ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
2018 թուականը Լիբանանի տնտեսութեան համար եղաւ դժուարին տարի մը: Շրջանին մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական տագնապը եւ տնտեսական անորոշութիւնները աւելցուցին ճնշումը Լիբանանի ապահովագրութեան մարզին վրայ: Ազգային տնտեսութեան տարբեր մարզերուն լճացումը իր անդրադարձը ունեցաւ լիբանանեան ապահովագիներու (premiums) դանդաղ աճին եւ շահոյթներու չափին վրայ: Այս տեղեկագիրը որ պատրաստուած է BLOM դրամատան կողմէ, կը քննարկէ Լիբանանի ապահովագրական մարզը 2018-ին:
Ապահովագրական մարզի հիմնական ցուցանիշները
Լիբանանի ապահովագրական մարզը կը յատկանշուի փոքր եւ մրցունակ շուկայով եւ աւելի քան 50 ընկերութիւններու առկայութեամբ, ներառեալ շարք մը միջազգային եւ շրջանային ընկերութիւններ: Ապահովագրութեան Մարզի Հսկողութեան Յանձնաժողովին համաձայն (Insurance Control Commis-sion-ICC), համախառն գրաւոր ապահովագիներու (premiums) գումարը 2018-ին կը գնահատուէր 1,68 միլիառ տոլարով` 3,22%ով աւելի բաղդատած նախորդ տարուան: Վերջին 5 տարիներուն, համախառն ընդհանուր ապահովագիները (GwP) միջին հաշուով 3,64% համեմատութեամբ աճ արձանագրած են, ուր համախառն կեանքի եւ ոչ-կեանքի գրաւոր ապահովագիները յաջորդաբար 5,27% եւ 2,95% աճ արձանագրած են: ICC- ի տեղեկագիրին համաձայն, Լիբանանի ոչ-կեանքի ապահովագիները կը կազմեն ընդհանուր համախառն ապահովագիներուն մեծ մասը՝ 69%, իսկ մնացեալները՝ 31%:
Համախառն հատուցուած պահանջարկներ (claims)
2018-ին հատուցուած պահանջարկներnւ գումարը կը գնահատուի 949,02 միլիոն տոլարով՝ ապահովագրութեան բոլոր մարզերը միասնաբար առած: Այս իմաստով, համախառն հատուցուած պահանջարկներուն արժէքը 2018-ին նուազած է տարեկան 1,27%ով՝ արձանագրելով առաջին նահանջը վերջին 3 տարիներուն ընթացքին:
Առողջապահական եւ կեանքի ապահովագրութեան մարզերուն մէջ 2018-ին հատուցուած պահանջարկներnւ գումարը միասնաբար կը կազմէ ընդհանուր պահանջարկներnւ գումարին կէսէն աւելին: Առողջապահական-բժշկական ապահովագրութեան հատուցումները 2018-ի հասած են 362,23 միլիոն տոլարի՝ արձանագրելով 5,02%ի յաւելում մը բաղդատած 2017 թիւերուն եւ կազմելով 38%ը ընդհանուր համախառն հատուցուած պահանջարկներուն: Առողջապահական մարզին կը հետեւի կեանքի ապահովագրութեան մարզը, ուր հատուցուած պահանջարկները կրճատուած են 3,85% համեմատութեամբ՝ ապահովելով $289,22 միլիոն եւ այդպիսով ներկայացնելով ընդհանուր համախառն պահանջարկներnւն 30%ը: Ինքնաշարժներու ապահովագրութեան մարզին մէջ հատուցուած պահանջարկներու գումարը նուազած է 0,41%-ով բաղդատած 2017-ին եւ 207,57 միլիոն տոլարով կը կազմէ ընդհանուր պահանջարկներու 22%: Հատուցուած պահանջարկներու նուազագոյն համեմատութիւնը արձանագրած է «գոյք եւ վնասուածք» (Property & Casualty) մարզը 90 միլիոն տոլարով՝ 15,93%ով պակաս բաղդատած 2017-ի թիւերուն:
Հատուցուած համախառն պահանջարկներու (claims) եւ համախառն ընդհանուր ապահովագիներու (premiums) յարաբերակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ սկսած է ընդլայնիլ ապահովագրական ընկերութիւններու շահին չափը: Ապահովագրութեան Մարզի Հսկողութեան Յանձնաժողովին (ICC) տուեալներուն համաձայն, հատուցուած համախառն պահանջարկները կը կազմեն 57%ը 2018-ին վաճառուած համախառն ապահովագիներուն, բաղդատած 2017-ի 59%ին եւ 2016-ի 58%-ին: Խորքին մէջ, այս համեմատութիւնը ձեւով մը կայուն մնացած է «ինքնաշարժի ապահովագրութեան» (55%) եւ «առողջապահութեան ապահովագրութեան» (71%) մարզերուն մէջ, մինչ «գոյք եւ վնասուածք» եւ «կեանքի ապահովագրութիւն» հատուածները 2017-ին 39%-էն եւ 60%-էն, 2018-ին յաջորդաբար արձանագրած են 33% եւ 56%:
- Ապահովագիները կեանքի ապահովագրութեան մարզին մէջ
Լիբանանի մէջ Ապահովագրական Ընկերութիւններու Միութիւնը (ACAL) կեանքի ապահովագրութեան արտադրանքները կը բաժնէ երեք տեսակի՝ զուտ ապահովական արտադրանք-ծառայութիւններ, ապահովութիւն եւ խնայողութիւններ միացնող արտադրանք-ծառայութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ ապահովութիւն եւ միաժամանակ ներդրումային խնայողութիւններ առաջադրող արտադրանք-ծառայութիւններ:
Լիբանանի կեանքի ապահովագրութեան շուկային մէջ գերակշռող են զուտ ապահովական արտադրանքները, որոնք կը կազմեն ուժի մէջ գտնուող ապահովագիներուն գրեթէ 80%-ը: Ապահովութիւնը խնայողութիւններու հետ միացնող ծառայութիւնները նոյնպէս ժողովրդականութիւն կը վայելեն, մինչ միաժամանակ ներդրումային խնայողութիւններ առաջադրող ծրարները կը գրաւեն շուկային համեմատաբար փոքր մասը՝ ցոլացնելով երկիրին մէջ տիրող ներդրումային շուկայի ոչ-արդիւնաւէտ իրավիճակը:
2018-ին, կեանքի ապահովագիներու վաճառքը աճ արձանագրած է: ICC-ի տուեալներով, 2018-ին կեանքի ապահովագիներու արժէքը կը գնահատուի 519,11 միլիոն տոլարով, որ տարեկան 4,17% աճով կը գերազանցէ նախորդ տարուան ցուցանիշը: Թէեւ այդ աճը բաղդատած նախորդ տարուան (3,97%) աւելի բարձր է, սակայն անիկա կը շարունակէ մնալ աւելի ցած քան նախորդ տարիներու համեմատութիւնները, 8,20%` 2015-ին եւ 4,74%` 2016-ին:
Խորքին մէջ, նախորդ տարիներուն եւ 2018-ի առաջին եռամսեակին արձանագրուած կեանքի ապահովագրութեան աճը կարելի է վերագրել Կեդրոնական Դրամատան տրամադրած բնակարանային վարկերուն, որոնք կը պարտադրէին կեանքի ապահովագրութիւնը:
Ըստ ICC-ի, կեանքի աապահովագիներու վաճառքին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ BANCASSURANCE-ը՝ $83,40 միլիոնով: Անոր կը յաջորդէ ALICO-ն` 83,24 միլիոն տոլարով: SNA-ն ապահոված է 67,91 միլիոն տոլար արժողութեամբ ապահովագիներ, իսկ LIA-ն եւ ADIR-ը կը գրաւեն չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը՝ յաջորդաբար ապահովելով $54,98 միլիոն եւ $52,40 միլիոն աապահովագիներ: 36,19 միլիոն տոլարով AROPE կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
- Ոչ-կեանքի աապահովագիներու (premiums) տեսականին
Լիբանանի ոչ-կեանքի ապահովագիներու շուկային մէջ առաջարկուող ապահովական ծրագիրները համեմատաբար բազմազան են` շրջանային եւ բազմազգեան ընկերութիւններու ներկայութեան շնորհիւ: Այս մարզի տեսականին կ՚ընդգրկէ ճամբորդութեան, առողջապահական, ինքնաշարժի, սեփականութեան, աշխատաւորի փոխհատուցման, գործատիրոջ պարտաւորութեանց, ֆինանսական պարտաւորութեանց, ծովային, երկրաչափական եւ հրդեհային մարզերը: Ամէն պարագայի այս մարզին առիւծի բաժինը կը գրաւէ բժշկական ապահովագրութիւնը` ընդհանուր ոչ-կեանքի ապահովագիներու 44,09% համեմատութեամբ: Անոր կը հետեւի ինքնաշարժի ապահովագրութիւնը 32,71% համեմատութեամբ: Այս բաժինին (ինքնաշարժի) մէջ առկայ են բաւական տարբերակներ՝ սկսելով հիմնական պարտադիր տեսակներէն մինչեւ բազմաթիւ յաւելեալ օգուտներ առաջակող տարբեր ծածկոյթներ: Լիբանանի մէջ որոշ ընկերութիւններ նաեւ կ՚ապահովեն աւելի իւրայատուկ վտանգներ ընդգրկող ապահովագրութիւններ, ինչպէս՝ քաղաքական բռնութիւնը եւ արտերկիր ապրողներու ապահովագրութիւններ: Ոչ-կեանքի ապահովագիներու արժէքը 2018-ին կը գնահատուի $1,16 միլիառով, որ 2,81% համեմատութեամբ աւելի է քան նախորդ տարուան ցուցանիշը:
2018-ին, ոչ-կեանքի ապահովագրական ընկերութիւններու ցանկը կը գլխաւորէ BANKERS-ը՝ մօտաւորապէս 109,04 միլիոն տոլարով: Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Fidelity-ն՝ 97,90 միլիոն տոլարով: AXA-ն երրորդ տեղը՝ 83,74 միլիոն տոլարով, իսկ Medgulf-ը եւ SNA-ն յաջորդաբար չորրորդ եւ հինգերորդ դիրքերը՝ $79,96 եւ $77,90 միլիոնով:
ա) Բժշկական Ապահովագրութիւն
Նկատի առնելով լիբանանի բնակչութեան ծերացումը եւ առողջապահութեան հետ կապուած աճող ծախսերը, կը նախատեսուի որ բժշկական ապահովագրութեան մարզը յաւելեալ աճ արձանագրէ յառաջիկայ տարիներուն: Իբրեւ կարեւոր մարզ, բժշկական ապահովագիներու արժէքը 2018-ին կը գնահատուի 511 միլիոն տոլարով՝ արձանագրելով տարեկան 6,92% աճ մը:
Բժշկական ապահովագրութեան ընկերութեան ցանկը 2018-ին կը գլխաւորէ Medgulfը, մօտաւորապէս $57.98 միլիոն արժողութեամբ բժշկական ապահովագիներով, երկրորդը Bankers՝ 56,91 միլիոն տոլարով: GMI կը գրաւէ երրորդ դիրքը՝ 49,29 միլիոն տոլար բժշկական ապահովագրութեան վաճառքով, իսկ SNA-ն եւ AXA-ն յաջորդաբար չորրորդ եւ հինգերորդը դիրքերը՝ $47,44 եւ $ 47,12 միլիոնով: Fidelity կը գրաւէ 6-րդ դիրքը 46,78 միլիոն տոլարով:
բ) Ինքնաշարժներու ապահովագրութիւն
Ինքնաշարժներու ապահովագրութիւնը ունի ոչ-կեանքի ապահովագիներու մարզին երկրորդ մեծագոյն շուկան 32,71% համեմատութեամբ: Ինքնաշարժներու ապահովագիները (premiums) 2018-ին աճած են 0,43%ով հասնելով մինչեւ 379,11 միլիոն տոլար, մինչդեռ 2018-ն ինքնաշարժներու հատուցուած համախառն պահանջարկները (claims) նուազած են 0,41%ով եւ կը գնահատուին 207,57 միլիոն տոլարով: Ինքնաշարժներու ապահովագիներու լուսանցքային աճը կարելի է վերագրել ինքնաշարժներու շուկային արձանագրած շատ թոյլ աճին: Տնտեսական խիստ պայմանները սպառողները կը մղեն դէպի փոքր ինքնաշարժներ, որոնք աւելի աժան են:
Լիբանանի Ինքնաշարժներ Ներածողներու Ընկերակցութեան (AIA) համաձայն, գրանցուած առեւտրական եւ մարդատար ինքնաշարժներու ընդհանուր թիւը 2018-ի վերջաւորութեան գնահատումով նուազած է տարեկան 11,46% համեմատութեամբ՝ 35.301 ինքնաշարժով, գլխաւորաբար դրամատնային տոկոսներու բարձրացման պատճառով:
Ինքնաշարժներու ապահովագրութեան մարզին մէջ Fidelity ընկերութիւնը գրաւած է առաջին դիրքը՝ 39,64 միլիոն տոլարով: Անոր կը յաջորդէ Bankersը` 32,93 միլիոն տոլարով: 28,89 միլիոն տոլարով Arope գրաւած է երրորդ դիրքը, իսկ Mashrek եւ LIA, յաջորդաբար գրաւած են չորրորդ եւ հինգերորդ տեղերը՝ 21,22 միլիոն եւ 20,02 միլիոն տոլարով: AXA ընկերութիւնը գրաւած է 6րդ դիրքը՝ 17,34 միլիոն տոլարով:
Ինչ կը վերաբերի ապահովագրական արտադրանքներու ոչ-կեանքի մնացեալ ենթաբաժանումներուն, տնտեսական լճացած իրավիճակը ծանր ազդած է անոնց վրայ: Օրինակ, Property and Casualty մարզի ապահովագիներու թիւը 2018-ին 1,12%ով անկում արձանագրած է եւ կը գնահատուի 268,94 միլիոն տոլարով: