ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Հայկական հիւանդութիւն» (Armenian disease) կոչումը ոչ գիտական է: Այսպէս կոչուած է հայերու կողմէ, որովհետեւ ան յաճախակի երեւոյթ մըն է հայերուն մէջ: Կը կարծուի, որ հայերուն 0.2-1.5 տոկոսը ունի այս հիւանդութիւնը:
«Հայկական հիւանդութեան» բժշկական, գիտական անուանակոչումը հետեւեալն է՝ «միջերկրածովեան ընտանեկան տենդ» (mediterranian familial fever) կամ «պարբերական տենդ» (Periodic disease): Այս գրութեան մէջ շարունակ պիտի գործածեմ «Հայկական հիւանդութիւն» անուանակոչումը հակառակ անոր, որ ան գիտական անուանակոչում չէ:
Այս հիւանդութիւնը կը յայտնուի առաւելաբար Միջերկրական ծովու շրջապատի երկիրներուն մէջ, այսինքն՝ Պաղեստին, Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Թուրքիա, Յունաստան եւ հիւսիսային Ափրիկէի երկիրները: Ան կը յայտնուի նաեւ մերձաւոր արեւելքիկարգ մը երկիրներու մէջ: «Հայկական հիւանդութիւն»ը առաւելաբար տեսնուած հիւանդութիւն մըն է հրեաներու, հայերու, արաբներու, թուրքերու եւ յոյներու մօտ:
Ան հիւանդութիւն մըն է, որ կը փոխանցուի ծինային թաքուն (recessive) ժառանգականութեամբ: Այսինքն, երբ հայր եւ մայր ունին այս հիւանդութեան ծինը (gene), անոնց զաւակներէն իւրաքանչիւրը 25 տոկոսով հաւանականութիւնը կ’ունենայ զարգացնելու այս հիւանդութիւնը: Իսկ երբ ծնողներէն մէկը միայն ունի ծինը, անոնց զաւակները կը ժառանգեն ծինը, սակայն ոչ հիւանդութիւնը:
Ֆրանսացի եւ ամերիկացի ծինաբաններ գտած են անոր պատճառ տուող ծինը եւ եկած են այն եզրակացութեան, որ որոշ ծինային այլափոխութիւն (mutation) տեղի կ’ունենայ թիւ 16 երփնամարմինին (chromosom) վրայ գտնուող մէկ ծինին մէջ:
Վերոյիշեալ ժողովուրդներուն 1/200-րդը կը տառապի այս հիւանդութենէն եւ անոնց 1/5- 1/7-ը կ’ունենայ անոր թաքուն ծինը:
«Հայկական հիւանդութիւն»ը ոչ մանրէական բորբոքում (inflammation) մըն է, որ կը յայտնուի հիմնականօրէն տենդով: Ախտաբանականօրէն մարմինի որոշ օրկաններու շճաթաղանթը (serosa) կ’ախտահարուի եւ տեղի կ’ունենայ շճաթաղանթի ոչ մանրէական բորբոքում (serositis): Ախտահարումը կը յառաջանայ արեան ճերմակ գնդիկներէն՝ նիւթրոֆիլներու (neutrophiles) կուտակումով օրկաններու շճաթաղանթին մէջ:
Մասնաւորապէս կ’ախտահարուին որովայնամիզը (peritoneum), թոքամիզը (pleura), սրտապատեանը (pericardium) եւ յօդապատեանները (synovium): Այս օրկաններու շճաթաղանթները կ’ախտահարուին միասնաբար կամ անջատաբար: Միասնաբար ախտահարումի պարագային կը յառաջանայ բազմաշճաթաղանթաբորբ (polyserositis):
«Հայկական հիւանդութեան» զարգացումի ընթացքին մարմինին մէջ սխալմամբ եւ առատօրէն կ’արտադրուի յատուկ սպիտակուց (protein) մը, որ amyloid կը կոչուի: Այս սպիտակուցը կը կուտակուի որոշ օրկաններու մէջ, մասնաւորապէս երիկամներուն մէջ:
Amyloid-ի կուտակումը երիկամներուն մէջ կը յառաջացնէ երիկամներու քայքայում եւ աշխատանքի թերացում:
«Հայկական հիւանդութիւն»ը կը յայտնուի չորս ձեւերով.
- Որովայնային
- Թոքային
- Սրտային
- Խառն, այսինքն՝ որովայնային, թոքային եւ սրտային միասնաբար:
«Հայկական հիւանդութեան» բոլոր ձեւերը կը բնորոշուին երկարատեւ եւ կրկնուող ընթացքով: Ախտանշանները կը սկսին 5-15 տարիքներուն միջեւ: Յատկանշական ախտանշաններն են շատ մեղմ կամ ուժգին ցաւ եւ անբացատրելի բարձր ջերմ ու դող: Իւրաքանչիւր նոպայի տեւողութիւնը եւ նոպաներու յաճախականութիւնը կը տարուբերին նոյն անձին մօտ: Ամէն մէկ նոպա ընդհանրապէս կը տեւէ 12-72 ժամ եւ կը պատահի ամէն 3 կամ 4 շաբաթը մէյ մը: Կը կարծուի, որ որոշ ազդակներ պատճառ կը դառնան նոպաներուն յառաջացման, ինչպէս՝ ֆիզիքական հարուած (trauma), յոգնութիւն եւ զգացական-հոգեբանական ճնշուածութիւն ու ընկճուածութիւն: Նոպայի մը ընթացքին ենթական կ’ունենայ հիւանդագին ծանր վիճակ:
Որովայնային ձեւը կը յատկանշուի որովայնամիզաբորբի (peritonitis) ախտանշաններով՝ տեղայնական (localized) կամ տարածուն (diffuse) սուր եւ նոպայական փորի ցաւով: Ան յաճախ կը շփոթուի կոյր աղիքի բորբոքումին (appendicitis) հետ: Որովայնային ձեւը ամէնէն յաճախակի տեսնուած ձեւն է:
Թոքային ձեւը կը բնորոշուի թոքամիզաբորբի (pleuritis) ախտանշաններով՝ չոր կամ խխաւոր հազ, շնչահեղձութիւն եւ ջերմ:
Սրտային ձեւը կը բնորոշուի սրտապատեանի բորբոքումի (pericarditis) ախտանշաններով՝ կրծքացաւ, ջերմ եւ դող:
«Հայկական հիւանդութեան» բոլոր ձեւերուն ընդհանրապէս կ’ուղեկցին.
- Յօդապատեանի բորբոքումի ախտանշաններ՝ յօդացաւ եւ յօդերու կարմրութիւն.
- Մորթային կարմրագոյն եւ ուռած ռաշեր (rash) 5-15 սմ. մեծութեամբ, մասնաւորապէս սրունքին յառաջամասը կամ ոտքին վրայ.
- Մկանային ցաւ, որ կը տեւէ 1-2 օր:
«Հայկական հիւանդութեան» ախտաճանաչումը յաճախ դիւրաւ չ’ըլլար: Ախտաճանաչումը կը կատարուի նկատի առնելով.
- Հիւանդին ունեցած ախտանշանները.
- Ծինային մասնագիտական քննութիւններուն արդիւնքները.
- Արեան ճերմակ գնդիկներու, մասնաւորապէս՝ նիւթրոֆիլներու բարձրացումը:
«Հայկական հիւանդութիւն»ը հիմնական դարման չունի, քանի որ ան ծինային հիւանդութիւն մըն է: Սակայն կան միջոցառումներ, որոնք կը մեղմացնեն հիւանդութեան ընթացքը եւ ցաւը:
Այդ միջոցառումներն են.
- Դեղամիջոցներ՝ Cholchicin դեղը, որ օգտակար է ջերմին եւ ցաւին: Անոր գործածութեամբ նոպաներու յաճախականութիւնը զգալիօրէն կը նուազի կամ բնաւ տեղի չ’ունենար: Անիկա նաեւ արգելք կը հանդիսանայ amyloid-ի կուտակումին եւ Amyloidosis-ի զարգացումին: Այս հիւանդութենէն տառապող անհատը շարունակ պէտք է գործածէ Cholchicin-ը: Անիկա ունի իր կողմնակի վնասները, որոնցմէ կարեւորագոյններն են փորհարութիւն, նողկանք եւ փորի փքուածութիւն:
- Մարմնամարզանք
Ինչպէս նշուեցաւ նախապէս, «Հայկական հիւանդութեան» ընթացքին amyloid սպիտակուցի կուտակումով երիկամները կը դադրին գործելէ ու տեղի կ’ունենայ երիկամներու թերացում: Այս պարագային ենթական պարտադրաբար կ’ենթարկուի երիկամներու հերթական տրամալուծումի (kidney dialysis) եւ կամ երիկամներու փոխպատուաստումի (kidney transplant):