Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան
Հայ բժշկութեան ամէնէն ականաւոր ներկայացուցիչներէն է Մխիթար Հերացի, որ նկատուած է հայկական դասական բժշկական դպրոցի հիմնադիրը:
Մխիթար Հերացի ծնած է Պարսկահայքի Հեր գաւառի մէջ (այժմ՝ Իրանի Խոյ քաղաքը), մօտաւորապէս 1120-ին:
Պատանի տարիքին ան տեղափոխուած է Կիլիկեան Հայաստան, ուր հետեւած է բժշկութեան եւ արժանացած բժշկապետի պատուաւոր կոչման: Այնուհետեւ Սիսի եւ Հռոմկլայի մէջ Ներսէս Շնորհալի, ապա Գրիգոր Դ. Տղայ Կաթողիկոսներու հովանաւորութեամբ բժշկական եւ գիտական գործունէութիւն ծաւալած է: Տիրապետած է յունարէնին, արաբերէնին եւ պարսկերէնին:
Նկարագրով անխոնջ եռանդի տէր եւ հետազօտող գիտնական ըլլալով, ան յաճախ ճամբորդած է երկրէ երկիր, ուսումնասիրած բժշկութեան հայր Հիպոկրատի, արեւելքի մեծանուն բժշկապետ Աւիցեննայի աշխատութիւնները, ճանչցած տարատեսակ բոյսերու բուժիչ յատկութիւնները եւ զանոնք փորձարկած է տարբեր հիւանդութիւններու ժամանակ:
Այդ տարիներուն ան գրեց մարդակազմութեան, կենսաբանութեան, ախտաբանութեան եւ դեղագիտութեան մասին աշխատութիւններ, որոնց մեծ մասը սակայն կորսուած է: Միայն բեկորներ մնացած են այս կամ այն ժողովածուին մէջ:
Մխիթար Հերացիի բժշկագիտական լայն հետաքրքրութիւններու մասին գաղափար մը կարելի է կազմել հիմնուելով պահպանուած փոքր հատուածներուն վրայ, որոնք վերագրուած են.- «Վասն շինուածոյ եւ յօրինուածոյ աչացն», «Վասն փոշտանկի, որ է ձուանքն», «Վասն քարանց» եւ «Որոտացոյց եւ շարժացոյց»:
Մխիթար Հերացի 1260-ական տարիներուն արդէն մեծ համբաւ ձեռք ձգած էր բժշկութեան մէջ: Ան դարձաւ Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին մտերիմ բարեկամը: Ներսէս Շնորհալի իր փիլիսոփայական բնոյթի երկարաշունչ բանաստեղծութիւնները՝ «Երկինքի եւ անոր լուսատուներու մասին» խորհագրով, նուիրած է Մխիթար Հերացիի:
Մխիթար Հերացի 1280-ական տարիներուն ձեռնամուխ եղաւ իր գլխաւոր աշխատութեան՝ «Ջերմանց մխիթարութիւն» գլուխ գործոցի գրառման, որուն համար ան երկար ժամանակ համբերատարութեամբ նիւթեր հաւաքեց, ոչ միայն ուսումնասիրելով հին աշխարհի եւ արաբ բժիշկներու աշխատութիւնները, այլեւ շրջելով Կիլիկիոյ ճահճային վայրերը եւ ուսումնասիրելով այդ շրջաններու յատուկ դողէրոցքը (մալարիա) եւ այլ վարակիչ հիւանդութիւններ:
Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոս ամէն ձեւով խրախուսեց եւ օժանդակեց Հերացիի:
«Ջերմանց մխիթարութիւն» գիրքի նախաբանին մէջ Մխիթար Հերացի կը գրէ.- «Ես կը կամենայի, որքան ուժերս ներեն, այս գիրքը գրել համառօտ, միայն երեք տեսակ ջերմերու վերաբերեալ: … Ես կը վայելէի Հայոց Կաթողիկոս Գրիգորի սէրն ու հովանաւորութիւնը, ինչը եւ պատճառ եղաւ այս աշխատութիւնը գրելու: … Այս պատճառով ես ալ համաձայնեցայ գրել այս գիրքը յանուն անհրաժեշտութեան եւ օգտակարութեան: … Մենք գրեցինք այս գիրքը, որպէսզի անիկա մխիթարէ բժիշկը՝ ուսումով, իսկ հիւանդը՝ առողջութեամբ»:
Մխիթար Հերացի իր գիրքը գրեց ոչ թէ գրաբարով, այլ Կիլիկեան հայաստանի խօսակցական լեզուով՝ միջին հայերէնով, այն համոզումով որ գիրքը պիտանի պիտի ըլլար ոչ միայն մասնագէտներուն, այլեւ ժողովրդային լայն խաւերուն համար:
«Ջերմանց մխիթարութիւն» աշխատութեան մէջ Մխիթար Հերացի նկարագրած է դաշտային Կիլիկիոյ ճահճային վայրերուն մէջ տարածուած տենդային հիւանդութիւններու դասակարգման, պատճառագիտութեան, ախտածնութեան, մահճաբուժութեան կանխարգիլման եւ բուժման հարցերուն:
Տենդային հիւանդութիւնները ան բաժնած է երեք խումբի.- «միօրեայ», «բորբոսային», եւ «հալեւմաշ անող»:
Հետաքրքրական է անոր տեսութիւնը յատկապէս «բորբոսային» տենդի մասին, որուն համաձայն այդ տենդը վարակիչ է, իսկ անոր պատճառը մարդու արեան եւ միւս հեղուկներու մէջ գոյացող բորբոսն է, որ կուտակուելով որեւէ օրկանի մէջ այդ հիւանդութիւնը կը յառաջացնէ:
«Բորբոսային» տենդերու տեսակներուն մէջ ան նկարագրած է դողէրոցքը, արիւնավարակական հիւանդութիւնները, ժանտախտը, բնական ծաղիկը, կարմրուկը եւ տիֆը:
Տենդային հիւանդութիւններու անոր դասակարգումը հիմնուած է ոչ միայն ախտաբանական ու պատճառագիտական սկզբունքներու, այլեւ դարմանումի ուսումնասիրութեան եւ հիւանդի մանրակրկիտ հետազօտման վրայ:
Մխիթար Հերացի բուժման ուրոյն համակարգ մը մշակած է, որ հիմնուած է դեղաբուծութեան, սննդաբուժութեան եւ ֆիզիքական եղանակներու վրայ: Լուրջ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է նաեւ հոգեբուժման եղանակներուն եւ ներշնչման, այդ նպատակով օգտագործելով նաեւ երաժշտութիւնը:
Վարակիչ հիւանդութիւններու բուժման նպատակով առաջարկած է շարք մը բոյսեր ու ծաղիկներ՝ վարդ, մանուշակ, շուշան, նունուֆար. պտուղներ՝ նուռ, փշատ, սալոր, եւ խնձոր. բանջարեղէն՝ կուտատուկ, աւելուկ, կոտեմ, ռեհան, եւ ծնեբեկ. վայրի բոյսեր՝ կապար, ուրց եւ մատուտակ: Բժշկութեան մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է ծծումբին եւ թանկարժէք քարերուն:
Մխիթար Հերացի բժշկագիտական բազմաթիւ բառակապակցութիւններ ստեղծեց, որոնք այսօր ալ կը կիրարկուին արդի բժշկական գրականութեան մէջ:
Մեծանուն բժշկապետը շեշտած է փորձառութեան դերը գիտական իմացութեան, յատկապէս բժշկագիտութեան մէջ, եւ առաջարկած է հիւնադութիւններու պատճառները բացատրել փորձառական ճանապարհով:
Մխիթար Հերացի վախճանած է 1200-ին, Հռոմկլայի մէջ:
«Ջերմանց մխիթարութիւն» գիրքը դարեր շարունակ լաւագոյն դասագիրքը եղած է հայ բժիշկներուն եւ բժշկութիւն սորվողներուն համար:
«Ջերմանց մխիթարութիւն»ը առաջին անգամ հրատարակուած է Վենետիկի մէջ՝ 1832-ին, եւ 1955-ին՝ Երեւանի մէջ, ռուսերէն լեզուով, եւ ընդարձակ ծանօթագրութիւններով: