ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ
- Ծխելը ուղեղի կծկում կը պատճառէ եւ որքան աւելի ու երկար ծխէ մարդ, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ վնասը, կը բացայայտէ նոր հետազօտութիւն մը:
- Ուղեղին կծկումը կ’առաջնորդէ մտային կարողութեանց անկումին եւ կը բարձրացնէ մտագարութեան (dementia) եւ «Ալզհայմըր»ի վտանգը:
- Ծխելը դադրեցնելը կրնայ օգնել կասեցնելու ուղեղի կծկումը, սակայն չ’օգներ ամբողջութեամբ անոր վերականգնուելուն:
- Հետազօտութեան հեղինակները կը յանձնարարեն, որ որեւէ տարիքի ծխող պէտք է առաջնահերթութիւնը տայ անկէ հրաժարելու:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգի Սէնթ Լուիզ քաղաքի Ուաշինկթընի անուան Բժշկական Դպրոցին մէջ կատարուած նոր հետազօտութեան մը համաձայն, ծխախոտ օգտագործելը ուղեղի կծկում կը պատճառէ:
Ուղեղի կծկումը կապուած է նաեւ մտային աշխատանքի խանգարումներու, մտագարութեան եւ «Ալզհայմըր»ի յառաջացման վտանգին:
Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ որեւէ ժամանակ ծխելէ դադրիլը կը կանխէ կորուստը ուղեղին մոխրագոյն բաժինին՝ ուղեղին եւ ողնածուծին մթագոյն հիւսուածքին, որ հիմնականօրէն բաղկացած է նեարդային բջիջներէ, եւ այնուհետեւ, ուղեղը չի վերագտներ իր բնական կազմը անգամ մը, որ կծկուի:
Շատոնց յստակ դարձած է, որ ծխելը վնասակար է թոքերուն եւ սիրտին, սակայն գոյութիւն չունին բաւարար ուսումնասիրութիւններ բացայայտելու ծխելու ազդեցութիւնը ուղեղին վրայ:
Հետազօտութեան խումբը, զոր կը գլխաւորէր տոքթոր Լորա Ճ. Պիերութ՝ «WashUMed»-ի «Health & Behavioral Research Center»-ի տնօրէնը, նպատակ ունի ամբողջացնելու ծխելու վնասակար ազդեցութիւններուն մասին առկայ բացը:
Հետազօտութեան արդիւնքները վերջերս հրապարակուած են «Biological Psychiatry: Global Open Science» ամսաթերթին մէջ:
Ծխելը կը յառաջացնէ ուղեղի կծկում եւ կը բարձրացնէ մտագարութեան վտանգը
Նախկին հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ ծխողներու պարագային մտագարութեան զարգացման վտանգը մեծ է: Կ’ենթադրուի, որ «Ալզհայմըր»ի պարագաներուն 14 առ հարիւրը ծխելու հետեւանք է:
Ուղեղի կծկումին եւ ծխելուն միջեւ կապի ուսումնասիրութիւնը կը պարփակէ թէ՛ վարքային, եւ թէ ծինային գործօններու բացայայտումը:
Ինչո՞ւ ուղեղին կծկումը կ’առաջնորդէ մտային կարողութեան անկումի
Քալիֆորնիոյ Լոնկ Պիչ քաղաքի «Healthy Brain Clinic»-ի բժիշկներէն տոքթ. Տանկ Թրին «Medical News Today»-ին կը յայտնէ. «Ուղեղի կծկումը կ’առնչուի «նիւրոն»ներու եւ անոնց միջեւ կապերու խզումին: Այս խզումը կրնայ խաթարել ուղեղին ճիշդ աշխատելու ունակութիւնը»,- կ’ըսէ տոքթ. Թրին: Ան կը նշէ, որ «Ալզհայմըր»ի եւ մտագարութեան պարագային որոշ բաժիններ կը փոքրանան, ինչ որ կը յանգեցնէ ուղեղի գործունէութեան խանգարումին:
«Օրինակ՝ «hippocampus»-ը, որ կարեւոր է յիշողութեան ձեւաւորման համար, յաճախ ցոյց կու տայ զգալի կծկում՝ «Ալզհայմըր»ի պարագային»,- կ’ըսէ ան: Նման կծկում կրնայ խանգարել ուղեղին տարբեր բաժիններուն միջեւ հաղորդակցութիւնը, յանգելով մտային կարողութեան նուազումին:
Իր կարգին, Տոքթ. Պիերութ կը նշէ, որ ուղեղին կծկումը կապուած է ծերացումին: «Այլ խօսքով, անոնք որոնք կը ծխեն, կ’ունենան «աւելի ծեր» ուղեղ մը»,- կ’ըսէ ան:
Տոքթ. Պիերութի համաձայն երբ մարդ կը ծխէ, ան ինքնաբերաբար մարմնին մէջ կը ներառնէ զանազան քիմիական նիւթեր: Ան կ’աւելցնէ, որ անոնք, որոնք կը ծխեն, թթուածինի ցած մակարդակ կ’ունենան իրենց արեան մէջ: «Ուղեղը կը սիրէ թթուածինը եւ այս մնայուն նուազ թթուածին ստանալը դանդաղօրէն «սովի» կը մատնէ ուղեղը»,- կ’աւելցնէ ան:
Տոքթոր Թրին կը թուէ այն տարբեր վնասները, զորս ծխելը կրնայ պատճառել ուղեղին: Ան կը նշէ, թէ ծխելու հետեւանքով կրնան վնասուիլ երակները, եւ այդ վնասուածքը կրնայ նուազեցնել արեան հոսքը դէպի ուղեղ՝ բջիջներու մահուան եւ ուղեղի կծկումի պատճառ դառնալով: Ան կ’աւելցնէ նաեւ, թէ ծխախոտին պատճառով կրնայ անհաւասարակշռութիւն ստեղծուիլ թթուածինի զգայուն մասնիկներու արտադրութեան եւ զանոնք չէզոքացնելու մարմնի ունակութեան միջեւ (oxidative stress), որուն հետեւանքով կրնան վնասուիլ ուղեղին բջիջները, սպիտակուցները եւ «DNA»-ը: Ծխախոտներուն մէջ գտնուող որոշ քիմիական նիւթեր (neurotoxins) կրնան ուղղակիօրէն փճացնել ուղեղին բջիջները:
Ծխելէն հրաժարելու օգուտները
«Ծխելէ հրաժարիլը ամենէն կարեւոր քայլն է, զոր մարդ կրնայ առնել իր առողջութեան համար», կ’ըսէ տոքթոր Պիերութ: «Որքան շատ եւ երկար ծխէ մէկը, այնքան աւելի կը ծերացնէ իր ուղեղը: Այլ բան, թէ միշտ տարիքով մեծ անձերու կ’ըսեմ, որ երբեք ուշ չէ ծխախոտէն հրաժարիլը, նոյնիսկ մեծ տարիքին. ծխախոտէն հրաժարիլը միշտ օգտակար է առողջութեան: Ընդհանուր առմամբ, մարդիկ սկսած են աւելի երկար ապրիլ եւ կ’աւելնայ թիւը աշխարհի բնակչութեան մէջ տարեց մարդոց, որոնք կրնան մտագարութեան մատնուիլ: Այս մէկը առողջապահական լուրջ հարց մըն է, եւ աւելի առողջ տարեց բնակչութիւն մը ունենալու մտասեւեռումով, պէտք է կեդրոնանաք մտագարութիւն պատճառող արտաքին գործօններու վերացման վրայ, ինչպէս ծխելը»,- կ’աւելցնէ ան:
Միաժամանակ, տոքթոր Թրին կը նշէ, որ ծխելէ հրաժարելու անհրաժեշտութիւնը միայն տարեցներուն չի վերաբերիր. «Պատանիներու եւ երիտասարդներու ուղեղները տակաւին կազմաւորման ընթացքին մէջ կ’ըլլան, եւ այս ճակատագրական շրջանին, ծխելու վնասները կրնան առաջնորդել զգալի երկարաժամկէտ վնասներու: Որոշ է, թէ որքան կանուխ մարդ սկսի ծխել, այնքան աւելի մեծ կ’ըլլայ վնասը»:
Ինչպէ՞ս նիքոթինը կ’ազդէ ուղեղին վրայ
Նիքոթինը ծայրայեղ կախեալութիւն պարտադրող նիւթ մըն է, որ մեր մարմնին կողմէ արտադրուող հաճոյքի, ցաւի դէմ պայքարող եւ ընդհանապէս լաւ զգալու վիճակ ստեղծող քիմիական նիւթերու (endorphin) հոսք մը կը պատճառէ ու երբ մտնէ արեան մէջ կը բարձրացնէ տոփամինի մակարդակը, որ իր կարգին հաճոյքի եւ գոհունակութեան վիճակ մը կը ստեղծէ: Տոփամինը նաեւ դեր ունի յիշողութեան, տրամադրութեան, քունի, սորվելու, կեդրոնանալու, շարժելու եւ այլ կատարողութիւններու մէջ: Ժամանակի ընթացքին, անհատը աւելի նիքոթին կը պահանջէ՝ վայելելու համար տոփամինի «պարգեւները»:
Նիքոթինի յաճախակի գործածութիւնը կրնայ փոխել ուղեղին այն բաժինները, որոնք կը վերաբերին սթրեսին, սորվելու ունակութեան եւ ինքնազսպումին: Եթէ անհատը երկար ատենէ ծխող է, ուղեղային փոփոխութիւնները կրնան առաջնորդել կախեալութեան, պատճառելով յիշողութեան կապուած խնդիրներու, դիւրագրգռութեան, մտատանջութեան, ինչպէս նաեւ՝ կեդրոնացումի առնչուած դժուարութիւններու:
Եթէ նիքոթինը սկզբնական շրջանին կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ, սակայն անոր երկարատեւ գործածութիւնը վնասակար կ’ըլլայ ընդհանուր առողջութեան եւ լաւ զգացողութեան:
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ սկզբնական շրջանին, նիքոթինը կրնայ բարեփոխութիւններ յառաջացնել ուղեղին մէջ՝ բարելաւելով պարտականութիւնները ճշգըրտութեամբ կատարելու ունակութիւնը, կը խթանէ երկար ժամանակ առանց ուշադրութիւնը շեղելու կեդրոնացումի կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մկանային շարժումներու ճարտարութիւնը: Այս կարճաժամկէտ բարելաւումները ծխողը կը դարձնեն անոր մոլին, իսկ անկէ հրաժարելու ճիգը բաւական տհաճ վիճակներ կը ստեղծէ, ինչպէս՝ տրամադրութեան անկում, անձկութիւն, գլխու ցաւ, կեդրոնանալու դժուարութիւն, ախորժակի սրում, անքնութիւն եւ նոյնիսկ ընկճախտ. այս բոլորը կը դժուարացնեն ծխախոտէն հրաժարելու փորձերը:
Կաթուած
Ծխախոտի գործածութիւնը կրնայ բարձրացնել կաթուածի վտանգը: Ծխելը կրնայ արիւնը կպչուն դարձնել, հետեւաբար զայն թանձրացնել՝ կաթուած պատճառելով: Ծխելը նաեւ կը բարձրացնէ վնասակար քոլեսթերոլը (LDL), որ նոյնպէս կաթուած կրնայ պատճառել:
Ծխախոտի ծուխին մէջ գտնուող նիքոթինը եւ միաթթուիտ բնածուխը (CO) դարձեալ կրնան առաջնորդել կաթուածի: Միաթթուիտ բնածուխը կրնայ նուազեցնել թթուածինի քանակը արիւնին մէջ, մինչ նիքոթինը կրնայ արագացնել սրտին զարկերը: Երկուքը կրնան առաջնորդել արեան բարձր ճնշումի, ինչ որ կաթուածի հիմնական պատճառներէն մէկն է:
Անձ մը, որ օրական որեւէ տեսակի քսան սիկարէթ կ’օգտագործէ, վեց անգամ աւելի հաւանականութիւն ունի կաթուածի ենթարկուելու, քան՝ անոնք, որոնք չեն ծխեր:
Քաղցկեղ
Ծխախոտի գործածութիւնը թոքի քաղցկեղի գլխաւոր պատճառներէն մէկը կը հանդիսանայ: Թոքի քաղցկեղ ունեցող մարդոց շուրջ քառասուն առ հարիւրը կրնայ զարգացնել նաեւ ուղեղի քաղցկեղ՝ թոքէն տարածուելով (metastasis): Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ թոքի քաղցկեղով անձ մը, որ կը ծխէ եւ նիքոթին կը ներշնչէ, շատ հաւանական է, որ ուղեղի քաղցկեղ զարգացնէ, քան այն անձը, որ չի ծխեր:
Արդեօք ելեկտրոնիք սիկարէթները (e-cigarette) նուա՞զ կը վնասեն
«E-cigarette»-ները համեմատաբար նոր արտադրութիւն կը նկատուին, ուստի շատ սահմանափակ հետազօտութիւններ կատարուած են անոնց կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առողջական հետեւանքներուն մասին:
Այնուհետեւ, «e-cigarette»-ները կը պարունակեն նիքոթին եւ վնասակար այլ նիւթեր, որոնք կրնան առաջնորդել մտային կարողութեան անկումի, ինչպէս՝ պարզ ծխախոտը: Նիքոթինը կրնայ բարձրացնել սրտին զարկը, որ կրնայ յառաջացնել արեան բարձր ճնշում, հետեւաբար՝ կաթուած:
2021-ին, առնէտներու վրայ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ «e-cigarette»-ները կրնան ազդել սորվելու եւ յիշողութեան կարողութիւններուն վրայ: Պատանիներու եւ երիտասարդներու պարագային, «e-cigarette»-ները կրնան առաջնորդել դպրոցին մէջ տկար կատարողականութեան, կեդրոնացումի կապուած հարցերու, քնանալու դժուարութեան, մտային կարողութեան խանգարումի եւ ընկճախտի:
Կ’ուզե՞ս առողջ ապրիլ. մի՛ ծխեր կամ հրաժարէ՛ անկէ:
Միացեալ Նահանգներու «Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններ» պետական հիմնարկը (CDC) կը հաստատէ, որ ծխելէն հրաժարիլը կրնայ բարելաւել ուղեղին առողջութիւնը: Ժամանակի ընթացքին, կրնայ նաեւ նուազեցնել կաթուածի վտանգը եւ ուղեղային հիւանդութիւններու զարգացումը, ինչպէս՝ մտագարութիւնը (dementia):
Ծխելէ հրաժարելու խորհուրդներ
Ստորեւ՝ կարգ մը խորհուրդներ ծխելէն հրաժարելու մասին.
– Ճշդել ծխելէն հրաժարելու մօտիկ թուական մը եւ չփոխել զայն.
– Ցանկագրել ծխելէն հրաժարելու պատճառները.
– Տեղեկացնել ընտանիքին ու բարեկամներուն, որ ծխելէն հրաժարելու որոշում տուած ես՝ անոնց աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով.
– Օգտագործել օժանդակ միջոցներ կամ խօսիլ խորհրդատուի մը հետ, որ օգնէ.
– Կարելի է նաեւ դիմել բժիշկի: