Վերջերս տեղի ունեցած է շարժական մամոկրաֆիի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Սիմոնեանը, Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեանը, ՀՀ ԱՆ «Վ.Ա.Ֆանարճեանի անուան ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Նարեկ Մանուկեանը, պաշտօնատար այլ անձինք, հիւրեր եւ բժիշկներ:
Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Սիմոնեան եւ Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեան բացման արարողութեան ընթացքին տեսակցութիւն մը ունեցած են մարզային առողջապահութեան հաստատութիւններու ղեկավարներուն հետ եւ անոնց հետ քննարկած յառաջիկայ ծրագիրները, հաւանական մարտահրաւէրները, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց եւ բժշկական անձնակազմերուն, յատկապէս վերջին մէկ տարուան ընթացքին անոնց կատարած ծանր եւ պատասխանատու աշխատանքին համար:
Նշենք, որ կրծքագեղձի անվճար մամոկրաֆիք հետազօտութիւնները սկիզբ առած են Վանաձորի եւ Գուգարքի 26 գիւղական շրջաններուն մէջ: Շարժական մամոկրաֆին մինչեւ 6 ամիս տեղադրուած կ՚ըլլայ Վանաձորի բժշկական կեդրոնին եւ Վանաձորի փոլիքլինիքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Գուգարքի, Մարգահովիտի, Վահագնի, Լեռնապատի եւ Շահումեանի շարժուն դարմանատուներուն մօտ արձանագրուած 50-69 տարեկան կիներ կարելիութիւն կ՚ունենան անվճար մամոկրաֆիք քննութիւն անցընելու: Այնուհետեւ շարժական մամոկրաֆին կը տեղափոխուի Լոռի մարզի այլ քաղաքներ:
Ծրագրին իրականացման եւ կրծքագեղձի քաղցկեղի կանուխ յայտնաբերման նպատակով Վանաձորի եւ շրջակայ համայքներուն մէջ, շուրջ 60 բուժաշխատողներ արդէն իսկ հետեւած են վերապատրաստութեան ցուցմունքներու:
Յիշեցնենք, որ կրծքագեղձի անվճար քննութիւնները կը կատարուին Կայունացման եւ Բարգաւաճման Եւրասիական հիմնադրամին կողմէ ֆինանսաւորուած «նախնական առողջապահութեան հոգատարութեան ոչ-վարակիչ հիւանդութիւններու կանխարգելման եւ վերահսկողութեան կատարելագործումի» ծրագրի շրջագիծին մէջ:
Կիներու մօտ չարորակ ուռերու շարքին կրծքագեղձի քաղցկեղը կը գրաւէ առաջին դիրքը, եւ Հայաստանի մէջ տարեկան կ՚արձանագրուի 1000-էն աւելի նոր պարագայ, իսկ վերջին տարիներուն հիւանդութեան աճը կը հանդիսանայ 20%: Վիճակագրական այս տուեալներու պայմաններուն մէջ խիստ կարեւոր է կանխարգելիչ ծառայութիւններու ֆիզիքական եւ ելեւմտական մատչելիութիւնը, ինչ որ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել այս ծրագրին միջոցով: Այսպէս,
– Այլեւս անհրաժեշտ պիտի չըլլայ Երեւան մեկնիլ մամոկրաֆիի քննութիւն կատարելու համար,
– Ախտորոշումը պիտի կատարեն Հայաստանի «Վ.Ա.Ֆանարճեանի անուան ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոն»ի մասնագէտ ռատիոբանները,
– Ախտորոշման հաստատման լրացուցիչ քննութիւնները պիտի կատարուին անվճար:
Կարգի չսպասելու համար, պիտի որդեգրուի հերթագրման դրութիւն մը, որուն համար նախ պէտք է այցելութիւն մը տալ ընտանեկան բժիշկին: