E կենսանիւթը այլապէս կոչուած է նաեւ ամլութեան կենսանիւթ:
Քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ, Իվընզ եւ Պիշոփ գիտնականները, 1922-էն մինչեւ 1936 բազմաթիւ փորձերէ յետոյ, կը հաստատեն, որ եթէ յղի մուկերու տրուէր մասնաւոր սնունդ մը՝ զուրկ բոլորովին E կենսանիւթէն, անոնք ենթակայ կ’ըլլային վիժումի: Փաստուեցաւ նաեւ, որ անոր պակասը երբեմն պատճառ կը դառնար ամլութեան:
Փորձերը յամառ կերպով կը շարունակուին, ու գիտնականները շուտով կը գտնուին հետաքրքրական եզրակացութիւններու առջեւ: Կը նշմարուի, որ E կենսանիւթը ոչ միայն կարեւոր է կիներու սերնդական գործարաններուն համար, այլ նաեւ կ’ազդէ այր մարդոց սերմ արտադրելու կարողութեան վրայ:
Կենդանիներու վրայ կատարուած փորձը տարածելով մարդոց վրայ, կը հաստատուի, թէ այն կիները, որոնք կը տառապին E կենսանիւթի պակասէն, դժուար կը յղիանան, եւ եթէ յղի մնան իսկ, ենթակայ կ’ըլլան վիժումներու: Այս վերջին պարագային, սաղմը իր բնական աճումը չ’ունենար ու հետեւաբար դուրս կ’արտաքսուի արգանդէն:
Այս երեւոյթը յաճախ կը կրկնուի ու անոր ենթակայ կիները կը զարմանան, թէ ինչո՛ւ վիժումները իրարու կը յաջորդեն: Անոնք եթէ մասնագէտներու կողմէ լուրջ քննութիւններու չեն ենթարկուած, բնաւ չեն կրնար մտածել, որ իրենց վիճակը հետեւանք է E վիթամինի պակասին:
Այր մարդոց սերնդագործելու կարողութեան մէջ, ալ աւելի կարեւոր դեր մը կը կատարէ այս կենսանիւթը: Ասոր պակասը կրնայ վնասել ու նոյնիսկ երբեմն փճացնել ամորձիքներու յուզաթաղանթը, որուն պաշտօնն է սերմ արտադրել:
Տեղին է նշել, որ սերմ արտադրելու կարողութիւնը կապ չունի ենթակային ընդհանուր առողջութեան հետ: Շատ առողջ երեւոյթով մէկը, կենսանիւթ E-ի պակասին եւ կամ կարգ մը արական ներծոր գեղձերու խանգարման հետեւանքով, կրնայ սերմի տկարութիւններ յայտնաբերել եւ պատճառ հանդիսանալ ամլութեան: Ասոնց փաստարկութիւնը թէ «մաքուր կեանք մը» ապրած են ու զերծ մնացած լուրջ հիւանդութիւններէ, ոչինչ կը փոխէ կացութենէն:
E կենսանիւթը նաեւ անհրաժեշտ է մարմինի մկաններուն եւ ջիղերուն համար: Անոր պակասը կրնայ ջղացաւերու եւ դնդերներու տկարութեանց պատճառ հանդիսանալ:
Այս վիթամինին հետ նաեւ B վիթամինը անհրաժեշտ են մկանային եւ ջղային դրութիւնը բնականոն վիճակի մէջ պահելու համար:
E կենսանիւթի գլխաւոր աղբիւր կը հանդիսանան բուսական իւղերը: Նաեւ մեծ քանակութեամբ կը գտնուի ծիլ ցորենի ալիւրին մէջ: Այս սնունդը շատ մը բժիշկներու կարծիքով կրնայ հրաշքներ գործել՝ իր մէջ պարունակած շարք մը կենսանիւթերու առատութեամբ: Տոքթ. Գիլուրտ Հավըրզ իր «Անձագիր» անուն գիրքով ցորենի այս սնունդին կը վերագրէ մարդկային մարմինը երիտասարդ պահելու կարողութիւն մը:
E կենսանիւթ կը պարունակեն նաեւ բրինձն ու հազարը: Իսկ քիչ քանակութեամբ անկէ կը գտնուի կենդանիներու մկաններուն, պանգրէասին, փայծախին, լեարդին եւ հաւկիթի դեղնուցին մէջ:
Գալով այս կենսանիւթի արուեստական պատրաստութեան, այդ մէկը իրականացաւ միայն 1938-ին:
Վիժումներու ենթակայ կիները, մասնագէտներու կողմէ՝ այլ դարմանումներու կարգին, կ’ենթարկուին E վիթամինի սրսկումներու: Այս միջոցը կը կիրարկուի մինչեւ յղութեան 5-րդ կամ 6-րդ ամիսը, երբ արդէն սաղմը լրիւ կազմուած ըլլալով՝ վիժումի վտանգը կ’անհետանայ:
Իսկ այրերու սերմի տկարութեան պարագային, E կենսանիւթի երկարատեւ գործածութիւնը կրնայ ուղղակի հրաշքներ գործել:
ՏՈՔԹ. Վ. ՍԱՀԱԿԵԱՆ