ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Կլիմայի փոփոխութիւնը օդի տաքացումն է, որ կախեալ է երկրագունդի մթնոլորտին մէջ գտնուող ջերմոցային կազերու (ածխաթթու կազ, օզոն, մեթան…) խտութենէն, որուն պատճառը յաճախ մարդածին է: Այս կազերը կը տաքցնեն Երկրի ստորին շերտերը թոյլ չտալով որ արեւու ճառագայթները արտացոլան («reflection»), որոնք մնալով Երկրի մակերեսին չեն ձգեր որ մոլորակը սառի:
Այս կազերը կը կոչուին ջերմոցային կազեր, քանի որ փուռի ապակիի նման են, կը թոյլատրեն լոյսի մուտքը, սակայն տաքութիւնը ներսը կը պահեն եւ ինչքան աւելնան այս կազերը, այնքան ջերմութիւն կը մնայ Երկրի վրայ, եւ կլիման կը տաքնայ:
Երկիր մոլորակը պատմութեան ընթացքին բազմիցս կրած է կլիմայական փոփոխութիւններ: Հաշուի առնելով արտանետումներու շարունակական աճը, մինչեւ 2100 թուականը, երկրի միջին ջերմաստիճանը կրնայ բարձրանալ 3-3,5 աստիճանով:
Սակայն հարկ է նշել, որ աշխարհային տաքացման մարդածին ըլալու գաղափարը ոչ բոլոր հետազօտողները կ’ընդունին՝ պատճառաբանելով, թէ կլիմային փոփոխութիւնը՝ տաքացումն ու ցրտեցումը, եղած են նաեւ անցեալին:
Օդի ածխաթթու կազի Co2 շատացման հիմնական պատճառներն են՝
1- Կորիզային ռումբի փորձարկումները,
2- Մթնոլորտին մէջ ածխաթթու CO2 կազի արտանետումները, որոնք կ’արտադրուին ինքնաշարժերու վառելանիւթի այրումէն,
3- Անտառահատումները, որոնք ունին ջրապահպանման յատկութիւններ,
4- Հրաբխային ժայթքումները, եւայլն…
Տաքացումը ամէնէն շատ կը պատահի Անթարքթիքա, երբ կը հալին սառցալեռները. այստեղ՝ ջերմաստիճանը 50 տարուան ընթացքին բարձրացած է 5-10 աստիճանով, իսկ սառցալեռներու մակերեսը փոքրացած է 25 տոկոսով: Ովկիանոսները կը ծածկեն մոլորակի 70 տոկոսը, եւ ջուրը իր յատկութիւններով հիմնական խաղացողն է աշխարհի կլիմայական փոփոխութեան, իսկ ովկիանոսի ջուրը 90 տոկոս ջերմակլանման եւ տաքութեան պահեստանոց է, եւ հետեւաբար կլիմայի որոշիչն է:
Ինչպէ՞ս կ’ազդէ կլիմայի փոփոխութիւնը մեր վրայ
Ջերմաստիճանի շարունակական բարձրացումը կրնայ պատճառել՝
1- Եղանակային ծանր պայմաններ,
2- Ձիւնի քանակի նուազում,
3- Տեղումներու՝ անձրեւներու շատացում,
4- Ուժեղ քամիներ («թոռնէյտօ»),
5- Անտառային հրդեհներ,
6- Անապատացում՝ հողի խոնաւութեան փոփոխութիւն,
7- Երաշտներ՝ չորացում,
8- Մարդոց տեղահանում (ծովի մակարդակի բարձրացում 6 մեթրով, Կրինլատի եւ Անթարքթիքայի հալող սառցակոյտերը կրնան ջուրի տակ առնել ցամաքամասերու հատուած մը),
9- Կենսաբազմազանութեան կորուստ՝ որոշ կենդանիներու եւ բոյսերու ոչնչացում,
10- Բերքարտադրութեան եւ գիւղատնտեսութեան տուժում,
11- Ոռոգման ջուրի անկում,
12- Առողջութեան խաթարում՝ արեան շրջանառութեան եւ շնչառական համակարգի վրայ, մասնաւորաբար 65-էն վեր մարդոց համար:
Կլիմայի ազդեցութիւնը մեղմելու համար, անհրաժեշտ է քայլեր ձեռնարկել նուազեցնելու համար CO2 կազի արտանետումը՝ անցում ելեկտրական ինքնաշարժերու, թափօններու նուազեցում կամ վերամշակում (recycling):
Կլիմայի փոփոխութեան խնդրին լուծումը մեր բոլորին պարտականութիւնն է: Բոլորս ալ կրնանք կանաչ ապրելու համար մեր ներդըրումը ունենալ կրճատելով փլասթիքի սպառումը, վերամշակման մասնակցելով, աւելցնելով անտառածածկ տարածութիւնները՝ տնկելով ծառեր, սահմանափակելով կազային արտանետումները, քանի որ մարդ արարածը ի ծնէ ունի կանաչ իրաւունքներ՝ մաքուր ջուր, մաքուր օդ, մաքուր միջավայր, ուր կարելի է ապրիլ առանց առողջութիւնը վնասելու:
Փոխանակ ապրելու «ինձմէ յետոյ ջրհեղեղ» սկզբունքով, մարդիկ պէտք է գիտակցին, որ կանաչ գործունէութեան բարիքները կրնան զգալ յաջորդ սերունդները: