ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Կապոյտ հազխեղդահազը (wooping cough-pertussis) սուր վարակիչ (infectious) հիւանդութիւն մըն է եւ կը յատկանշուի շնչառական ուղիներու՝ խռչափողի, շնչափողի եւ ցնցուղներու (bronchi) լորձնաթաղանթներուն բորբոքումով եւ ջրուռեցքով (edema) ինչպէս նաեւ՝ ուժգին, սաստիկ, ջղաձգային, անհակակշռելի եւ նոպայական հազով (paroxismal):
Կապոյտ հազի յարուցիչը Պորդետելլա բերդուսիս (Bordetella pertussis) մանրէն է: Ան կը փոխանցուի օդակաթիլային ընթացքով՝ հազիփռնգտուքի միջոցով: Վարակուող անձը հազալով, փռնգտալով եւ արտաշնչելով յարուցիչ ցպիկները կը տարածէ իր շրջապատին եւ կը վարակէ իր շուրջը գտնուող առողջ անհատները: Այս ցպիկները մտնելէ ետք առողջ անձի մը շնչառական համակարգը, կ’արտադրեն յատուկ թունանիւթ մը (toxin): Այս թունանիւթը կը վնասէ շնչառական խողովակներու խլնաթաղանթային բջիջներուն եւ կը յառաջացնեն խլնաթաղանթի ջրուռեցք եւ խողովակներու նեղացում: Այս ընթացքին մանրէները կը բազմանան շնչառական խողովակներուն մէջ եւ արտաշնչումով կը տարածուին օդին մէջ:
Խեղդահազը տեղաճարակային (endemic) հիւանդութիւն մըն է ամբողջ աշխարհի մէջ: Ան կը պատահի որեւէ տարիքի, առանց սեռի խտրութեան եւ բոլոր եղանակներուն, առաւելաբար՝ ձմրան օրերուն:
Կապոյտ հազին առաջին դէպքը արձանագրուած է 16-րդ դարուն: Անոր յարուցիչը յայտնաբերուած է 1906-ին:
Խեղդահազը ունի երեք հիւանդագին հանգրուաններ: Առաջին հանգրուանը կը սկսի վարակումէն մինչեւ 15 օր: Այս հանգրուանին վարակուող անձը կ’ունենայ պարզ հարբուխի ախտանշանները՝ մեղմ հազ, փռնգտուք, քթահոսք եւ մեղմ ջերմ:
Երկրորդ հանգրուանը կը սկսի վարակումէն 2 շաբաթ ետք եւ կը տեւէ մօտաւորապէս 6-8 շաբաթ, երբ վարակուողը կ’ունենայ հետեւեալ ախտանշանները՝ սուր, նոպայական, անհակակշռելի, իրարայաջորդ հազի պոռթկումներ, գերքրտնութիւն, բարձր ջերմ, դող, գլխացաւ, մկանային ցաւ եւ ախորժակի նուազում: Կրկնակի հազի պոռթկումներէն ետք հիւանդը կը ներշնչէ խորունկ ձայնային երանգով մը, որ կը կոչուի խեղդոց (whooping) եւ ապա կը փսխէ պոռթկումով: Սուր հազին պատճառով կրնան պատահիլ ողնայարային զարկերակի (vertebral artery) պատռուածք եւ մեծածաւալ արիւնահոսութիւն, աղեթափութիւն (hernia), մէզի անպահութիւն (incontinence), կողոսկրներու (rib) կոտրուածք, ենթաակնազօդային (subconjunctival) արիւնահոսութիւն, որովայնի զարկերակի եւ թոքամաշկի (pleura) պատռուածք եւ ենթաթոքաթաղանթային օդակուտակում (pneumothorax):
Մինչեւ մէկ տարեկան երեխաներ երբեմն հազի փոխարէն կ’ունենան շնչահեղձութիւն, շնչադադարի (apnea) նոպաներ եւ լուրջ բարդութիւններ, մանաւանդ անոնք, որոնք չեն պատուաստուած: Այս բարդութիւններէն կարեւորագոյններն են՝ թոքատապ (pneumonia), մարմնական ընդհանուր ցնցումներ, ջղացնցումներ, ուղեղատապ, ուղեղային արիւնահոսութիւն, ուղեղային հիւծում (atrophy) եւ նոյնիսկ մահ: Այս բոլորը նկատի ունենալով յանձնարարելի է մանուկներուն պատուաստումը կատարել շատ կանուխ՝ սկսեալ երկրորդ ամիսէն:
Կապոյտ հազը վարակիչ է հազը սկսելէ ետք եւ յաջորդ 15 օրերուն ընթացքին: Պատուաստուած անձ մը կրնայ վարակուիլ այս ժամանակամիջոցին: Երրորդ հանգրուանը կը սկսի վարակումէն մօտաւորապէս 10 շաբաթ ետք եւ կը տեւէ 2-3 շաբաթ: Այս հանգրուանին հիւանդին նոպայական հազը կը մեղմանայ եւ շնչառութիւնը կը դառնայ բնականոն:
Կապոյտ հազին ախտորոշման համար խիստ կարեւոր են բժիշկին տպաւորութիւնը եւ հիւանդին ցուցաբերած ախտանշանները: Ախտորոշման համար կը կատարուի կոկորդի եւ քթաըմբանի քսուկի (swab) տարրալուծարանային քննութիւն՝ յայտնաբերելու համար կապոյտ հազի մանրէները-ցպիկները:
Խեղդահազին դարմանումը կը կատարուի յատուկ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ. այս դեղերը գործածուելու են շատ կանուխ, այսինքն՝ ախտաճանաչումը կատարուելէ անմիջապէս ետք եւ 4-6 շաբաթ տեւողութեամբ: Հակամանրէական դեղ ստացող հիւանդներ հինգերորդ օրուընէ ետք վարակիչ չեն համարուիր: Ընդհանրապէս դարմանումը կը կատարուի տան մէջ: Հիւանդին տրուելու են առատ հեղուկ, օշարակի տեսակներ, պտուղ եւ սննդարար կակուղ կերակուր: Հիւանդը շնչելու է բարեխառն շոգի եւ հեռու մնալու է գրգռիչ ազդակներէ, ինչպէս՝ փոշի, ծուխ, մուխ:
Տնային դարմանումի ընթացքին, տան մէջ գտնուող առողջ անհատները պէտք է հեռու կենան հիւանդէն, պէտք չէ ձեռնուին անոր հետ եւ ձեռքերը յաճախ լուալու են ջուր-օճառով, որպէսզի չվարակուին:
Վարակուած երեխաներուն 50 տոկոսը կարիքը կ’ունենայ հիւանդանոցային խնամքի:
Կապոյտ հազը կանխարգիլելի է կապոյտ հազի դէմ պատուաստի գործածութեամբ: Պատուաստը կը պատրաստուի կապոյտ հազի սնանուած մանրէներէ: Կապոյտ հազի պատուաստը հասանելի եղած է բժիշկներուն 1940-ին:
Կապոյտ հազի պատուաստը կը տրուի պրկախտի (tetanus) եւ կեղծմաշկի (diphtheria) պատուաստներուն հետ որպէս եռեակ պատուաստ: Մանուկներուն կը տրուին հինգ պատուաստներ: Առաջին երեք պատուաստումները կը կատարուին, երբ մանուկը 2, 4 եւ 6 ամսու է: Չորրորդ եւ հինգերորդ պատուաստումները կը կատարուին, երբ մանուկը 4 եւ 6 տարեկան է: 7 տարեկանէն վեր պատանիներուն կը տրուի մէկ պատուաստ 11 կամ 12 տարեկանին: Յղի կիներ ստանալու են պատուաստը իրենց յղութեան 27-36-րդ շաբթուան ընթացքին՝ պաշտպանելու համար իրենց ապագայ ծնելիք զաւակը կապոյտ հազէն:
Կապոյտ հազին պատուաստը ապահով է: Ան ոչ մէկ բարդութիւն կամ վնաս կը յառաջացնէ: Պատուաստումէն ետք կրնան պատահիլ՝ անցողակի եւ ժամանակաւոր մեղմ ջերմ, պատուաստի սրսկումի տեղական ցաւ, կարմրութիւն կամ ուռեցք:
«Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն»ը եւ «Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման համաշխարհային կեդրոն»ը կը թելադրեն այս պատուաստին գործածութիւնը: Գանատայի մէջ պատուաստի գործածութեամբ՝ կապոյտ հազը վերջին տարիներուն նուազած է 96 տոկոսով: