Վերահսկիչ մարմիններ կանաչ լոյս տուած են ճաղատնալու դէմ պայքարի միջոցի մը, որ կրնայ վերականգնել մազերը: Փորձերը ցոյց տուած են, որ դեղահատին ամէնօրեայ օգտագործումը կրնայ գրեթէ լիովին չէզոքացնել այն վիճակը, որուն պարագային մազերը կը թափին խուրձերով:
Պարիսիթինիպ (baricitinib) դեղահատը արդէն կ’օգտագործուի Մեծն Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային համակարգին կողմէ` շարք մը հիւանդութիւններու բուժման համար, ներառեալ յօդացաւը, մորթատապը եւ նոյնիսկ ծանր քովիտը: Ան կ’աշխատի` ընդհատելով սխալ ազդանշանները, որոնք կը ստիպեն ախտամերժ համակարգը գրոհելու մազի պարկիկներուն դէմ, կը գրէ Daily Mail:
Հիմա Մեծն Բրիտանիայի Առողջապահութեան ազգային համակարգի ղեկավարները կը դիտարկեն Պարիսիթինիպը (baricitinib) եւ պիտի որոշեն, թէ արդեօք Ազգային առողջապահութեան ծառայութիւնը կը ֆինանսաւորէ՞ մազաթափութեան բուժումը:
Մազաթափութիւնը (alopecia) եզր մըն է, որ կ’օգտագործուի մազերու թափուիլը նկարագրելու համար, որմէ կը տառապին կիներու 40 եւ տղամարդոց 30 տոկոսը կեանքի որոշ շրջանին:
Մօտ 100.000 բրիտանացի կը տառապին «alopecia areata» հիւանդութենէն, որուն պարագային ախտամերժ համակարգի բջիջները անյայտ պատճառներով կը գրոհեն մազի պարկիկներուն դէմ: Քանի մը շաբաթուան ընթացքին, մազերը կը սկսին թափիլ խուրձերով, որուն հետեւանքով ճաղատութիւն կը յառաջանայ: Ոմանք կը կորսնցնեն նաեւ յօնքերը, թարթիչները եւ մարմնի այլ մասերու մազերը:
Steroid բուժումը կ’ընդգրկէ քսուք, գլխամաշկի ներարկում կամ դեղահատ, եւ ան արդիւնաւէտ է իւրաքանչիւր մէկ հինգերորդ հիւանդի համար: Բայց Steroid դեղահատերու ընդունումը կրնայ կտրուկ բարձրացնել լուրջ հիւանդութիւններու վտանգը, ինչպէս 2-րդ տեսակի շաքարախտութիւն, ուստի բժիշկները խորհուրդ կու տան հիւանդներուն դադարեցնելու զայն վեց շաբաթ յետոյ: Steroid քսուքները կրնան գրգռել մաշկը եւ միկրէյն յառաջացնել:
Պարիսիթինիպը (baricitinib), որ JAK արգելակիչներու (inhibitors) ընտանիքին կը պատկանի, կարելի է առնել ամէն օր եւ անսահմանափակ ժամանակով: Կողմնակի ազդեցութիւնները սովորաբար նուազագոյն են, որովհետեւ, ի տարբերութիւն Steroid դեղերու, այս չի չ’ախտահարեր ախտամերժ առողջ բջիջները: