Հայաստանի մարզերուն մէջ կը նախատեսուի կառուցել բժշկական վեց նոր հաստատութիւն եւ վերանորոգել՝ չորսը, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:
Նախարարը ներկայացուցած է մարզերուն վերաբերող ծրագիրները. «Մասնակի վերանորոգում պիտի կատարուի Չարենցաւանի բժշկական կեդրոնին մէջ: Լոռիի մարզին մէջ պիտի կառուցուի «Տաշիր» բժշկական կեդրոնը՝ «Տաշիր» հիմնադրամին միջոցով, սակայն նախագիծը նախարարութիւնը կը մշակէ: Այդ նպատակով 31 միլիոն դրամ պիտի ծախսենք»:
Թորոսեան նշած է, որ կը նախատեսուի Ծաղկահովիտի եւ Արթիկի մէջ կառուցել առողջապահական կեդրոններ, իսկ Կոտայքի մարզի Եղուարդ քաղաքին մէջ բժշկական նոր կեդրոն մը՝ «Նայիրի» անունով:
Ըստ նախարարին, պիտի վերանորոգուին Աշտարակի, Թալինի, Սիսիանի, Վաղարշապատի եւ Մասիսի մէջ բժշկական կեդրոնները: