ՈՍԿԱՆ ԱԲԵՂԱՅ ԳԱԼՓԱԿԵԱՆ
Մեր մատենագրութեան մէջ, հայ բժիշկներու մասին բաւական քիչ տեղեկութիւններ կան, սակայն Հայաստանի նման բարձր մշակոյթ ունեցող երկիրի մը համար, անկասկած պէտք էր ըլլային նաեւ մասնագէտ բժիշկներ:
Հայ բժիշկի մը մասին առաջին անգամ կը խօսին ասորի նեստորական պատմիչները: Արձանագրելով 612-613 թուականներուն Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած նեստորականներու եւ միաբնակներու միջեւ պատահած վիճաբանութեան պատմութիւնը, անոնք ակնարկութիւն մը կ՚ընեն Գաբրիէլ Դուրուստապետի (բժշկապետ) մասին, որ բաւական մեծ իրաւունքներ կը վայելէր պարսիկ Խոսրով 2րդ արքայի արքունիքին մէջ: Կը պատմուի, որ Գաբրիէլ բժշկապետը ամլութենէ բուժած է Խոսրով արքայի թագուհին՝ Շիրինը, որ ծնած է արքայորդի Մենտան շահը: Այս պատճառով ալ, Գաբրիէլ բժշկապետը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր պարսկական արքունիքին մէջ:
Գաբրիէլ բժշկապետի բժշկական գործերու մասին այլ ակնարկութիւններ չկան. միակ գործը, որ ան կատարած է, անիկա Շիրին թագուհիի բուժումն է, բայց այս մէկ գործն ալ բաւարար է գաղափար մը կազմելու անոր մասին, որպէս բժիշկի: Բժշկապետ կոչուիլը ինքնին արդէն բաւական բան կ՚ըսէ, իսկ թագուհին ամլութենէ բժշկելը կը փաստէ անոր հմուտ բժիշկ ըլլալը:
Բացի բժիշկ ըլլալէ, Գաբրիէլ եղած է նաեւ եկեղեցական գործիչ: Ան գործօն մասնակցութիւն բերած է նեստորականներու եւ միաբնակներու միջեւ տեղի ունեցած վէճերու՝ պաշտպանելով միաբնակները: Գաբրիէլի թելադրութեամբ է, որ Խոսորով 2րդ արքան հալածած է Պարսկաստանի նեստորականները:
Գաբրիէլ բժշկապետէն յետոյ մեր մատենագրութեան մէջ կը յիշատակուին երկու կիներ, որոնք առնչութիւն ունին բժշկութեան հետ՝ Սահակդուխտ եւ Շուշանիկ տիկին: Առաջինին մասին երկար ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք, Թորգոմեան հասած է այն եզրակացութեան, որ Սահակդուխտ եղած է հոգեբուժ եւ երաժշտութեան միջոցաւ հիւանդներ բուժած: Իսկապէս Օրբելեան պատմիչի «Պատմութիւն Տանն Սիսական» աշխատութեան մէջ կը հանդիպինք Սահակրուխտին, որ ծանօթ մատենագիր Ստեփանոս Սիւնեցի եպիսկոպոսին քոյրն է: Օրբելեան հետեւեալը կը գրէ. «Էր եւ սոր (Ստ. Սիւնեցու) քոյր մի՝ ի մանկութենէ ստացեալ զվարս կուսութեան եւ առանձնացեալ ի ձորակին Գառնւոյ յայրին միոջ, եւ անտանելի վարս ճկնութեան կրէր յանձին, որոյ անուն Սահակդուխտ: Սա յոյժ եւ ի ներքոյ վարագուրին նստեալ ուսուցանէր զբազումս: Եւ արար կցուրդս եւ մեղեդիս քաղցր եղանակս յորոց մին՝ Սրուհին Մարիամ, որ իւրով անուամբն է յօրինեալ: Եւ արդէն ի նմին վախճանեալ դնի ի հանգիստ ի յորմէ բազում բժշկութիւնք լինին**»:
Անկասկած, որ Սահակդուխտ եղած է լաւ երաժիշտ մը եւ մեղեդիներ ստեղծագործած է: Հիմնուելով վերի մէջբերումի վերջին տողերուն վրայ, թէ անոր գերեզմանը այցելող հիւանդ ուխտաւորներ բժշկուած են, Թորգոմեան հոգեբուժ կը նկատէ զայն, որ հաւանական է:
Երկրորդը Շուշանիկ տիկինն է, որու մասին կը կարդանք Ղեւոնդ պատմիչի գրած «Արշաւանք արաբաց ի հայս» աշխատութեան մէջ: Վարդանակերտի պատերազմը պատմելով, որ տեղի ունեցած է 703 թուականին, հայերու եւ արաբներու միջեւ, ուր արաբները պարտուած են, Ղեւոնդ պատմիչ կ՚ըսէ, որ այդ պատերազմէն ազատած 300 զինուոր ապաստան գտան Շուշանիկ տիկնոջ մօտ: Շուշանիկ տիկին դուստրն էր Վահան Պատրիկին եւ կինը Ներսեհ Կամսարականի՝ Շիրուանի իշխանին: Վարդանակերտի պատերազմէն յետոյ, 300 արաբ զինուոր ազատելով Սմբատ Բագրատունիի ձեռքէն, ան կը խնամէ զանոնք եւ կ՚ուղարկէ ամիրային: Այս մասին Ղեւոնդ պատմիչ գրած է հետեւեալը. «Յարոց (արաբ զինոււորներ) նուազունք ի փախուստ դարձեալ իբրեւ արք երեք հարիւր՝ ապաւինցին առ տիկին Շուշան: … զկնի հետամու եղեալ Սմբատ՝ որդի Աշոտոյ զօրօքն իւրովք՝ կամէր արկանել զփախստեայսն ի սուր սուսերի: Որում ընդ առաջ ելեալ տիկինն Շուշան՝ բազում աղերսանօք եւ դաշամբք թափէր զնոսա մերկս եւ բոկս եւ հետեւակս եւ վիրաւորս, զորոց արեալ պատէր զվէրս եւ առողջացուցանէր եւ զգեցուցանէր հանդերձիւք: Տայր եւ գրաստս յիւրոց երամակաց, եւ առաքէր առ իշխանն Իսմայելի Աբդլ-Մէլիք, վասն որոչ եւ ի նմանէ բազում շնորհակալութիւն ընկալեալ, եւ մեծ պատիւս առաքէր նմա***»:
Հետեւաբար, Շուշանիկ տիկին մասնագէտ էր բուժելու գործին մէջ, այսինքն բժիշկ էր, այլապէս պատերազի մէջ վիրաւորուածները բուժելու գործը այնքան ալ դիւրին չէ: Շուշանիկ Տիկին նահատակուեցաւ 708ին, Խառանի մէջ, արաբներու ձեռքով:
Հայ մատենագրութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ Յովհաննէս անունով բժիշկ մը, որուն կենսագրութեան մասին ոչինչ գիտենք: Ան կը յիշուի ձեռագրի մը յիշատակարանին մէջ, որպէս Դիոնիսիոս Արիսպակացիի կենսագրութեան թարգմանիչը: Յիշատակարանը հետեւեալն է. «Այս պատմութիւնը սրբոյ Դիոնիսիոսի՝ ի Սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ էր թարգմանեալ ի յունականէն ի վիսիականն, իսկ ի մերս թարգմանեաց Յովհաննէսս բժիշկ, ՅԻԹ թուականին հայոց»: Այլ յիշատակարանի մէջ գրեթէ կրկնուած է նոյնը: Վենետիկի մէջ գտնուած է բժշկական ձեռագիրի մը պատառիկը, որ մարդակազմութեան շուրջ է եւ կը վերագրուի Յովհաննէս բժիշկին:
Բացի վերոյիշեալ չորսէն, կը յիշուին նաեւ երեք այլ բժիշկ՝ Լեւոն, Կոստանդին, Քիեւի իշխան Վլատիմիր Մոնոմախի բժիշկը:
Առաջինը Բիւզանդիոնի մէջ ապրող բժիշկ-փիլիսոփայ էր (9-րդ դար), որուն կենսագրութեան եւ գործերու մասին ոչինչ գիտենք:
Երկրորդը Բիւզանդիոնի Կոստանդին 7-րդ կայսրն է, որ ծագումով հայ էր եւ սերած Արշակունիներէն. ան գրած է բժշկական գիրքեր, որոնք չեն հասած մեզի:
Իսկ երրորդը, 12-րդ դարու Քիեւեան Ռուսիոյ մէջ ապրող հայերէն է: 15-րդ դարէն հասած ռուսերէն ձեռագիրի մը պատառիկին մէջ գրուած է. «Եղած է այդ ժամանակ (12-րդ դար) Քիեւ քաղաքին մէջ բժիշկ ազգութեամբ եւ կրօնով հայ, եղած է շատ հմուտ բժշկութեան մէջ, ինչպէս ոչ ոք իրմէ առաջ եւ եթէ ան գիտցաւ, որ հիւանդը պիտի մահանայ եւ ճշդեց անոր մահուան օրը եւ ժամը, երբեք անոր խօսքը չէր փոխուեր եւ այդպիսով միտք չկար այնուհետեւ բուժել»:
Ասոնք են հայ մատենագրութեան եւ օտար մատենագրութեանց մէջ յիշուած հայ բժիշկները մինչեւ Մխիթար Հերացի:
Որպէս բժշկական գործի հեղինակ մեր մատենագրութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ Ներսէս Լամբրոնացին: Անոր կը վերագրուի «Մարդակազմութիւն» խորագիրով աշխատութիւն մը, բայց այդ մէկը մեզի չէ հասած եւ հարցական է, թէ անիկա իր գործն է կամ օտար հեղինակէ թարգմանութիւն:
* Երիւանր Տ. Մինասեան «Հայ եկեղեցու յարաբերութիւնը ասորաց եկեղեցու հետ», էջ 146:
** Օրբելեան «Պատմութիւն Տանն Սիսական», էջ 182:
*** Ղեւոնդ Պատմիչ «Արշաւանք Արաբաց ի Հայս», էջ 48: