Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, կը նախատեսուի որ քաղցկեղի 35 միլիոն նոր պարագաներ արձանագրուին 2050 թուականին՝ 77 տոկոսով աւելի քան 2022-ին գնահատուած 20 միլիոն պարագաները՝ ընդգծելով հիւանդութեան կանուխ յայտնաբերման արդիւնաւէտ մեթոտներու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Կանուխ ախտորոշման բերումով, բուժման եղանակները ընդհանրապէս աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլան:
Վերջերս, Շուէտի Կէօթենպըրկ համալսարանի հետազօտողները պարզած են, որ քաղցկեղի բջիջներուն մէջ յայտնաբերուած շաքարի մասնիկներուն («molecules») փոփոխութիւնները, որոնք կը կոչուին կլիքան («glycans»), կրնան օգնել բացայայտելու քաղցկեղի յատուկ տեսակները: Շաքարի մասնիկներուն այս փոփոխութիւնները կրնան ծառայել որպէս քաղցկեղի յայտնաբերման խոստումնալից ցուցանիշ մը:
Կլիքանները շաքարի բարդ մասնիկներ են, որոնք կապուած են մեր օրկանիզմի սպիտակուցներուն եւ ճարպերուն: Շաքարի այս մասնիկներուն փոփոխութիւնները կրնան յառաջանալ ուռուցքային բջիջներու այլափոխումներու («mutations») կամ քաղցկեղի առնչուած համակարգային այլ պայմաններու պատճառով:
Վերլուծական յառաջացած մեթոտներ օգտագործելով , ներառեալ արուեստական իմաստութիւնը («AI»), հետազօտողները վերլուծած են տարբեր քաղցկեղներով հիւանդ անձերու ուռուցքային եւ առողջ հիւսկէններու («tissue») նմոյշներու տուեալները: Անոնք յայտնաբերած են քաղցկեղի տեսակէն կախեալ կլիքաններու կառուցուածքի տարբերութիւնները՝ ցոյց տալով անոր կարողականութիւնը իբրեւ քաղցկեղի յայտնաբերման ցուցանիշ: Թէեւ ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացած է քաղցկեղի որոշ տեսակներու վրայ, ինչպէս՝ ստամոքսի, մորթի, լեարդի, շագանակագեղձի, հաստ աղիքի եւ ձուարաններու, հետազօտողները կը կարծեն, որ յայտնագործումները կրնան կիրարկուիլ նաեւ քաղցկեղի այլ տեսակներու համար:
Այս արդիւնքներուն հիմամբ մշակուած արեան կամ լորձունքի քննութիւնը կրնայ թոյլ տալ աւելի արագ եւ նուազ տարածուող քաղցկեղ յայտնաբերել` աւանդական մասնազննութեան («biopsy») մեթոտներու հետ բաղդատած: Ան կրնայ նաեւ դիւրացնել քաղցկեղի զարգացման հսկողութիւնը եւ դարմանումի արդիւնաւէտութիւնը:
Յաջորդ քայլերը կ’ընդգրկեն քաղցկեղի մասին յաւելեալ տուեալներու հաւաքումը, մասնաւորապէս` թոքերու քաղցկեղով հիւանդներու լորձունքի նմոյշներէն` բացայայտումները աւելի եւս վաւերացնելու եւ ճշգրտելու նպատակով: Բացի այդ, ուսումնասիրողները նպատակ ունին մշակելու հետազօտութեան մէջ յայտնաբերուած քաղցկեղի ցուցանիշերու յատուկ քննութիւններ՝ զանոնք դարձնելով աւելի մատչելի դարմանական օգտագործման համար:
Տոքթ. Ռիչըրտ Ռայթերմանի համաձայն, արհեստական բանականութեան օգտագործումը մեծ դերակատարութիւն ունի նման ուսումնասիրութիւններու ընթացքին ստացուած հսկայական տուեալներու վերլուծութեան մէջ: Ան ընդգծեց կարեւորութիւնը այս գիւտի կարողականութեան՝ յեղաշրջելու քաղցկեղի յայտնաբերման եւ դարմանումի ռազմավարութիւնները: