իւղ, քիչ շաքար, քիչ քանակով ջերմուժ կը պարունակեն։ Շաքարէ զուրկ ուտելիքներուն սաքարոզ շաքարի տեսակը փոխարինուած կ’ըլլայ այլ բաղադրութիւններով, սակայն ասիկա չի նշանակեր, թէ անոնք իւղ չեն պարունակեր։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել վաճառուած արտադրութիւններու ոչ միայն մեծ գրութիւններուն, այլեւ լման բաղադրութեան մասին տրուած տեղեկութիւններուն։ Նախընտրելի է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ ուտելիքներու barcode-երուն, որմէ ալ կարելի է հասկնալ թէ ո՞ր երկրի մէջ պատրաստուած է:
690, 691, 692….Չինաստան,
30-37…Ֆրանսա,
00-09…ԱՄՆ-Գանատա,
40-44…Գերմանիա: