ՏՈՔԹ. ԷՏԻ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆ
Վերջերս շատ կը խօսուի Լիբանանի մէջ քաղցկեղի համեմատութեան բարձրացումին մասին: Կիներու պարագային, կրծքագեղձի քաղցկեղը կը գրաւէ լուսարձակները, որովհետեւ ներկայիս ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ աշխարհի իւրաքանչիւր ութ կիներէն մէկը (1/8ը) կը տառապի անկէ: Համեմատութիւն մը, որ կը համապատասխանէ 12 առ հարիւրի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կիներու 12 առ հարիւրը հակամէտ է իր կեանքին ընթացքին ախտորոշուելու կրծքագեղձի քաղցկեղով: Հակառակ այն իրողութեան, որ թոքերու քաղցկեղը ամէնէն տարածուածն է հաւասարապէս տղամարդոց եւ կիներուն մօտ, կրծքագեղձի քաղցկեղը, որ երկրորդ ամէնէն տարածուածն է կիներու մօտ, աւելիով սկսած է յայտնուիլ նաեւ երիտասարդ տարիքին:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հրապարակուած տուեալներ կը թելադրեն, որ կրծքագեղձի քաղցկեղին 25 առ հարիւրը կարելի է կանխարգիլել: Անոնք նաեւ կը նշեն, որ առաւելագոյն պարագայի, անոնց միայն 15 առ հարիւրը ժառանգական է: Կրծքագեղձի ժառանգական քաղցկեղը սովորաբար կարելի կ՚ըլլայ ախտորոշել աւելի փոքր տարիքին եւ մենք արդէն միջոցները ունինք քննութիւններով յայտնաբերելու պատասխանատու ծիներու առկայութիւնը: Այս ծիները հաւաքաբար ծանօթ են իբրեւ BRCA 1 & 2 ծիներու խմբաւորումներ: Անոնց արդիւնքին դրական գնահատումը կը նշանակէ, որ հիւանդը մեծ չափով ենթակայ է կրծքագեղձի կամ ձուարաններու քաղցկեղներու զարգացման եւ պէտք է ընթացիկէն աւելի հերթական քննութիւններ կատարէ: Օրինակ, դերասանուհի Անժելինա Ժոլին, որուն BRCA ծիներու քննութիւնները դրական արդիւնք տուած էին, որոշեց երկու կուրծքերը ամբողջովին հանել:
Կրծքագեղձի քաղցկեղ զարգանալու հաւանականութիւնները տակաւին կը յամենան: Հիմա մենք գիտենք, որ քաղցկեղներուն 15 առ հարիւրը ծինային (genetic) է: Կը մնայ բնակչութեան մնացեալ մասը (85 առ հարիւր), որ քաղցկեղէ կրնայ տառապիլ ինքնաբուխ եւ յանկարծակի ծինային փոփոխութիւններու պատճառով: Օրինակ, ալքոլը եւ ճարպակալումը իւրաքանչիւրը 8 առ հարիւրով կ՚աւելցնեն վտանգները: 30 տարեկանէն առաջ զաւակ չունենալը, ընդհանրապէս զաւակ չունենալը եւ կուրծքով մանուկին կաթ չտալու միտումը, բոլորը կը բարձրացնեն վտանգը: Վտանգի բարձրացման այլ պատճառ մըն է հորմոններու փոխարինումով կատարուող բժշկամիջոցը (hormonal replacement therapy), ինչպէս՝ յետդաշտանադադարի էսթրոժէնները: Ծխելը, ըստ երեւոյթին, նուազ կը վնասէ, քան հորմոններ փոխարինող դեղահատերու գործածութիւնը:
Կրծքագեղձի քաղցկեղին ախտորոշումը կը սկսի տան մէջ, ընթացիկ եւ պարբերաբար կատարուող ինքնաքննութեամբ: Իւրաքանչիւր հիւանդի կնոջաբան բժիշկը պէտք է բացատրէ անհրաժեշտ այն քայլերը, զորս պէտք է կատարել որոշ տարիքէ մը ետք: Նկատի առնելով որ մամոկրաֆին կամ այլ քննութիւններ կը կատարուին տարին մէկ անգամ, ինքնաքննութիւնը կարելի է կատարել աւելի յաճախ եւ ոչ մէկ ծախս կ՚ենթադրէ: Մամոկրաֆիին կողքին, ախտորոշիչ այլ քննութիւններ են էքոկրաֆին եւ էլասթոկրաֆին (էքոկրաֆիի նոր ձեւ մը), որուն կը յաջորդէ “MRI”-ը: Աւելի նոր “PET scan”-ներ նոյնպէս կ՚օգտագործուին երբեմն, բայց անոնք սուղ են, նաեւ շողարձակ տարրեր կը պարունակեն: Վերջին քննութիւնը կենսահերձումն (biopsy) է, որ կը ճշդորոշէ թէ յայտնաբերուած ուռուցքը վտանգաւո՞ր է կամ պարզ կրացում է:
Առկայ է նաեւ ուռուցքային զննիչը, որ կը կոչուի CA 15-3, բայց ինչպէս ուռուցքային բոլոր զննիչները, անիկա նախագուշական ցուցանիշ է եւ պէտք չէ օգտագործուի իբրեւ նախնական ախտորոշիչ քննութիւն:
CA 15-3-ի բարձր ցուցանիշը չ՚ենթադրեր կրծքագեղձի քաղցկեղին առկայութիւնը: Անոր նպատակն է հսկել արդէն իսկ կրծքագեղձի քաղցկեղով ախտորոշուած հիւանդներու բուժման հոլովոյթը. CA 15-3ի աստիճանական նուազումը ցոյց կու տայ, որ կիրարկուած բժշկամիջոցը արդիւնաւէտ է:
Եզրակացնելու համար, կրծքագեղձի քաղցկեղը, այսօր, աշխարհի նորագոյն զարգացումներէն մէկն է, որ խօսիլ կու տայ իր մասին:
Նոր եւ աւելի լաւ ախտաճանաչման քննութիւններու յառաջացումով, ինքնաքննութեան մասին կրթարշաւի ծաւալումով, մամոկրաֆիի տարեկան ստուգման ծրագիրներով եւ կանխարգելիչ որոշ միջոցառումներով, կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ մահացութեան նախկին թիւերէն: