Տոքթ. Վ. Գնաճեան
Քօփէնհակնի տարրալուծարաններուն մէջ է, որ 1929-ին գտնուեցաւ «K» կենսանիւթը:
Կարգ մը կենդանիներ, որոնք սննդառութեան փորձերու կ՚ենթարկուէին, յանկարծ արիւնահոսութիւն ունեցան, երբ անոնց տրուած իւղոտ ուտելիքները ենթարկուեցան սեղմումի: Գիտնականները փորձեցին այդ արիւնահոսութիւը կեցնել՝ «A», «D» եւ «C» կենսանիւթերով, սակայն ապարդիւն: Ու ահա երբ կենդանիներուն տրուեցաւ «լիւզերին» կոչուած տունկին տերեւները, անոնք ապաքինեցան արագ կերպով: Քիմիական փորձերը ցոյց տուին, որ այդ տունկին տերեւները իրենց մէջ «K» կենսանիւթ կը պարունակեն: Հետագային փաստուեցաւ, որ այս վիթամինը առաւել կամ նուազ չափով կը գտնուի գրեթէ բոլոր կանաչեղէններուն մէջ:
«K» կենսանիւթը նաեւ կը գտնուի մարդկային մարմնէն ներս, իսկ անոր պակասը պատճառ կ՚ըլլայ վտանգաւոր արիւնահոսութիւններու:
Այս կենսանիւթը մարմնի մէջ երկու կարեւոր դեր կը կատարէ: Ան նախ կ՚աւելցնէ արեան լերդանալու յատկութիւնը, իսկ երկրորդ, կ՚ուժեղացնէ մազերակներու դիմադրական կարողութիւնը:
Առաւել նորածին երեխաներու մօտ է որ «K» կենսանիւթի պակասը զգալի կ՚ըլլայ: Երբ փոքրիկը աշխարհ կու գայ, ան արդէն զանազան կենսանիւթերու պահեստ մը ունի իր լեարդին եւ այլ կարեւոր գործարաններուն մէջ: Ասոնց կարգին, յաճախ «K» կենսանիւթն է, որ անհրաժեշտ քանակէն պակաս կը գտնուի: Աղիքները քիչ պատրաստած են անկէ, ու երբ մօրը կաթին մէջ ալ զգալի ըլլայ այդ կենսանիւթին պակասը, այլեւս արիւնահոսութիւնները հաւանական կը դառնան՝ երեխայի մարսողական գործարաններուն եւ նոյնիսկ գանկոսկրին մէջ:
Այս պարագային բաւական կ՚ըլլայ «K» կենսանիւթի սրսկում մը կատարել, եւ կամ առատ կենսանիւթ պարունակող քիչ մը թարմ արիւն ներարկել նորածինին, ու ահաւասիկ արիւնահոսութեան ախտանշանները կ՚անհետանան:
Լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառներէն մէկն ալ «K» կենսանիւթի պակասը կը նկատուի` տրուած ըլլալով, որ առաւելապէս լեարդն է որ իր մէջ կ՚ամփոփէ այդ կենսանիւթը: Երբ զանազան պատճառներով այդ կարեւոր գործարանը իր պաշտօնին մէջ կը թերանայ, բնական կը դառնայ նաեւ կենսանիւթի կտրուիլը:
Դալկութեան կարգ մը տեսակները հետեւանք են «K» վիթամինի պակասին: Երբ աղիքներուն մաղձ փոխադրող խողովակը մասնակի եւ կամ ամբողջական խցման կ՚ենթարկուի, այլեւս կենսանիւթը չ՚անցնիր արեան մէջ, եւ անոր պաշարին պակսելուն հետեւանքով, տեղի կ՚ունենայ արիւնահոսութիւն:
Լեարդի «սիրոզ»ի պարագային, ոչ թէ մաղձի պակասն է, որ «K» կենսանիւթի քանակը կը նուազեցնէ մարմնէն ներս, այլ նոյնինքն լեարդի բջիջներուն վնասուելուն եւ փճանալուն հետեւանքով է որ այդ կենսանիւթը կը նուազի եւ արեան լեարդացումը այլեւս անհրաժեշտ չափով տեղի չ՚ունենար:
Ասկէ կարելի է հետեւցնել, որ «K» կենսանիւթի գլխաւոր ամբարը եղող լեարդը պէտք է պահուի առողջ վիճակի մէջ: Իսկ երբ ան հիւանդ վիճակի մէջ կը գտնուի, անհրաժեշտ է «K» վիթամինի սրսկումներուն ապաւինիլ:
Աւելին ըլլալով, իբրեւ կանխարգելիչ միջոց, այն մայրերը, որոնք անցեալին մէջ արիւնահոսութեան ենթակայ երեխաներ ունեցած են, պէտք է «K» կենսանիւթի ներարկումներ ստանան կանոնաւոր կերպով: