ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ
Հայ բժշկական պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ամիրտովլաթ Ամասիացին, որ իր գիտական պատկառելի վաստակով դարձած է միջնադարեան ժամանակաշրջանի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկը:
Մեծ է Ամիրտովլաթ Ամասիացիի ներդրումը համաշխարհային բժշկագիտութեան զարգացման մէջ: Անոր մտքին արգասիքն են բարձրորակ շարք մը աշխատութիւններ:
***
Ամիրտովլաթ Ամասիացի ծնած է շուրջ 1420-ին, Ամասիա քաղաքին մէջ: Շրջած է Արեւելքի շարք մը երկիրներու մշակոյթի կեդրոնները եւ ծանօթացած ու հմտացած իր ժամանակի գիտական ու մտաւորական շարժումներուն:
Շատ հաւանաբար ան բժշկութիւն սորված է Միջագետքի մէջ: Կը տիրապետէր յունարէնին, լատիներէնին, պարսկերէնին, թրքերէնին ու արաբերէնին: Յատուկ եռանդով ու կեդրոնացումով ուսումնասիրած է հին եւ միջնադարեան բժշկութիւնը, որուն զարգացման նուիրած է գիտական իր ամբողջ տաղանդը:
Ամիրտովլաթ Ամասիացի երկար տարիներ ապրած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր գրած է իր բժշկագիտական գլխաւոր աշխատութիւն-ները:
***
Ամիրտովլաթ Ամասիացի հայ բժշկագիտական գրականութիւնը հարստացուցած է արժէքաւոր երկերով, որոնք կ’ընդգրկեն միջնադարեան բժշկագիտութեան եւ դեղագիտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը:
Իրմէ հասած առաջին աշխատութիւնը՝ «Ուսումն Բժշկութեան», նուիրուած է մարդու մարմնաբանութեան, առողջապահութեան, ախտաբանութեան եւ դեղագիտութեան հարցերուն: Գիրքը ունի երկու մաս. առաջինը՝ մարդակազմութիւնը, երկրորդը՝ ախտաբանութիւնը: Մանրամասն կերպով նկարագրուած են հիւանդութիւններու պատճառագիտութիւնը, դարմանելու կարիքը շեշտող ախտանշանները, հիւանդին բուժումը եւ խնամքը:
Հոգեբուժութեան ասպարէզին մէջ մեծ արժէք կը ներկայացնեն Ամիրտովլաթ Ամասիացիի նշած տեսութիւնները մոլութեան, ցնորամտութեան, մելամաղձոտութեան, ընկճուածութեան, անքնութեան ախտանիշներու եւ հիւանդութիւններու մասին:
Կանացի հիւանդութիւններ եւս Ամասիացիի ուշադրութեան արժանացած են: Մանրամասն կերպով նկարագրած եւ քննած է դաշտանային շրջանառութեան խանգարումներու եւ սեռային գործարաններու խոցերն ու ուռուցքները, չբերութեան կամ ամլութեան պատճառները, մանկաբարձութեան ասպարէզին մէջ՝ արգանդի կառուցուածքը, դերն ու գործունէութիւնը յղութեան եւ ծննդաբերութեան շրջանին:
Ամիրտովլաթ Ամասիացի աչքի հիւանդութիւններուն նուիրած է քսան գլուխ, քիթ-կոկորդականջաբանութեան՝ 15 գլուխ: Մանրամասն կերպով նկարագրած է ականջաբորբերը, քիթի փոլիփները եւ անգինաները:
***
«Ախտապատին»ը Ամիրտովլաթ Ամասիացիի կարեւորագոյն աշխատութիւններէն մէկն է եւ բաղկացած է երկու մասէ. դեղագործութիւն եւ դեղագիտութիւն:
Դեղագործութեան բաժնին մէջ զետեղուած են դեղատոմսեր, մանրամասն նկարագրուած են դեղանիւթերը, անոնց բաղադրութիւնը, օգտագործման քանակը եւ պահպանման միջոցները:
Դեղագիտութեան բաժինին մէջ դրուած են դեղերու անունները, անոնց ազդեցութիւնը մարմիններուն վրայ եւ ցուցմունքներ՝ անոնց օգտագործման մասին:
Ամիրտովլաթ Ամասիացիի ծանօթ եղած են բուսական, կենդանական եւ հանքային ծագում ունեցող դեղերը եւ անոնց բաղադրիչ նիւթերը: Ան օգտագործուող բուսանիւթերը բաժնած է ընտանի եւ վայրի տեսակներու՝ յաճախ նախապատուութիւն տալով վայրի տեսակներուն: Իբրեւ դեղամիջոց առաջարկած է օգտագործել կենդանիներու օրկանները:
Ամիրտովլաթ Ամասիացի պատրաստած է աւելի քան հարիւր դեղատոմս՝ գրուած պարզ լեզուով, զերծ ծածկագիրերէ, եւ յստակօրէն նշուած են դեղատոմսերուն մէջ ընդգրկուած դեղերուն բաղադրիչ նիւթերուն կշռային յարաբերութիւնները:
***
«Օգուտ Բժշկութեան» մեծահռչակ աշխատութիւնը նուիրուած է մարդկային մարմնաբանութեան եւ բնակազմութեան գիտական ուսումնասիրութեան:
Բժշկագիտական այս կարեւոր երկին հիմքը կը հանդիսանայ մարդկային օրկանիզմի ամբողջականութեան գաղափարը, որուն համաձայն՝ մարդու մարմնի բոլոր օրկաններն ու հիւսուածքները, անոնց ձեւը, կառուցուածքը եւ միւս առանձնայատկութիւնները կը նպաստեն ամբողջ օրկանիզմի բնականոն գործունէութեան։
Ամիրտովլաթ Ամասիացի նկարագրած է սրտի, թոքերու, երիկամներու, լեարդի, փայծաղի, ստամոքսի, աղիքներու, միզասեռական օրկաններու ձեւը, կառուցուածքը, դա-սաւորումը, դերն ու նշանակութիւնը: Ան նաեւ նկարագրած է աչքի թաղանթներու կառուցուածքն ու դերը, տեսողական ջիղի ու-ղին:
Իսկ ախտանշանակութեան, մասնաւոր ախտաբանութեան եւ ախտադարմանման ասպարէզին վերաբերեալ Ամասիացի շեշտած է կարեւորութիւնը սրտի զարկերակի ռիթմին եւ յաճախականութեան, մէզի բա-ղադրութեան փոփոխութիւններուն ցուցանիշ տուեալներու ուսումնասիրման՝ տարբեր հիւանդութիւններու ժամանակ:
Իրեն կը պատկանի աւելի քան 514 տարիներ առաջ յայտնագործուած բժշկագիտական այն ախտորոշումը, թէ «Վախը, տրտմութիւնը եւ բարկութիւնը մահաբեր հիւանդութեան պատճառ են»:
Ամիրտովլաթ Ամասիացի գիտական ուսումնասիրութեան նիւթ դարձուցած է նաեւ աստղաբաշխութեան մասին հարցեր:
Մեծանուն հայ գիտնական Ամիրտովլաթ Ամասիացի մահացած է 8 Դեկտեմբեր 1496-ին, Պուրսայի մէջ:
Ամիրտովլաթ Ամասիացի աննման մեծութիւն է, հայ գիտական միտքի կարկառուն փարոս մը, որ յաջողեցաւ յաղթահարել միջնադարեան խաւարը եւ բժշկագիտութեան անդաստանին մէջ ունեցաւ պատկառելի վաստակ մը: