ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Համեմունքային բոյսերը` կանաչ թէ չորցուած, սերմնահատիկ թէ արմտիք, կը պարունակեն եթերաիւղեր, կլուքոզիտներ, տապաղանիւթեր, խէժեր. որոնք անոնց կու տան համ, հոտ եւ բուրմունք:
Որոշ համեմունքներ ալ ունին գոյն տուող յատկութիւն: Համեմունքները ախորժաբեր կը դարձնեն կերակուրները, տալով անոնց հաճելի համ եւ հոտ: Սակայն կարեւոր է, որ անոնք ըլլան ճիշդ ընտրուած եւ ճիշդ քանակով օգտագործուին:
Համեմունքները կ’օգտագործուին ինչպէս թարմ, այնպէս ալ չորցուած վիճակով: Չորցուած համեմունքները նախընտրելի է պահել ապակեայ անթափանց անօթներու մէջ:
Սուր համեմունքները կ’աշխուժացնեն մարսողական գեղձերու աշխատանքը, կը գրգռեն մարսողական եւ արտաթորման օրկաններու լորձաթաղանթները, կը կարգաւորեն մարսողութիւնը։
Սակայն ստամոքսի բորբոքումներու եւ խոցային հիւանդութիւններու սրացումներու պարագային, անհրաժեշտ է սահմանափակել համեմներու, ինչպէս նաեւ քացախի որեւէ տեսակի օգտագործումը։ Համեմունքները անփոխարինելի դեր կը կատարեն առանց աղի սննդականոնի ժամանակ։
Առօրեային մէջ յաճախ օգտագործուող համեմունքներն են.
ՔԻՄԻՈՆ («CUMIN»).- Կ’աշխուժացնէ ստամոքսի եւ աղիքներու աշխատանքը, կը խթանէ արտազատման գործունէութիւնը: Կ’իջեցնէ ստամոքսի նեխման եւ խմորման երեւոյթները: Ունի կաթնատուութիւնը բարձրացնող, միզամուղ, խորխաբեր, թոյլ լուծողական եւ ցաւազրկող յատկութիւն: Դանակի ծայրով քիմիոնի փոշին օրը երեք անգամ օգտագործելը կը գրգռէ ախորժակը:
ՄԱՆԱՆԵԽ («MUSTARD»).- Երբ մանանեխի հատիկները կը հասուննան, անոնցմէ կը ըստանան շատ օգտակար մանանեխի իւղ, մնացածէն կը ստանան մանանեխի փոշի: Անոր մանրած հատիկներուն կամ անոնց փոշիին վրայ աւելցնելով ջուր, քացախ եւ այլ նիւթեր, կը ստանան բոլորիս յայտնի ու շատ օգտագործուող մանանեխի մածուկը: Ան կը գրգռէ ախորժակը, կը բարելաւէ մարսողութիւնը, կ’աւելցնէ ստամոքսահիւթի արտադրութիւնը, հաճելի համ կու տայ մասնաւորապէս մսեղէններուն: Մանանեխը կը պարունակէ նիւթեր, որոնք կ’արագացնեն ճարպերու քայքայումը: Արգիլուած է ստամոքսի եւ 12 մատնեայ աղիքի խոց ունեցողներուն:
Մանանեխը կ’օգտագործեն նաեւ դեղերու արտադրութեան մէջ:
ԱՆԻՍՈՆ («ANISE»).- Անիսոնը միամեայ բոյսի սերմերն են: Ան լայն կիրառում ունի խոհանոցին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ խմիչքներու պատրաստութեան պարագային: Անիսոնի հիմքին վրայ պատրաստուած դեղերը ունին միզամուղ, թուլացնող յատկութիւն, լեղամուղ է եւ ախորժաբեր: Կէս թէյի դգալի սերմերուն վրայ լեցնել մէկ գաւաթ եռացած ջուր, ձգել 15 վայրկեան, օգտագործել թէյի նման։ Անիսոնը շատ օգտակար է երեխաներու փորացաւի պարագային: Անիսոնով թէյ պատրաստելու համար մէկ թէյի դգալ անիսոնը եռացնել մէկ գաւաթ ջուրով քառորդ ժամ:
«STAR ANISE».- Անիսը աստղաձեւ է, կարեւոր բաղադրիչ «five-spice» փոշիին մէջ: Ունի քաղցր, տաք համ։ Չինական եւ հնդկական խոհանոցին անբաժանելի մաս կը կազմէ, հիմնական բաղկացուցիչ մաս՝ բուսական թէյերու: Զայն կ’օգտագորժեն ստանալու համար անիսի իւղ:
«TURMERIC».- Կը համարուի համեմունքներու թագուհին, կը պատկանի կոճապղպեղի ընտանիքին, ունի դեղին գոյն, կ’օգտագործուի թարմ, չոր կամ աղացած փոշիի ձեւով: Ունի անթիօքսիտանթ, հակաբորբոքային ինչպէս նաեւ հակաուռուցքային եւ միզամուղ յատկութիւն: Կը գրգռէ ախորժակը, կ’արագացնէ նիւթափոխանակութիւնը, կը չէզոքացնէ կուտակուած իւղերը, կը մաքրէ աղիքները: Թուրմերիքի փոշին կարեւոր մաս կը կազմէ «curry»-ի փոշիին: Թուրմերիքը շատ յաճախ կը փոխարինէ քրքումը («Saffron-Zafran»), որ շատ սուղ համեմունք կը համարուի: Զաֆրանը («Crocus Sativus»), ծաղիկներու առէջներն են, որոնք հաճելի գոյն եւ բուրմունք ունին եւ վառ գոյն կու տան կերակուրին:
ՔԱՐՐԻ («CURRY POWDER»).- Հնդկական ծագումով համեմունք է, անոր բաղադրութեան մէջ կը մտնէ քրքում, կարմիր եւ սեւ պղպեղը, քարրիի տերեւներու, գինձի փոշին, ինչպէս նաեւ՝ կոճապղպեղի, սխտորի, հացհամեմի, շումրայի փոշին։ Քարրի բառացիօրէն կը նշանակէ՝ բրինձի համեմունք, սակայն կ’օգտագործուի աւելի շատ մսեղէնի եւ ձկնե-ղէնի հետ։
ՍԵՒ ՉԱՄԱՆ («BLACK CUMIN»).- «Nigella Sativa» ծաղիկի սերմերը դեռ 2000 տարի առաջ կ’օգտագործուէին իւղի եւ հատիկներու ձեւով: Յունաստանի մէջ զայն կ’անուանէին Փանասէա, որ կը նշանակէ «կը բուժէ ամէն ինչ»: Սեւ հատիկները հարուստ են «Vit. B»-ով, կը պարունակեն նաեւ քալսիում, երկաթ: Ան կ’օգտագործուի ստամոքսաղիքային հիւանդութիւններու, միկրէնի, ակռայի ցաւի, բորբոքումներու բուժման, ինչպէս նաեւ՝ մակաբոյծներէ ձերբազատելու համար: Օգտակար է նաեւ քաղցկեղի բուժման, մարմինի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար:
Անոր իւղը կը խթանէ մարսողական հորմոններու եւ էնզայմներու արտադրութիւնը, կը պարունակէ «antitumor sterol», որոնք շատ օգտակար են աչքի, որովայնի եւ լեարդի ուռերու բուժման ժամանակ: Զայն կ’օգտագործեն նաեւ խոհարարական նպատակներով եւ գեղեցկագիտական արտադրութեան մէջ: Դեղահատերու ձեւով կը զօրացնէ մազերը եւ եղունգները:
ԿԾՈՒ ՊՂՊԵՂ («CAYENNE PEPPER – PAPRI-KA»).- Հարուստ է «Vit. C»-ով, փոթասիումով: Կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը, կը հանդիսանայ ուժեղ հակաբորբոքիչ, կ’արագացնէ մարսողութիւնը, հակացուցուած է ստամոքսի բորբոքումներու ժամանակ:
ՍԵՒ ՈՒ ՍՊԻՏԱԿ ՊՂՊԵՂ («BLACK & WHITE PEPPER»).- Արեւադարձային երկիրներու մէջ աճող թուփի մը չորցած պտուղն է, սեւը՝ խակն է, ծածկուած պտղաթաղանթով, իսկ ճերմակը՝ հասունը, առանց պտղաթաղանթի։ Կ’օգտագործուի աղացած եւ հատիկներու ձեւով, խոհարարական նպատակներով: Կը պարունակէ եթերաիւղեր, ալքալոիտներ, համ եւ հոտ տուող նիւթեր, որոնք կը խթանեն մարսողութիւնը:
ՀԷԼ («CARDAMOM»). – Կը համարուի նուրբ համ եւ բուրմունք ունեցող համեմունք: Հին ժամանակներուն կը համարէին ամենաբուժիչ յատկութեամբ օժտուած համեմունք: Արաբները հէլով կը համեմեն սուրճը. ուրիշ ժողովուրդներ՝ մսեղէնը, պաղ կամ տաք ուտեստները: Կ’օգնէ կերակրափողի այրոցի, բերանի հոտի, սրտխառնուքի պարագային, յոգնածութեան ժամանակ անոր հոտը ունի դրական ազդեցութիւն ջղային համակարգի վրայ:
ՄԵԽԱԿ («CLOVES»).- Համանուն ծառի ծաղիկներու չորցած կոկոններն են։ Կը գրգռէ ախորժակը, կը բարելաւէ մարսողութիւնը, հիւթարտադրութիւնը, ունի մանրէասպան եւ ցաւազրկող յատկութիւն:
Մեխակի ձէթը բնական ցաւազրկող եւ հակաբորբոքիչ է, ծամել երկուերեք մեխակ, կամ ցաւող ակռայի վրայ դնել մեխակի իւղի մէջ թրջուած բամպակ, կը մեղմէ ատամնացաւը: Մեխակի եփուկը ունի ընդհանուր հանգստացնող ազդեցութիւն:
ԿԱՍԻԱ («CINNAMON»).- Մշտադալար կասիայի ծառի կեղեւն է, հարուստ եթերաիւղերով, որ շատ օգտակար է շաքարախտով հիւանդներուն։ Օրական, սնունդի մէջ, մէկ թէյի դգալ կասիա «տարչին» օգտագործելը կը նպաստէ շաքարի քանակի նուազեցումին արեան մէջ։ Օգտակար է շնչառական ուղիներու բորբոքումներու, կրիփի պարագային:
Կասիան իր անթիօքսիտանթ յատկութեամբ կ’իջեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, կը մաքրէ արիւնը, կ’ամրացնէ երակները: Յօդաբորբերու ժամանակ ան կը մեղմացնէ ցաւը, կը պարունակէ, քալսիում, երկաթ. օգտակար է դաշտանային ցաւերու եւ անպտղութեան պարագային: Յղիներն ու երեխաները պէտք չէ չարաշահեն կասիայի օգտագործումը:
Կոճապղպեղով եւ կասիայով պատրաստած թէյը շատ օգտակար է մրսածութեան եւ հազի ժամանակ։
ՄՇԿԸՆԿՈՅԶ («NUTMEG»).- Կը հանգստացնէ ջղային համակարգը, օգտակար է անքնութեան, փքուածութեան, փորքշուկի պարագաներուն։ Անհրաժեշտ է օգտագործել փոքր քանակով թէյի կամ կաթի հետ։ Մէկ գաւաթ կաթ, առաւել մէկ թէյի դգալ մեղր եւ կէս թէյի դգալ թարմ աղացած մշկընկոյզ, ունի հոյակապ հանգստացնող յատկութիւն։ Ան կարեւոր համեմունք է տարբեր թացաններու համար:
ԴԱՓՆԵՏԵՐԵՒ («LAUREL»).- Անոնք մշտադալար ծառի տերեւներն են, որոնք կը պարունակեն եթերաիւղեր, հանքային աղեր եւ տապաղանիւթեր: Անոնք ունին հականեխիչ, ցաւազրկող յատկութիւն։
Դափնետերեւի թուրմը կ’օգտագործուի շաքարախտի բուժման, իսկ իւղը ռօմաթիզմի եւ գլխուղեղային կաթուածներու պարագային։ Մանրուած տերեւներու եւ ձիթաիւղի խառնուրդը օգտակար է քսել մկանի կամ ջիղի բորբոքած մասերուն։
Չոր տերեւները կը պահպանեն իրենց օգտակար յատկութիւնները եւ տնային պայմաններու մէջ ունին բազմաթիւ կիրառութիւններ: Դափնետերեւը պէտք չէ չարաշահել եւ կերակրատեսակին աւելցնել պատրաստ ըլլալէ 5 վայրկեան առաջ:
Եթէ բերանը վատ հոտ կամ բորբոքում ունի՝ խորհուրդ կը տրուի ծամել դափնիի տերեւը բայց չկլլել. ատկէ ետք մէկ ժամ ոչինչ ուտել: Դիւրին գրգռուող, վատ քնացող երեխաներու բարձին տակ դնել փոքրիկ տոպրակ լեցուած դափնիի տերեւներ: Հիւանդի սենեակի մէջ դնել դափնիի եփուկով լեցուն պնակ, ան կը մաքրէ օդը: Անոր եփուկով ոտքերու քրտնարտադրութեան եւ անախորժ հոտի պարագային, ընել ջրային լոգանքներ:
ՇՈՒՄՐԱ («FENNEL»).- Զայն յաճախ կը շփոթեն սամիթի հետ: Ֆեննելը ունի մէկ հաստ ցօղուն, տերեւները ունին սամիթի ձեւ, ազատքեղի եւ «caraway»-ի հոտ, տերեւները եւ սերմերը կ’օգտագործուին խոհարարութեան մէջ: Ֆեննելը քաղցր է, հոտաւէտ, կը բարձրացնէ կաթնատուութիւնը, մարսողական գեղձերու աշխուժութիւնը, կը մեղմէ աղիքներու կծկումը, միզամուղ է. քանի մը սերմ ծամելը կը թարմացնէ շնչառութիւնը, կ’օգնէ մարսողութեան:
ԾՈՎԱԲՈՂԿ («HORSERADISH»).- Բազմամեայ կոճղարմատ է, ունի հաստ սպիտակ արմատ, մեծ կանաչ երկարաւուն տերեւներ: Որպէս համեմունք ունի մանանեխի համ, հարուստ է «Vit. C»-ով, եթերաիւղերով, հանքային աղերով եւ քալսիումով: Թարմ արմատներու հիւթը ունի հակամիքրոպային յատկութիւն: Զայն պէտք է օգտագործել թարմ, քերել միայն օգտագործելու ժամանակ:
Որպէս համեմունք կ’օգտագործուին նաեւ կոճապղպեղը, գինձը, սամիթը, անանուխը, ռեհանը, որոնց մասին նկարագրուած են բանջարեղէններ բաժնին մէջ:
ԿԻՏՐՈՆԱԽՈՏ («LEMONGRASS»).- Ան կ’օգտագործուի թէյի ձեւով, ինչպէս նաեւ արեւելեան ժողովուրդներու մօտ՝ կերակուրներու մէջ: Կը մաքրէ երիկամները, լեարդը, ենթաստամոքսային գեղձը, կը կանխէ քաղցկեղի բջիջներու աճը։ Անոր թէյը օգտակար է սթրեսի, ստամոքսի խանգարումներու, շաքարախտի, կրիփի, ջերմութեան ժամանակ։ Կը նպաստէ կշիռքի նուազումին:
ԱՂՏՈՐ («SUMAC»).- Բազմամեայ բոյս է, անոր տերեւները կը պարունակեն 25-35% տապաղանիւթեր, որմէ 15%ը թանինն է։ Բժշկութեան մէջ կ’օգտագործուի աղտորը՝ սումախի տերեւները եւ պտուղը, բուժելու համար սրտխառնոցը, փորքշուկը, միզամանի եւ լինտերու բորբոքումները։ Աղտորի տերեւներու մզուածքը՝ թրջոցներու ձեւով օգտակար է սննդախանգարման հետեւանքով յառաջացած խոցերու ու քոսի պարագային։ Կ’օգտագործուի նաեւ խոհարարական նպատակներով: